Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/638

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դափթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան. Թէքէեան, Համըմեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Ձօպանեան. Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Կազմական Կանոնագրի

Յանձնաժողովին

3. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ատենագրութիւն

Կարդացուեցան եւ վաւերացուեցան Յունիս 11-ի, 12-ի, 14-ի եւ 15-ի նիստերուն ատենագրութիւնները.


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան հարցուց Պատուիրակութեան ներկայ անդամներուն, թէ արդեօք ներկայացուած բանաձեւերուն նկատմամբ խորհրդակցեցա՞ն Պատուիրակութեան Նախագահին հետ, եւ խնդրեց, որ յայտնեն, թէ այդ բանաձեւերէն ո՞րը ընդունելի է իրենց, որպէսզի անմիջապէս քուէարկութեան ձեռնարկուի եւ ւիակուի այս խնդիրը:

Տիար Արշակ Չօպանեան, յանուն Պատուիրակութեան, պատասխանեց, թէ Պատուիրակութիւնը ազատ կը թողու Համագումարը, բանաձեւերուն քուէարկութեան մասին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Արդեօք Պատուիրակութիւնը բոլոր բանաձեւերն ալ հաւասա՞ր կը նկատէ:

Տիար Չօպանեան. Անշուշտ Պատուիրակութիւնն ունի իր նախասիրութիւնը, բայց միաձայնութեամբ որոշեց չյայւոնել, որպէսզի ժողովը իր ազատ կամքով քուէարկէ իրեն յարմարագոյն թուած բանաձեւը: Քուէարկուելիք բանաձեւէն կախուած է Պատուիրակութեան մնալը կամ չմնալը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Դիտել կուտամ, թէ Պատուիրակութեան անունով եղած այս յայտարարութիւնը լուծում մը չէ, ընդհակառակը՝ Համագումարը կը մատնէ այն անորոշութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր նախորդ նիստին:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Յայտնի է, կերեւայ, որ Պատ.-ը այսօր ժողով ունեցեր եւ որոշեր է, թէ բանաձեւերէն ո՞րը կը նախընտրէ. բայց չեն ուզեր ըսել որպէսզի չկարծուի, թէ ճնշում կը բանեցնեն ժողովին վրայ: Բայց այս ճնշումը երէկուընէ եղած է արդէն:

Տիար Հանըմեան. Քանի որ Պատուիրակութիւնը կը փափաքի վստահութեան արտայայտութիւն մը ունենալ, պէտք էր, որ ինք ըսեր, թէ ներկայացուած բանաձեւերէն ո՛րը կը նախընտրէ՝ նկատելով զայն իբր վստահութեան արտայայտութիւն, ինչպէս կըլլայ բոլոր խորհրդարաններու մէջ:

Վիճաբանութիւնը շարունակուեցաւ այս կէտին շուրջ, եւ Պատուիրակութեան անդամները հաստատ մնացին իրենց պահանջման վրայ: Ի վերջոյ, Տխսր Տէօվլէթեան ըսաւ, թէ նոյն առտուն իսկ տեսնուած էր Վսեմ. Փաշային հետ. եւ Փաշան չէր ծածկած իրմէ, թէ Պատուիրակութիւնը պիտի գոհանայ՝ եթէ երբեք Համագումարը քուէարկէ այն