Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/639

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բանաձեւը, որ ստորագրուած էր Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսի, Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեանի եւ իր կողմէ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Եթէ չեմ կրնար լիակատար կերպով մը, գոնէ կրնամ չափով մը լուսաբանել ժողովը: Ձեր բանաձեւերը կրկնակ նշանակութիւն ունին, մէկը Պատուիրակութեան անցեալ գործունէութեան կը վերաբերի, միւսը՝ անոր յառաջիկայ պաշտօնավարութեան: Ինծի համար ապագայի խնդիր չկայ, որովհետեւ ըսած եմ արդէն, թէ հրաժարականս վերջնական պիտի ըլլայ, երբ Համագումարը արտասանէ անցեալի գործունէութեան մասին իր վճիռը, ինչ ալ ըլլայ անիկա: Պատ.-թիւնը ընտրուած է մինչեւ Համագումարի նոր նստաշրջանը գործելու եւ իր համարատուութիւնը ներկայացնելու համար: Այդ է որ կատարեցինք, եւ Համագումարին կը մնայ այժմ յառաջիկային համար նոր ուղեգիծ տալով՝ ընտրել նաեւ նոր Պատոփրակութիւն մը, որան մէջ նախորդ անդամներն ալ կրնան մտնել՝ անոնք, որոնց մասնակցութիւնը կը փափաքէի եւ որոնք կը յօժարին: Իսկ թէ ներկայացուած բանաձեւերէն ո՞րը կրնայ Պատ.-թեան անդամներուն թոյլ տալ նոր Պատ.-թեան մէջ կրկին մտնելու, անշուշտ այն բանաձեւն է, որ Պատ.-թեան գործունէութեան հաւանութիւն կը յայտնէր: Պէտք չէ ասկէ հետեւցնել, սակայն, թէ այդ հաւանութիւնը ամբողջ Պատ.-թեան համար իր պաշտօնը շարունակելու պարտադրութիւն մը կենթւնդրէ:

Համագումարը որոշեց յաջորդաբար անուանակւսն քուէարկութեան ենթարկել ներկայացուած երեք բանաձեւերն ալ, սկսելով այն բանաձեւէն, զոր ստորագրած էին Տիարք Տոքթ. Բարսեղեան, Պգտիկեան ել Հանըմեան: Խնդիր եղաւ, թէ Պատուիրակութեան անդամները կրնա՞ն մասնակցիլ քուէարկութեան: Որքան ալ ըսուեցաւ, թէ խորհրդարանական օրէնքներու հիման վրայ՝ Պատուիրակութեան անդամները կրնան քուէ տալ, թէ՛ Տիար Արշակ Չօպանեան եւ թէ՛ Տիար Վահան Թէքէեան յայտարարեցին, որ չպիտի մասնակցին քուէարկութեան: Միւս կողմէ, եղած հարցումներու վրայ, ըսին, թէ Պատուիրակութեան փափաքն է, որ քուէարկութեան հիմ բռնուի ո՛չ թէ քուէներու առաւելագոյն թիլը, այլ՝ ներկայ եղող պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը: Ել այդ հիմամբ 13 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ քուէի դրուեցաւ Տիարք Տոքթ. Բարսեղեանի, Պզտիկեանի եւ Հանըմեանի բանաձեւը.

«Ագգ. Համագումարը, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը մէկ տարուան իր գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր թեր ու դէմ քննադատութիւններն ու գնահատումները, լսելով նաեւ Ագգ. Պատուիրակութեան Նախագահին եւ անդամներուն պատասխան-բացատրութիւնները, վերջացած կը նկատէ այս հարցը եւ կ՛անցնի օրակարգի յաջորդ խնդրին»:

Այս բանաձեւը քուէարկութեան դրուելով՝ ստացաւ միայն երեք քուէ /Տիարք Բարսեղեան, Հանըմեան, Պգտիկեան/:

Յետոյ քուէի դրուեցաւ Տիար Տէր-Ստեփանեանի բանաձեւը.

«Համագումարը, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը, անոր շուրջ փոխանակուած քննադատութիւններն ու պատասխանները, եւ նկատելով, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ներքին ու մանաւանդ արտաքին շատ դժուար կացութեան մը առջեւ գտնուած է իր գործունէութեան ընթացքին, կը գնահատէ ընդհանրապէս անոր աշխատանքն ու ջանքերը եւ կ՛անցնի օրակարգին»:

Այս բանաձեւն ալ ստացաւ միայն երկու քուէ /Տէրպէտէրեան եւ Տիար Տէր- Ստեփանեան/:

Ի վերջոյ քուէի դրուեցաւ փոփոխում տրուելով Ամեն. Դուրեան Արքեպ ի եւ Տիարք Ֆնտգլեանի եւ Տէօվլէթեանի բանաձեւը.

«Համագումարը լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան անցեալ պաշտօնավարոլթեան համարատուութիւնը, անոր նկատմամբ եղած քննադատութիւնները ել Պատուիրակութեան Նախագահին տուած բացատրութիւնները, գնահատելով Ն. Վսեմութեան եւ իր պաշտօնակիցներուն