Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/640

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անխոնջ ջանքերը ու գործունէութիւնը եւ յայտնելով իր վստահութիւնը՝ կանցնի օրակարգին»:

Այս բանաձեւը ստացաւ եօթ քուէ, /Ամեն. Դուրեան Արքեպ.. Տիարք Թէրզիպաշեան, Մսըրլը Պօղոս Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Սինապեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան՝ մեծամասնութիւնը ներկայ տասներեք պատգամատրներուն:

Տիար Դաւիթ-Բէկ ձեռնպահ մնաց երեք քուէարկութեանց ալ ընթացքին: Նախ. Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յոյս յայտնեց, որ այս քուէարկութեամբ այլեա կը փակուի Պատուիրակութեան հրաժարականի խնդիրը, եւ հակիրճ ամփոփումը ըրաւ այն աշխատութեանց, որոնք կը մնան Համագումարին:

Ատոնց մէջ առաջինն է թրքական դաշնագրին քննութիւնը, որ առաջ կը տարուի թէ՛ Ազգ. Պատուիրակութեան եւ թէ՛ Համագումարին կողմէ նշանակուած յանձնաժողովներուն միջոցաւ:

Երկրորդ խնդիր մը՝ Ազգ. Պատուիրակութեան վերակազմութեան կամ անոր տրուելիք նոր տիրէքթխներու հարցն է: Վսեմ. Նախագահը ժողովին յանձնարարեց, որ մասնաւոր յանձնաժողով մը գումարուի այդ տիրէքթիւները ուսումնասիրելու համար:

Երրորդ խնդիր մը՝ Կիլիկիոյ կացութեան հարցն է, որու մասին Վսեմ. Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Պատուիրակութիւնը շուտով կը ներկայացնէ իր առաջարկները Համագումարին:

Ուրիշ գլխաւոր խնդիր մը՝ մանտայի հարցն է, որուն նկատմամբ, Համագումարի նախորդ նստաշրջանին որոշման համաձայն, պատրաստուած էին կարգ մը օրինագիծեր, որոնց այլեւս պէտք չէ մնացած, քանի որ պայմանները փոխուած են անկէ ի վեր եւ Հայաստան մանտաթէր չպիտի ունենայ այն ձեւով, ինչպէս որ կենթադրուէր անցեալ տարի Ազգերու Ընկերակցութեան Դաշնակցութեան 22-րդ յօդուածին հիման վրայ: Բայց եւ այնպէս, ըսաւ Ն. Վսեմութիւնը, կրնանք այդ օրինագիծերը իբր նախագիծ ներկայացնել հայկական կառավարութեան նկատառման: Իսկ մանտայի հարցին նկատմամբ վերջնական որոշման մը յանգելու համար, Ն. Վսեմութիւնը այն յայտնեց, որ Պատուիրակութեան առաջարկին պէտք է սպասել: Ն. Վսեմութիւն ժողովը հաւանութիւն յայտնեց այս առաջարկին, որով կազմական կանոնագրեր տեղեկագրին խնդիրը վերցաւ օրակարգէն:

Տիար Տէր-Ստեփանեանի առաջարկին վրայ, որոշուեցաւ Պատուիրակութեան ապագայ տիրէքթիւներու մասին նախ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը կատարել եւ վերջէն կազմել անոնց ուսումնասիրութեան համար յանձնաժողով մը, որպէսգի այս վերջինը Համագումարին տրամադրութեանց տեղեկանայ եւ որոշ ուղղութիւն մը ունենայ իր աշխատութեան նկատմամբ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ի վերջոյ շեշտեց այս բոլոր աշխատութիւնները կարելի եղածին չափ շուտով լրացնելու անհրաժեշտութիւնը, նկատելով, որ պատգամատրներէն շատերը եկած են հեռաւոր տեղերէ, եւ անհամբեր են վայրկեան մը առաջ իրենց գործին գլուխը դառնալու:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Վսեմ, Նախագահին ակնարկած պատգամատրներէն մէկն ալ ես եմ: Կը ցափմ, որ ստիպուած եմ վաղն իսկ մեկնիլ Անգլիա, որով այլեւս չպիտի կրնամ մասնակցիլ Համագումարիդ աշխատութեանց: Շատոնց պիտի մեկնէի արդէն, բռնադատուած հարկեցուցիչ պատճառներէ, բայց եղած պնդումներու վրայ՝ մնացի, ինչ որ սակայն դժբախտաբար, այլեւս անկարելի է այսօր: Չեմ կարծեր, որ իմ մեկնիլս զգալի դառնայ ժողովիդ, որովհետեւ կը յոաամ, որ իմ թանկագին ընկերս՝ Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան, սիրով պիտի փոխանորդէ ինծի, ամեն անգամ, որ Անգլիոյ հայոց անունով յայտարարութիւն մը ընելու պէտք ծագի:

Չբաժնուած՝ կուզեմ քանի մը խօսք ընել պաքթ. ժողովիդ, այն յոյսով, որ ձեր ամէնուդ զգացմանց թարգմանը եղած պիտի ըլլամ:

Մենք հաւատացած ենք ու կը հաւատանք մէկ եւ անբաժանելի Հայաստանի մը ... անկաշկանդ ու անկախ, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ բացարձակ տէր իր իրաւանց: Մենք կը