Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/641

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հաւատանք ունենալ այնքան իրատւնք Երեւանի Հանրապետութեան ստեղծման եւ պահպանման գործին մէջ, որքան իր այսօրուան ներկայացուցիչները: Առանց ամբողջական հայութեան ջանքերուն ու օգնութեան, առանց մանաւանդ համերաշխ գործակցութեան, կարելի չէ, որ մեր ճակատագրին տէր դառնանք: Ասոնք կըսեմ ամէնախոր համոզումով, մտաբերելով ազգիս զարգացման ու բարգաւաճման պատմութիւնը. որ է՛ն առաջ այս ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ մեզի: Երկու Պատուիրակութիւնները պէտք է միանգամ ընդ միշտ հասկնան, որ եթէ եղբայրական սէր, ներող ոգի, փոխադարձ զիջողութիւն չըլլայ, բացարձակապէս անկարելի կը դառնա) համերաշխ գործակցութիւնը, եւ մեր ազգին արդար դատը, որուն յաջողութեան ակնդէտ կը սպասէ ամբողջ հայութիւնը, որ ցրուած է աշխարհի բոլոր մասերում մէջ, վերջնականապէս կորստեան կը մատնուի: Արդէն իսկ շատ բան տուժեցինք անհամերաշխութեան, անմիաբանութեան ձեռէն, ինչպէս մեր նախնիքը տուժած են անցեալի մէջ: Մեր ձախողութիւններէն շատերում բուն պատճառը ատ է: Ի զուր այդ ձախողութեանց պատասխանատուներ կը փնտռենք: Յանցանքը գլխաարաբար մեր անմիաբանութեան վերագրելի է: Յանուն Անգլիոյ հայ գաղութին, որա ներկայացուցիչներէն մէկն ըլլալու պատիւն ունիմ Համագումարիս մէջ խոնարհաբար ու թախանծանօք կոչ կընեմ Պատուիրակութեանց իւրաքանչիւր անդամին հայրենասիրական գգացմանց, որպէսգի մոռնալով անցեալը, սուրբ գործին փարին նոր ոգուով ու ջերմեռանդութեամբ, յիշելով անմահ Պէշիկթաշլեանի՝ մեգի կտակած խօսքերը.

«Տո՛ւր ինձ քո ձեռքը, եղբայր ենք մենք,
Որ մըրըրկաւ էինք գատուած,
Բախտին ամեն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր դրուին ի բաց:
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանծկալի եղբայր անուն»:

Համագումարը հաւանութեան ձայներով իր համամտութիւնը յայտնեց Տիար Տէօվլէթեանի:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորաաունկեան արտասուաթոր ձայնակցեցաւ Տիար Տիրան Տէօվլէթեանի, մաղթելով, որ բանաստեղծին ըղձանքը իրականանայ ազգին մէջ այս դժուարին րոպէին, երբ այնքան անհրաժեշտ է ընդհանուրին համագործակցութիւնը ընդհանուր ազգին դատին փրկութեան համար:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 64, թթ. 14-23: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԹ

18 Յանիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Տամաւոեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Ֆնտգլեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Վերակագմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

2. Տեղեկագիր Դաշնագրի Քննութեան Յանձնաժողովին