Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/642

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատենագրութիւն

Կարդացուեցաւ Յունիս 16-ի նիստին ատենագրութիւնը եւ վաւերացուեցաւ:

1. Զեկուցում Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշան Նուպարի, հատուցման խնդրին նկատմամբ:

Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար յիշեցուց ժո զովին Տիար Թէրզիպաշեանի այն քննադատութիւնը, թէ հայերը կրնային հատուցում ստանալ Գերմանիայէն, բայց Պատոփրակութեան անփութութեամբ չէ ստացուեր. յիշեցուց նաեւ իր խոստումը, թէ այս խնդիրը, որուն նկատմամբ ինք անձնապէս բոլորովին հակառակ կարծիք մը ուներ, պիտի ենթարկեր յայտնի իրաւագէտի մը խորհրդակցութեան: Ն. Վսեմութիւնը ըսաւ, թէ երկու յայտնի հրաւէրներ Բրօֆ. Պարթէլէմի եւ Պ. Մանտէլշթամ, որոնց խորհրդակցութեան դիմուեցաւ այդ մասին, Տիար Թէրզիպաշեանի թեզին հակառակ կարծիք յայտնած էին արդէն, եւ թէ այս անգամ ալ դիմած էր երրորդ իրաւագէտի մը՝ Պ. տը լա Բրատէլի, անոր ուշադրութեան ներկայացնելով նաեւ նոյն ինքն Տիար Թէրզիպաշեանի կողմէ այս խնդրին նկատմամբ եղած առարկութիւնները պարունակող հետեւեալ հարցարանը.

Հարցարան Տիար Ա. Թէրզիպաշեանի՝ Գերմանիայէն տուգանք ստացուելու խնդրին նկատմամբ

Հայկական Հանրապետութիւնն ու Թուրքիոյ հայերը իրաւունք ունի՞ն հատուցում պահանջելու Թուրքիայէն ու Գերմանիայէն:

Հայկական Հանրապետութիւնը իրաւունք ունի՞ մաս մը պահանջելու այն հատուցումէն, զոր Գերմանիա, Վերսայլի Դաշնագրին տրամադրութեան համաձայն, պիտի ընէ Դաշնակից պետութեանց:

Տիար Թէրգիպաշեան հետեւեալ առարկութեանց վրայ կը հիմնուի հաստատական պատասխան տալու համար այս երկու հարցումներուն.


Առաջին հարցման մասին.

1. Թուրքիոյ հայերը, 1914-ին, Դաշնակից պետութիւններէն մէկուն գրաւոր յանձնառութեանց հետեւանքով հայ պետերու հրամանին տակ գտնուող վաշտեր կազմած են ռուսական հողին վրայ եւ կռուած են թուրքերուն դէմ:

2. Պ. Բիշոնի այն ատեն արտաքին գործոց նախարար մէկ շիֆրէ հեռագրին վրայ Թուրքիոյ հայերը Թուրքիոյ մէջ կազմած են զինեալ ոյժեր, որոնք Դաշնակիցներու ելեւմտական ու զինոտրական աջակցութեան շնորհիւ, կռուած են թուրքերու դէմ:

3. Թուրքիոյ հայերը, հակառակ թուրքերու կողմէ եղած շլացուցիչ խոստումներու, մերժած են անոնց հետ ձեռք-ձեռքի տալ, եւ ինչպէս ըսուեցաւ, արդէն զինոտրական օգնութիւն ընծայած են Դաշնակիցներուն:

4. Թուրքիոյ հայերը, հենց այս ընթացքին պատճառաւ, ենթարկուած են խմբական կոտորածներու, տեղւսհանութեանց Եւ ամէնէն զարհուրելի վայրագութեանց, զորս պատմութիւնը արձանագրած ըլլայ երբեք:


Երկրորդ հարցման մասին