Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/643

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Ռուսական Կայսրութիւնը մաս կը կազմէր Համաձայնական Դաշնակից պետութեանց, եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ Լենինի Յեղափոխութիւնը. Առանց այս յեղափոխութեան, Ռոաիա ալ պիտի մասնակցէր հաշտութեան դաշնագրին եւ իր բաժինը պիտի ստանար գերմանական հատուցումէն: Հայաստան չհետեւեցաւ պոլշեփկ շարժման, այլ՛ շարունակեց կռուիլ Համաձայնութեան կոդքին. այս վերջինին կողմէ զէնքով եւ ռազմամթերքով օժանդակաթիւն եղաւ իրեն: Հայաստան պահած է ուրեմն իր պատերազմիկ դաշնակցի հանգամանքը. Հայաստան 20000 հոգի կորսնցուց, առանց հաշուելու վիրաւորները եւ հաշմուածները: Այս իրողութիւնները ինքնին կը հաստատեն, թէ Հայաստան իրատւնք ունի արդար հատուցում մը ստանալու:

2. Պէտք է մտաբերել, որ Գերմանիոյ հետ զինադադար կնքուելէն առաջ իսկ Հայաստան ինքզինքը անկախ հռչակած էր 1918 Մայիս 28-ին, եւ այս անկախութիւնը ճանչցուած է Թուրքիոյ կողմէ՝ այս վերջինին եւ Հայաստանի միջել կնքուած դաշնագրով:

3. Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջել կնքուելիք դաշնագրին ծրագիրը կը հաստատէ այն սկզբունքը, թէ Դաշնակից պետութիւնները իրատւնք ունին Թուրքիայէն փոխարինութիւններ պահանջելու, այդ ծրագիրը նոյն ատեն կը հռչակէ Հայկական Հանրապետութեան՝ Դաշնակից պետութեան հանգամանքը: Փոխարինութեան սկզբունքը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, թէ Թուրքիա Գերմանիոյ եւ Աւստրիա- Հունգարիոյ հետ ընկերակցած է այս պետութեանց կողմէ յայտարարուած պատերազմին մէջ. այս երեք պետութիւնները համերաշխաբար պատասխանատու նկատուած են:

Արդ, այն միեւնոյն սկզբունքը, որ կը հռչակէ Հայկական Հանրապետութեան իրաւունքը Թուրքիայէն փոխարինութիւններ պահանջելու, պէտք է ընդունի նաեւ Հանրապետութեան իրաւունքը՝ Գերմանիայէն փոխարինութիւն պահանջելու եւ իր բաժինը ստանալու այն հաւաքական հատուցումէն, զոր այս վերջին պետութիւնը պիտի վճարէ:

4. Հայկական Հանրապետութիւնը միջոց մը հաշտութեան կնքեց Թուրքիոյ հետ, բայց ամեն մարդ գիտէ, թէ բռնադատուած եւ ստիպուած էր այդպէս ընելու: Ինչպէս Ռումանիոյ հարկադրուած հաշտութիւնը արգելք մը չեղաւ, որ այս պետութիւնը Դաշնակից չհռչակուի եւ չմասնակցի Խաղադութեան Դաշնագրին, այնպէս ալ այն հաշտութիւնը, զոր Հայկական Հանրապետութիւնը ստիպուած էր կնքելու, պէտք չէ որ փաստ դառնայ իրեն դէմ:

Այս բոլոր պատճառներով Տիար Թէրզիպաշեան կը կարծէ, թէ Թուրքիոյ հայերն ու հայկական- պետութիւնը, իրաւունքի եւ արդարութեան տեսակէտով, կրնան պահանջել եւ ստանալ պատերազմական հատուցում մը, ինչպէս Վերսայլի Դաշնագրին մասնակցած պետութիւնները, ինչպէս արդէն Համաձայնութեան պետական մարմինները հռչակած են բազմիցս իրենց յայտարարոլթիւններով:

Այս հարցարանին ընդունումէն ետք, Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար ժողովին հաղորդեց հարցարանին նկատմամբ Պ. տը լա Բրատէլի հետ փոխանակուած նամակները, որոնք կարդացուեցան:

Ա. Նամակ Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպարի առ Պ. տը լա Բրատէլ.

Փարիզ, 12 Յունիս 1920

Պ. տը Լա Բրատէլ,

2, Rue Lacourbe, 2

Paris.

Սիրելի Պ. տը լա Բրատէլ,

Ձեզի կը ղրկեմ ստորեւ նշանակուած գիրերը, որոնց մասին խօսած էինք մեր երէկուան տեսակցութեան ընթացքին.