Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/644

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Պատճէն այն նամակին, որով Դաշնակից կառավարութեանց ծանուցին Հայաստանի անկախութիւնը.

2. Պատճէն բրիտանական կառավարութեան պատասխանին: Միլս կառավարութիւնները չեն պատասխանած:

3. Պատճէն Խաղաղութեան Վեհաժողովի այն նամակին, որ կը վերաբերի Հայկական Հանրապետութեան ճանաչման:

4. Պատճէն Ֆօրէյն Օֆիսի մեկ նամակին, որ կը պաքթանի այդ միեւնոյն ճանաչման:

Անոնց կը կցեմ պզտիկ ծանօթագիր մը՝ պատրաստուած մեր Համագումարին անդամներէն մէկուն կողմէ, որ այն կարծիքն ունի, թէ իրաւունք ունէինք բաժին մը ստանալու գերմանական հատուցումէն եւ որ խնդրեց ձեզի ներկայացնել այն առարկութիւնները, որոնք պարզուած են այդ ծանօթագ՜լփն մէջ:

Ընդունեցէք, սիրելի՝ Պ. տը լա Բրատէլ, իմ ամէնէն անձնուէր զգացմանցս ու մեծարանացս հաւաստիքը:

Պօդոս Նուպար

Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար. Պ. տը լա Բրատէլի պատասխանին մէջ, զոր ստացայ, բնաւ ակնարկութիւն չէր եղած Տիար Թէրզիպաշեանի հարցումին նկատմամբ: Կարծելով, որ մոռցած է զայն նկատողութեան առնելու, իրեն գրած երկրորդ նամակիս մէջ անգամ մըն ալ իր ուշադրութեան ներկայացուցի Տիար Թէրզիպաշեանի հարցարանը, ինչպէս արդէն պիտի տեսնուի նամակիս ընթերցումէն:

Բ. Նամակ Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպարի առ Պ. տը լա Բրատէլ.

Փարիզ, 15 Տունիս, 1920

Պ. տը լա Բրատէլ,

2, Rue Lacourbe, 2

Paris.

Սիրելի՝ վարպետ,

Կը փութամ ձեզի ղրկելու երկու մատնագրուած օրինակները ծեր նոյնքան նշանաւոր խորհրդակցության գրին, որուն համար կը խնդրեմ, որ ընդունէք իմ ամէնաբուռն շնորհակալութիւններս:

Կը վախնամ, որ սխալներ սպրդած ըլլան մատնագրութեան մէջ. այս պատճառաւ՝ երկու օրինակ կը ղրկեմ ձեզի, եւ կը խնդրեմ, որ անոնցմէ մէկը եթէ պէտք կայ արտագրելէ վերջ ստորագրէք եւ ինձի դարձնէք ու միւսն ալ պահէք ձեր մօտ:

Շնորհապարտ պիտի մնամ ձեզի, եթէ նոյն ատեն յայտնէք, թէ արդեօք ձեր խորհրդատուութեան գիրը խմբագրած ատեննիդ նկատողութեան առի՜ք այն հարցարանը, զոր ձեզի ղրկեցի Շաբաթ օր, եւ որուն մէջ, ինչպէս ըսած էր Ազգ. Համագումարի մեր պաշտօնակիցներէն մէկը՝ Տիար Թէրզիպաշեան, Հայաստանի իրաւունք կու տար բաժին մը ստանալու գերմանական հատուցումէն:

Որովհետեւ այդ հարցարանը չէ յիշատակուած Ձեր խորհրդատուութեան մէջ, պիտի ուզէի ամեն կասկած բառնալ այդ մասին, հետեւաբար շատ շնորհապարտ պիտի մնամ Ձեզի, եթէ զայն յիշատակէք կա՛մ ձեր խորհրդատուութեան գրին մէջ եւ կա մ այն գրաւոր պատասխանին մէջ, զոր պիտի Դուք ինծի տաք նամակով, որպէսզի կարենամ անոր նկատմամբ տեղեկութիւն տալ Համագումարին:

Ընդունեցէ ք, սիրելի՝ վարպետ, իմ ամէնաանձնուէր զգացմանցս հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Վսեմ Պօղոս Փաշա Նուպար. Պ. տը լա Բրատէլ, ստիպուած ըլլալով նոյն իրիկունն իսկ մեկնիլ, հետեւեալ նամակը ղրկեց ինծի, նամակ, որուն մէջ, ինչպէս