Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/650

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տիրէքթիւները կազմել, այլ՝ նախ տիրէքթիւները սահմանել եւ յետոյ Պատուիրակութիւնը ընտրել:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ես ալ այդ կարծիքին էի նախապէս, եւ, ըստ իս՝ տրամաբանական ալ կը թուէր ատիկա, որովհետեւ տիրէքթիւները պէտք է ուսումնասիրել անձնական նկատումներէ անկախաբար: Բայց այս առտուն մեր տեսակցութեան ընթացքին Համագումարին Վսեմ. Նախագահը հակառակ տեսակէտը պաշտպանեց եւ իր մէջ բերած նկատումները համոզիչ երեւցան ինծի:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Մեզի համար արդէն Պատուիրակութեան ընտրութեան հարց չկայ, այլ՝ տիրէքթիւի հարց: Պատուիրակութեան հարցը վճռուած է, քանի որ վստահութեան քուէ տուինք իր մասին: Այդ վստահութիւնը լոկ անցեալին համար չէր, այլ՝ նաեւ ապագայի համար:

Տիար Ա. Չօպանեան. ճիշդ է, որ այդ վստահութիւնը կրնայ նկատուիլ նաեւ ապագայի համար տրուած, բայց ինչպէս Վսեմ. Նախագահը, ես ալ յոգնած եմ շատ, անհնար է, որ կարենամ անցեալին պէս աշխատիլ: Համամիտ եմ Պատուիրակութեան Նախագահին, որ այս ահաւոր րոպէին, որ այնքան մեծ ճիգեր եւ որքան անդուլ ու սպառիչ աշխատութիւն մը պէտք է մեր դատին համար, անհրաժեշտ է, որ ուժեղ տարրերով Պատուիրակութիւն մը կազմուի. Պատուիրակութիւն որուն անշուշտ նախագահ կը մնայ դարձեալ Փաշան:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Պատուիրակութեան լրացմա ն հարց կրնայ ըլլալ, բայց ոչ ընտրութեան: Կարծեմ Համագումարը կրնայ իր կողմէ խնդրել Վսեմ. Տիար Նորատունկեանի, որ իբր Համագումարի Նախագահ՝ գործակցի Փաշային, որովհետեւ հասած ենք անանկ րոպէի մը ուր ամէնքս ալ, ոեւէ նկատում մէկ կողմ թողելով, պէտք է կատարենք գերագոյն հայրենասիրական պարտք մը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բայց Համագումարը, այս որոշումը տալէն քիչ ետքը պիտի բաժնուի: Այն ատեն ի՞նչ պիտի ըլլայ իր նախագահին դիրքը: Անշուշտ չի կրնար պահել գոյութիւն չունեցող Համագումարի մը նախագահութիւնը: Ես շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթէ Վսեմ. Նորատունկեան էֆենտի, ինչպէս արդէն այստեղ ըսի, ինչպէս իրեն ալ ըսած եմ անձնապէս Փոխանակ իբր Համագումարի Նախագահ մասնակցելու Պատուիրակութեան, ուղղակի իբր անդամ մտնէ անոր մէջ: Եթէ պէտք ըլլայ, որ անպատճառ մնամ Պատուիրակութեան մէջ, կը մնամ, բայց ըսի արդէն, թէ մնալով հանդերձ, չպիտի կրնամ տալ անհրաժեշտ աշխատութիւնը, որն այլեւս անհնար է ինծի՝ առողջական վիճակիս բերումով: Որպէսզի կարենամ մնալ, աշխատակից մը պէտք է ինծի, աշխատակից մը որ, ստանձնէ գործնական նախւսգահութիւնը, մինչդեռ ես անուանապէս կը պահեմ նախագահի տիտղոսը: Սնանկ որ՝ եթէ յանկարծ ոյժերս չներեն եւ ստիպուիմ հրաժարիլ, յաջորդս պատրաստ կըլլայ եւ պէտք չի մնար նոր համագումար հրաւիրելու: Այս մտածմանը միայն փափաքեցայ, որ Ն. Վսեմութիւնը Պատուիրակութեան մէջ մտնէ, առանց նոյնիսկ Պատուիրակութեան վերակազմութեան այս խնդրին քննութեան սպասելու:

Տիար Մսըրլը Պէյ. Եթէ Նորատունկեան էֆ. հաւանի Պատուիրակութեան մէջ մտնել, պիտի ուզէի՞ք պահել Պատուիրակութեան նախւսգահութիւնը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա. Կը պահեմ, քանի որ այդ է ամէնուս փափաքը, կը պահեմ եւ ոչ թէ սոսկ etiquette-ի համար: Կ՚աշխատիմ որքան ատեն որ ներեն ոյժերս, այն մտքի հանդարտութեամբ, որ եթէ յանկարծ չկարենամ այլեւս տոկալ, յաջորդս պատրաստ է եւ, իմ քաշուելով, Պատուիրակութիւնը չի քայքայուիր:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Քանի որ խնդիրը իմ անձիս շուրջ կը դառնայ, պէտք է այս մասին լուսաբանեմ Համագումարդ:

Խորապէս ազդուած եմ այն պատուաբեր առաջարկէն, զոր թէ՛ Ն. Վսեմութիւնը եւ թէ՛ Համագումարը ըրիք զանազան առիթներով: Բայց քանի-քանի անգամ որոշապէս ըսի, թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ մասնաւոր տեսակցութեանց մէջ, Ն. Վսեմութեան ալ կրկնեցի մեր տեսակցութեանց ընթացքին, որ ինծի համար բացարձակապէս