Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/651

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անկարելի է մասնակցիլ Պատոփրակութեան ու գործուն դեր ստանձնել: Ասիկա իմ կողմէս Պատոփրակութեան տրուելիք ոեւէ օժանդակութեան մերժում մը չէ: Գիտէք, թէ ինչ-ինչ առիթներու մեջ երբ կոչում Եղաւ ինծի, կրցածս ըրի նոյն իսկ Լոզանէն գալով Փարիզ եւ Սան Ռեմօ: Բայց այդ Պատոփրակութեան մէջ մտնելու այս առաջարկը չեմ կրնար ընդունիչ, որովհետեւ քիչ օրէն պիտի ստիպոփմ բացակայիլ Փարիզէն: Կը խնդրեմ, հետեւաբար, որ այդ մասին յոյս չդնէք իմ վրաս: Աշխատինք ուրիշ լուծում մը գտնելու: Կրնանք այդ աշխատակցութիւնը խնդրել Համագումարիդ մէկ ուրիշ անդամէն:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Անցեալ տարի Համագումարին փափաքն էր կարելի եդածին չափ շուտ վերջ տալ այն երկուութեան, որ գոյութիւն առեր էր ազգային դատին հետապնդման գործին մէջ. նոյնիսկ տիրէքթիւներ տրուեցան այս մասին: Ցաւալի է սակայն, որ երկուութիւնը մնաց: Չեմ մտներ պատճառներուն մէջ, բայց յայտնի է, թէ ինչո՞ւ չիրականացաւ Համագումարին այդ փափաքը: Մէջտեղը հիմա Փաշային հրաժարականի հարցը կայ եւ անով պիտի զբաղիմ: Հարցը պարզ է ինծի համար: Եօթ-ութ տարիէ ի վեր Ազգ. Պատոփրակութիւնը վարող անձը, որ տակաւին մինչեւ տարիուկէս առաջ գրեթե մինակը կը կատարէր այդ գործը եւ որուն անունը անբաժանելի կերպով կպպուած է Ազգ. Պատոփրակութեան հետ, անձնական տկարութեան պատճառաւ կը հրաժարի եւ կը պնդէ իր հրաժարականին վրայ: Խնդիր է, թէ Փաշային հրաժարելէն վերջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Պատուիրակութիւնը: Պատգամատրներէ ոմանք պէտք տեսան նախ Պատոփրակութիւն մը կազմելու եւ յետոյ նոր տիրէքթիւներ սահմանելու: Ես կը կարծեմ, թէ սխալ է ասիկա: Մենք նախապէս պէտք է խորհինք տիրէքթիւներուն վրայ, որովհետեւ սահմանուելիք տիրէքթիւներէն յայտնի պիտի ըլլայ Պատոփրակութեան դիրքը եւ անհրաժեշտութիւնը: Պիտի առաջարկեմ հետեւաբար, որ նախ խորհրդակցինք, թէ ալն միջոցին երբ կը հրաժարի Փաշան, պէտք կա՞յ իրապէս' նոր ընտրութեան: Ամէնքս ալ գիտենք, որ Փաշային անունը շաղախուած է Ազգ. Պատոփրակութեան հետ, այնքան որ Ազգ. Պատոփրակութիւնը իր նախագահով մեծ ծանօթ է աշխարհի: Եթէ նախագահ մը ընտրենք անոր տեղ, պիտի ստիպոփնք ծանօթացնելու եւրոպական դիւանագիտութեան, որը մինչեւ այսօր Փաշան միայն ճանչցած է այդ հանգամանքով: Ասոր համար երկար-բարակ աշխատութիւն պէտք պիտի ըլլայ: Քննենք նաեւ, թէ իրապէս անհրաժե՞շտ է այդ աշխատութիւնը: Ուրիշ կերպ ըսելով արդեօք Ազգ. Պատոփրակութեան մը համար պէտք եղած հողը կա՞յ, որպէսզի այսպէս նոր ընտրութեան եւ ընտրուելիք անձին ծանօթացման համար անհրաժեշտ աշխատութեանց ձեռնարկենք: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Հանրապետութեան ճանչցուելէն ի վեր. Ազգ. Պատոփրակութեան շարունակութիւնը տեսակ մը արդիւնք է: Հանրապետութեան ճանաչումէն ետք, այս կամ այն ձետվ, երկու Պատոփրակութիւն պէտք չէ մնար, այլ պէտք էր ձուլել զանոնք:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Առաջարկեցին ատիկա, ընդունուեցաւ, բայց ետ առին իրենց խօսքը:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Գիտեմ, որ ջանքեր թափուեր են, բայց վերջնական արդիւնք մը չէ գոյացեր: Այդ մասին երկու կողմն ալ ունեցած են իրենց աւելի կամ նուազ դերը եւ պատասխանատուութեան պզտիկ բաժինն ալ: Ամեն պարագայի մէջ՝ այն կողմինը չէ, որ Համագումարը կը ներկայացնէ: Եթէ չյաջողեցաւ այդ մտածումը, պատճառը նախ սա էր, որ տարիներէ ի վեր ազգ. դատը հետապնդող անձին գործունէութեան եւ prestige-ին համապատասխան դիրք մը ապահովելու մտածումը դիտեց բանակցութեան մէջ: Միլս կողմէ այս կամ այն կուսակցութեան կառավարոլթեան ու Պատոփրակության մէջ մտնելու փութկոտութիւնն ալ պատճառ մը աւելի եղաւ այդ բանակցութեանց անյաջոդութեան: Կը վերադառնամ բուն խնդրին: Այսպէս թէ այնպէս այն անձը, որ Ազգ. Պատոփրակութիւնը կը մարմնացնէր, կուզէ