Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/652

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաշոփլ, եւ կըսէ, թէ անդառնալի է իր հրաժարականը: Համակարծիք չեմ, որ նոր Պատուիրակութիւն մը ընտրուի:

/բողոքի ձայներ/

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Դուք այնպէս կը խօսիք, թէ Պատոփրակութեան Նախագահը հրաժարեր է, բայց օրակարգի վրայ ատանկ հարց չկայ:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Իմ հասկցածս սա է, որ Փաշան կըսէ, թէ ինք այլեա չի կրնար գործօն մասնակցութիւն մը ունենալ Ազգ. Պատոփրակութեան մէջ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. ճիշդ է:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Բայց ինք պատրաստ է իր անունը տալու Պատոփրակութեան, եթէ նոր ոյժեր աւելցոփն:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Խնդրեմ կէտ մը կայ, որ պէտք է ճշդուի: Ես պատրաստ եմ, ըսի, որովհետեւ խնդրեցին: Երբ ինծի յայտնեցին, որ իմ քաշոփլս շատ գէշ տպաւորութիւն պիտի ընէ, վհատութեան պիտի մատնէ ազգը, եւ նոյնիսկ հեռաւոր վայրերու մէջ տեղի պիտի տայ այն տեսակ մեկնութեանց, որոնք կրնան վնասել մեր դատին, այս բոլոր անպատեհութիւններէն խուսափելու համար հաւանեցայ պահել անուանական նախագահութիւնը, պայմանաւ որ գոյութիւն ունենայ գործօն նախագահութիւն մը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Անշուշտ որոշ չափով պիտի գործենք:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բնականաբար, եւ արդէն պահ մը առաջ ըսի, թէ ինծի համար etiquette-ի խնդիր մը չպիտի ըլլայ ասիկա, միշտ պիտի աշխատիմ, բայց պէտք է ապահով ըլլայ, որ այն պարագային, երբ ոյժերս չներեն եւ ստիպոփմ քաշոփլ, ինչ որ կրնայ պատահիլ, Պատուիրակութեան գործը մէջտեղը չմնայ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ուրեմն, անուանական մասնակցութիւն մը չէ, ոչ ալ՝ հրաժարական մը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այսինքն Վսեմ. Փաշան կը մնայ նախագահ եւ այս խնդիրը կը ւիակոփ եթէ կարելի ըլլայ ընտրել դեր-նախագահ մը, որ տանի գործին գլխաւոր ծանրութիւնը:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Ուրեմն՝ խնդիրը կը փոխուի:

Տիար Գ. Սինապեան. Բայց անձի խնդիր մը կայ, զոր կը մոռնաք: Փաշան պայման դրաւ, որ մեր Նախագահը պէտք է ըլլայ իր աջակիցը, մինչդեռ մեր Նախագահը կը մերժէ:

Ձայներ. Ո՛չ անպատճառ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Եթէ նոյնիսկ Ն. Վսեմութիւնը չըլլայ, թէեւ լաւագոյն է, որ ինքը ըլլայ, պէտք է վերջապէս նոր արիւն ներարկոփ Պատոփրակութեան: Կը կրկնեմ նորէն, որ ձեւի համար չեմ ըներ այս պահանջումը: Միշտ նկատի պէտք է ունենաք այն յոգնութիւնը, որուն ենթարկուած ենք: Քիչ մը առաջ կըսէի, թէ պատնէշին վրա էինք, բայց իսկապէս խրամներու մէջ էինք ամբողջ տարիուկէս:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Տիար Բարսեղեանի խօսքերուն մէջ հիմնական վիրաւորանք մը եւ արհամարհանք մը կը տեսնեմ Համագումարին հանդէպ, եւ ասոր համար կը բողոքեմ ոյժովս: Տիար Բարսեղեանի խօսքերուն համաձայն անցեալ տարի Համագումարը գոյութիւն առեր է, Պատուիրակութիւն ընտրեր է, յետոյ այս տարի նորէն գումարուեր է ո՛չ թէ անոր համար, որ տաճկահայ դատ մը կայ, այլ՛ Պօղոս Փաշա մը կայ, որուն պէտք էր դիրք մը տալ: Քիչ մը առաջ, երբ կը կարծէր, թէ Փաշան կը հրաժարիր, Պատոփրակութեան պէտք չէր տեսներ, մինչդեռ երբ յայտնուեցաւ, որ Փաշան չի հրաժարի, կըսէ, թէ խնդիրը կը փոխուի:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Կը ձայնակցին: Քանի որ դեռ թրքահայ դատ մը կայ՝ պէտք է մնայ թրքահայ Պատուիրակութիւն մը եւ ասիկա անկախաբար անձերու խնդրէն: