Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/653

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Կարծեմ, թէ Տիար Բարսեղեանի տեսակէտը չբացատրուեցաւ պէտք եղածին պէս: Այն պատգամաւորները. որոնք զանազան կողմերէ եկան Պատուիրակութեան շուրջը խմբուեցան, եկան մանաւանդ Փաշային անձին համար: Եթէ իրեն մեզ սովորական մահկանացու մը այդ մասին հրաւէր ուղղած ըլլար, անշուշտ ո՛չ ոք տեղէն պիտի շարժէր: Փաշան ծանօթ էր իր անձով ու գործունէութեամբ: Գիտէինք, որ նախապէս Կաթողիկոսին կողմէ կոչուած էր բարենորոգմանց գործին համար, եւ թէ նոր պայմաններու բերումով՝ կաշխատէր աւելի լայն ծրագրով մը, ազգին ընդհանրութեան դատին համար: Մենք եկանք ո՛չ թէ նոր բան մը ստեղծելու, այլ՛ արդէն իսկ եղածը զօրացնելու մտածմամբ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Տաճկահայ դատը պաշտպանելու համար չպիտի՝ գայիք:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Անշուշտ պիտի գայինք, բայց ատիկա կախուած էր հրաւէրը ընողէն: Այդ հրաւէրը պէտք էր բղխեր մեծ հեղինակութենէ մը: Եկանք որովհետեւ Փաշային 5-6 տարուան գործունէութիւնը, անձնական հեղինակութիւնը, Կաթողիկոսէն ստացած պաշտօնը մեզի ծանօթ էին երբ մեզ հրաւիրեց: Բայց կը կրկնեմ, որ մենք եկանք զինքը զօրացնելու համար, այդ մասին թելադրութիւններ բերինք միասին: Ուրախ ենք, որ աշխատուեցաւ, եւ արդիւնքն ալ, գոնէ ինչ որ կարելի էր ձեռք բերել, ստացանք: Իմ մասիս, ձեռքս խղճիս վրայ կը յայտարարեմ, թէ այսօր ոեւէ Պատուիրակութիւն, որուն գլուխը Փաշան չէ, ոչ եւս է Պատուիրակութիւն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ատիկա ձեր անձնական կարծիքն է: Դատ մը կայ մէջտեղը, որ Փաշայինը չէ լոկ. ընդհակառակը Փաշային պաշտօնն է, որ այդ դատէն կը բղխի:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Տաճկահայ դատին, ըստ ինծի, գոյութեան հերքում մը չէր ըսածս:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Տիար Տոքթ. Բարսեղեանի հետ համաձայն եմ մինչեւ կէտ մը: Թէ առանց Փաշային Պատուիրակութիւն մը անհասկնալի է՝ ասիկա կընդունիմ. եւ այս է նաեւ համոզումը Անգլիոյ հայոց, զորս ներկայացնելու պատիւն ունիմ: Բայց համաձայն չեմ Տիար Բարսեղեանի, երբ աճապարանք մը ցոյց կու տայ Փաշային հրաժարականը ընդունելու, մէկ անգամով վերջ տալու համար Պատուիրակութեան գոյութեան: Ասիկա սխալ է: Պետք չէ աճապարենք, ընդհակառակը, պէտք է միջոց մը գտնենք, որպէսզի Փաշան ետ առնէ իր հրաժարականը եւ սոսկալին քանի մը ամիս շարունակէ իր պաշտօնը:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Աճապարենք չըսի:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Կը կրկնեմ, որ անհասկանալի է Պատուիրակութեան գոյութիւնը առանց Փաշային:

Տիար Վահան Թէքէեան. Համաձայն եմ, որ առանց Փաշային՝ Պատուիրակութիւն մը անհասկնալի պիտի մնայ, որովհետեւ Փաշան մեր մէջն է եւ կրնայ Պատուիրակութեան գլուխը գտնուիլ միշտ: Բայց եթէ Փաշան ոեւէ անձնական նկատումով հեռանայ, օրինակի համար հարկեցուցիչ պատճառի մը բերումով ստիպուի Եգիպտոս մեկնիլ, Պատուիրակութիւնը պէտք չէ՞ գոյութիւն ունենայ: Ասիկա կը հարցնեմ անշուշտ իբր Համագումարի անդամ: Փաշան դուրս ձգելով Պատուիրակութիւն ընտրելը թէ՛ մեր դատին պիտի վնասէր եւ թէ՛ կագմուած Պատուիրակութեան հեղինակութիւնը պիտի նուազեցնէր: Բայց այս տեսակ հաւանականութիւն մը չկայ մէջտեղը: Փաշան կը պատասխանէ, որ տակաւին աշխատելու տրամադիր է, պայմանաւ, որ օգնական մը տրուի իրեն: Համագումարիս Նախագահը, զոր Փաշան ուզեց իրեն օգնական ունենալ՛ մերժեց: Խնդիր է, թէ Համագումարը պիտի ընդունի այս մերժումը եւ կամ նոյնիսկ Նախագահը երբ ամեն կողմէ կոչում ըլլայ իր հայրենասիրութեան, չպիտի՛ փոխէ իր որոշումը: Միւս կողմէ Փաշան բացարձակապէս չըսաւ, թէ քանի որ Համագումարին Նախագահը չընդունիր, կը հրաժարի: Անկախաբար այս տեսակէտները' պէտք է նախ որոշել, թէ