Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/654

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատուիրակութեան պէտք կա՞յ: Այն ատեն է, որ Փաշան պիտի պահենք, պէտք ըլլալուն համար է, որ կը խորհինք կոր զինքը համոզել, որ ամիս մը, երկու ամիս, մինչեւ կէտ մը շարունակէ տակաւին: Եթէ պէտք չկայ, թողէիք խեղճ մարդը որ ելլէ երթայ, քանի որ բացորոշապէս ըսաւ, թէ հիւանդ է, չի կրնար: Այդ պէտքը սակայն կայ: Հանրապետութեան ճանաչումով ամեն ինչ իր վերջնական լուծումիս չյանգեցաւ: Դեռ չէ եկած այն վայրկեանը, որ կարելի է թրքահայ դատին բախտը միացնել ռուսահայ դատին: Մանաւանդ, որ ծանր կնճռոտութիւններ ծագած են Կովկասի մէջ, եւ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր կրնան յանգիլ: Երեք ամիս առաջ կարելի էր ըսել, թէեւ ես միշտ հակառակ կարծիքին եղած եմ, թէ հոգ չէ, եթէ Պատուիրակութիւն չըլլայ, գործերը կրնանք Հանրապետութեան կառավարութեան թողուլ: Բայց նոր կնճռոտութեանց վրայ որոնք ծագեցան, այլեւս չենք կրնար այսպէս խորհիլ: Եթէ թրքահայ դատին համար Պատուիրակութիւն մը գոյութիւն ունեցած ալ չըլլար, այսօր թերեւս պէտք էր ստեղծել: Պատոփրակութեան անհրաժեշտութեան խնդիրը զատ է, անձի խնդիրը՝ զատ: Անշուշտ, պէտք է հեղինակաւոր անձ մը Պատուիրակության գլուխը, եւ բարեբախտ ենք, որ կայ անձ մը, անձ մը, որ եօթ տարիէ ի վեր կ՛աշխատի թրքահայ դատին անունով եւ որ յօժար է տակաւին այսօր ալ գործել: Պէտք է օգտուիլ իր այս տրամադրութենէն: Ասկէ զատ ալ, պէտք է վերակազմել Պատուիրակութիւնը՝ Նախագահին իբր օժանդակ տալով աշխատելու ընդունակ կարող ոյժեր, որպէսզի տակափն երկու-երեք ամիս շարունակէ գործը: Իմ մասիս, գրաւոր ալ ըսի, բերանացի ալ ըսի, որ այլեւս չեմ մասնակցիր Պատոփրակութեան: Ասիկա կը կրկնեմ դարձեալ, որպէսզի Համագումարը ազատօրէն կարենայ կազմել նոր Պատուիրակութիւնը, ընտրելով այն ուժեղ մարզիկը, որոնց պէտք պիտի տեսնէ այս կւսրետր գործը այսպիսի վճռական ու փափուկ ժամանակի մը մէջ շարունակելու համար:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Յայտնի եղաւ կարծեմ, թէ Փաշան բացարձակապէս չէ հրաժարած, այլ՝ իրաց ծանր վիճակին տեղեակ ըլլալով, յօժարութիւն ունի շարունակելու: Միայն թէ կը փափաքի զորավիգ մը ունենալ, եւ ճիշդ ատոր վրայ է, որ պէտք է խորհինք: Երկու միջոց կայ մեր առջեւ: Կա մ նախորդ Պատուիրակութիւնը ամբողջոլթեամբ կը վերահաստատուի եւ Համագումարս կը խնդրէ, որ, ինչպէս մէկուկէս տարիէ ի վեր կընէին, նորէն շարունակեն իրենց վստահուած գործը, եւ կա՛մ ընտրուի նոր Պատուիրակութիւն մը: Պէտք է որոշենք, ուրեմն, թէ այս երկու միջոցներէն ո՞րը պիտի ընտրենք, որպէսզի փակուի այս խնդիրը: Նոր Պատուիրակութիւն մը կազմել ուզողները կը կարծեն, թէ ասկէ վերջ կատարուելիք շատ կարեւոր, շատ ընդարձակ աշխատութիւններ կան. բայց եթէ պահ մը մտածելու ըլլանք, պիտի տեսնենք, որ մնացած աշխատութիւնը պիտի բռնադատուի սահմանափակուած մնալու գլխաւորաբար մէկ քանի կէտերու շուրջ: Որովհետեւ դաշնագիրը, զոր Գերագոյն Խորհուրդը պատրաստեց, ընդհանուր պահանջմանց maximum-ը կը պարունակէ եւ, դժբախտաբար, այլեւս անհնար է այդ լուծուած հարցերը վերստին սեղանի վրայ դնել տալ: Այս մասին պէտք չէ յոյս դնել թուրքերու պահանջմամբ դաշնագրին ենթարկուելիք փոփոխութեանց վրայ, որոնք աւելի անոնց գոհացումը տալու բնոյթ պիտի ունենան, հաշտութեան կնքումը դիւրացնելու համար, ըստ նախընթաց օրինակներու:

Տիար Վ. Թէքէեան. Ուրեմն ինչո՞ւ երկու յանձնաժողովներ կաշխատին, ինչո՞ւ ձեռնարկներ կ՛ըլլան դաշնագրին մեզի աննպաստ մասերում փոփոխութեան համար:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բայց անշուշտ պիտի ըլլան, որքան ալ անյուսալի երեւայ արդիւնքը: Պարտականութիւն մըն է ատիկա, որուն մէջ չենք կրնար թերանալ եթէ կ՛ուզենք որ խիղճերնիս մեզ չմեղադրէ: Եւ յետոյ, ինչպէս ըսի, քանի մը կէտեր կան որոնց մասին կարելի է յոյս ունենալ նոր առաւելութիւններ ձեռք բերելու, ինչպէս հանր. պարտուց եւ հատուցման խնդիրները, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ մէջ մեր ժողովուրդին համար նպաստաւոր դրութեան մը ստեղծումը, եւ այլն: Բաներ ալ կան, զորս տէրութիւնները, թուրքերէն անկախաբար, ուղղակի կրնան տալ մեզի, եւ զորս