Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/655

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պիտի աշխատուի ստանալու: Այս մասին Վսեմ. Փաշային եւ իր ընկերներուն ընելիք աշխատութիւնը իր կշիռը ունի, եւ կը կարծեմ, թէ Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ իր այստեղի ներկայացուցիչը իրենք իսկ պիտի փաւիաքին, որ այդ կէտերուն հետապնդման համար ոյժ մը աւելի գոյութիւն ունենայ: Ազգ. Պատուիրակութիւնը ծնունդ առաւ Թրքահայաստանի դատին հետապնդութեան համար: Իր գոյութեան աղբիւրը այդ է եւ պէտք է մնայ մինչեւ որ այդ դատը յանգի իր վախճանին: Կայ նաեւ ուրիշ տեսակէտ մը, որ իր մնալը անհրաժեշտ կը դարձնէ: Ազգը մեծ յոյսեր դրած էր Պատուիրակութեան վրայ: Ի՞նչ պիտի մտածեն, եթէ յանկարծ իմացուի որ Պատուիրակութիւնը վերցաւ, Համագումարը ցրուեցաւ: Անշուշտ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ ասիկա: Բայց թէ տակաւին մինչեւ ե րբ պէտք է մնայ Պատուիրակութիւնը՝ ատիկա խնդիր մըն է, զոր պիտի քննէ Համագումարը նոր տիրէքթիւներու խնդիրը ձեռք առած միջոցին: Ուրեմն մեր ընելիքը պէտք է ըլլայ պահել արդի Պատուիրակութիւնը, լրացնելով գայն, հրաժարեալ Տիար Փաստրմաճեանի տեղ նոր ոյժի մը յաւելմամբ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Հարցը պէտք չէ այդպէս դնել. Փաշան կը մնայ, կրնայ մնալ, իսկ ես արդէն ըսի ու կրկնեցի, թէ չեմ մնար:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Պէտք է դուք ալ նոր գոհողութիւն մը ընէք:

Տիար Վ. Թեքէեան: Փաշային էական պէտքը կայ, բայց ոչ մեր. հետեւաբար գոհողութիւն մը չպիտի ըլլայ մեր քաշուիլը: Կը խնդրեմ, որ չկրկնէք այդ առաջարկը:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Պատուիրակութեան անդամներուն նկատմամբ անձնապէս ոեւէ կասկած չունինք եւ Փաշային ինչ որ ըսինք ձեզի ալ ըսած կըլլանք:

Տիար Թէրզիպաշեան. Արդէն հակասութիւն ալ կ՚ըլլայ, քանի որ վսւոահութեան քուէ տոլեր ենք:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Անգամ մըն ալ կը շեշտեմ, որ նախ պէտք է որոշենք, թէ ի՞նչ ունի դեռ ընելիք Պատուիրակութիւնը, որպէսզի անոր համեմատ խորհինք մեր ընելիքը: Թերեւս ասկէ վերջ ըլլալիք գործերը այնքան բազմապահանջ չեն եւ քիչ մարդ պէտք է անոնց համար: Նախ պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ կրնայ ընել Պատուիրակութիւնը, ի՞նչ կրնանք պահանջել իրմէ: Ազգ. Պատուիրակութիւնը մինչեւ հիմա նկատուեր է արեւմտահայոց ներկայացուցիչ: Բայց ամենուս ալ ծանօթ է, որ ոչ մեծ Կովկասի, այլ նոյնիսկ Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ, Ամերիկայի նման հեռաւոր գաղութներու մէջ արեւմտահայերու կողմէ եղան այն տեսակ արտայայտութիւններ դէպի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, որ կը տկարացնեն Ազգ. Պատուիրակութեան բացարձակ դիրքը իբր արեւմտահայերը ներկայացնող մարմին:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան. Այո, արտայայտութիւններ եղան հաւատարմութիւն եւ հպատակութիւն յայտնելով, իբր թէ քիւրտ աշիրէթներ ըլլային եւ ոչ թէ հայ քաղաքացիներ:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Հպատակութիւն ըսելով անոնք քաղաքացիութիւն կըմբռնեն:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան. Ֆորմիւլները գրողները գիտեն ըսածնին:

Տոթք. Ա. Բարսեղեան. Անցեալ տարի, հաւանական նկատուող անպատեհութիւններէ խուսափելու համար, որոշեցինք Միւսցեալ Պատուիրակութիւն մը կազմել: Ես ասոր ալ պէտք չեմ տեսներ հիմա, որովհետեւ այնպէս կը կարծեմ, թէ արեւմտահայոց կողմէ եղած արտայայտութիւնները դէպի Հանր. կառավարութիւնը, բաւական են, որով երկու զատ Պատուիրակութեան պէտք չի մնար այլեւս: Մինակ Պոլիսը չէր արտայայտուած, բայց մեր մեկնած միջոցին ազգային պաշտօնական շրջանակներն ալ այդ իմաստով արտայայտուեցան:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Շատ զարմանալի է:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Ապացուցանելու համար ասիկա, կը կարդամ հետեւեալ որոշումը, որ ցոյց կու տայ Պոլսոյ պաշտօնական մարմիններոլ տրամադրութիւնը այդ