Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/656

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Փարիզի Ազգ. Պատոփրակութեան եւ Հայկ. Հանրապետութեան իրարու հանդէպ ունենալիք դիրքը եւ փոխ-յարաբերութիւնները ճշդելու ժամանակը եկած հասած է այլեւս: Կարգ մը խնդիրներ ատկէ կախում պիտի ունենան: Վաղը ներգաղթի հարցը կրնայ ներկայանալ, ո՞վ պիտի վարէ այդ գործը: Պիւտճէի գործը ինչպէ՞ս պէտք է կարգադրոփ: Պոլսոյ ժողովուրդը չի կրնար երկար ատեն ամսական 60000 ոսկիի ծախք մը ընել: Հայրենիքի տուրքը առ այժմ ամսական 20000 ոսկի արդիւնք կու տայ, բայց կասկածելի է, որ այսպէս շարունակոփ: Հետեւաբար որբերու եւ տարագրեալներու պատսպարման հարցը պէտք է տարբեր կերպով լուծուի, հայ պետական պիւտճէի մասը կազմէ մօտաւոր ապագայի մէջ, երբ պետութիւնն ալ իր կազմակերպութեան համար տարբեր աղբիւրներէ փոխառութիւն մը պիտի ստանայ, ինչ որ շատ հաւանական է: Պոլիս պիտի ընէ ինչ որ կրնայ. բայց երբեք չի կրնար պետական պիւտճէ կազմել, հավաքուածը տուրք մը չէ, այլ՝ նուէր, որ կրնայ դադրիլ եւ նուազիլ: Պետութեան եւ Պատոփրակութեան փոխ-յարաբերութեանց բարւոքումը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ Պոլսոյ գործերուն. Հանրապետութեան ներկայացուցիչը աւելի գործօն դեր մը կը ստանձնէ խնամատարական եւ այլ գործերու մէջ»:

Տիար Վ. Թեքէեան. Ո՞ր մարմինէն բղխած է այդ թշուառութիւնը:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Քաղաքական ժողովէն:

Տիար Վ. Թեքէեան. Ի՞նչ կը հեաեւցնէք ատկէ:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Ասկէ կը հետեւցնեմ, որ նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ որուն Ազգ. ժողովին փոխանցել կը մտածէին երբեմն Պատոփրակութեան համարատուութիւնը, թրքահայ դատին եւ ռուսահայ դատին ըմբռնումը նոյնացած է: Ասիկա եղեր է մանաւանդ Հանրապետութեան ճանաչումէն ետք: Այսօր ամեն տեղ, հայութեան փափաքն է, որ երկուութիւնը վերնայ ազգին մէջէն. եւ ասոր համար անհրաժեշտ է, որ ինչպէս է երկրին մէջ, այնպէս ալ արտասահմանի մէջ միակ մարմին մը գոյութիւն ունենայ: Հասկնալի է, որ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը կրնայ տեւել Ազգ. Պատոփրակութիւնը, այն պայմանաւ, որ Փաշան մնայ անոր գլուխը: Բայց եթէ պիտի հրաժարի քանի որ կըսէ թէ հիւանդ է, այլեւս Պատոփրակութեան պէտք չկայ, որովհետեւ ասկէ ետք կարելի չէ արեւմտահայոց անունով դիմում ընել ոեւէ տեղ: Այս տեսակ դիմում մը կրնայ Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնն ալ ընել եւ կընդունոփ: Փոքրամասնութեանց խնդրին համար ըլլայ, Կիլիկիոյ դրութեան համար ըլլայ Ազգ. Պատոփրակութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել, զոր չկարենայ ընել Հանրապետութեան Պատոփրակութիւնը:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Հապա հատուցման խնդի՞րը:

Տոքթ. Բարսեղեան. Հատուցման խնդրին համար նոյն ինքն Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ, որ աւելի ռուսահայոց անունով պէտք է հետապնդել:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Աէկ մասը միայն:

Տոքթ. Բարսեղեան. Ինչ որ ալ ըլլայ, այլեւս պէտք է վերջ տալ այս երկուութեան: Կը կրկնեմ դարձեալ, որ եթէ Փաշան պիտի ուզէ մնալ՝ Պատոփրակութիւնը կը մնայ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը, պայմանաւ, որ ո՛չ մէկ առանձին ձեռնարկ կամ դիմում ընէ, այլ միշտ գործէ Հանր. Պատոփրակութեան հետ: Փաշային անծին նկատմամբ յարգանք մը ունեցողները կը հասկնան անշուշտ, որ պէտք է այդ բաւարարութիւնը տալ իրեն: Եթէ պիտի ուզէ մնալ՝ կը խորեինք, թէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը ի՞նչ պայմաններով պիտի պահենք Պատոփրակութիւնը: Ասոր համար նախ պէտք է տիրէքթիւներու հարցը քննենք, գիտնանք, թէ իրապէս ի՞նչ կայ ընելիք:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Այնտեղ ուր դաշնագիրը կը պոոայ, անհատական ենթադրութիւններ արժեք չունին: Դաշնագիրը կըսէ, թէ Թուրքիա կը ճանչնայ Հայաստանը այնպէս ինչպէս ճանչցած են զայն Դաշնակիցները, ճիշդ բառովը Ռոաահայաստանը: Թրքահայաստանի հարցը դրուած է հոն սահմանագծումի մը, ծեւով, եւ այնպիսի եղանակով մը որ կրնայ շերտ մը հող անգամ չմիանալ