Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/657

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ռուսահայաստանի: Արդ, մինչեւ իրաւարարութիւնը, մինչեւ հաշտութեան ստորագրութիւնը այդ կցուելիք հողերու բնակչութիւնն է, որ պիտի արտայայտոփ ու հետապնդէ իր ցանկութիւնը, ել ոչ թէ Ռուսահայաստանի կառավարութիւնը, որան պիտի կցոփ: Իմ կարծիքովս՝ դեռ շատ բան կայ ընելիք այս տեսակէտով:

Տիար Տէրպէտէրեան. Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը չի՞ կրնար այդ բաները ընել:

Տիար Թէրզիպաշեան. Չի կրնար, որովհետեւ մենք մեր Թուրքիոյ հպատակի հանգամանքը չենք կրնար թօթափել մինչեւ այն օրը, որ հայկական հպատակ դառնանք: Եւ յետոյ, այս Համագումարը միայն վանեցիներու, էրզրումցիներու, պիթլիսցիներու համագումար չէ, այլ՝ ամբողջ թրքահայութեան ներկայացուցչական օրկանն է, որուն մէջ գտնոտղ կիլիկեցին, խարբերդցին դեռ յոյսեր ունին, յոյսերէն վերջ՝ շահեր ունին, reparation-ի, indemnite-ի եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործերը ունին զայս: Ինչպէս ըսի, Հանրապետութեան կառավարութիւնը չի կրնար ստանձնել ինքը, ժողովուրդը, իր ներկայացուցիչներուն ժողովով պիտի պաշտպանէ իր շահերը: Անոնք, որ դաշնագրին ստորագրութենէն ետք պիտի ընդունին Հայ Հանրապետութեան հպատակութիւնը, իրենց շահերու պաշտպանութեան հոգն աքպիտի փոխանցեն Հանրապետութեան. բայց դեռ ատոր ալ ժամանակ պէտք է. կարելի չէ ամեն բան մէկանց իրար խառնել, իրաւական դիրքերը իրարու հետ շփոթել, մանաւանդ, որ դաշնագրին մէջ ոեւէ actif քայլ առնուած չէ թրքահայկական հարցի մասին: Դաշնագրին ստորագրուելէն վերջն ալ, Հայ կառավարութիւն մը ունինք ըսելով չենք կրնար թրքահայոց բոլոր գործերը անոր յանծնել: Թրքահայերու մէկ մասը, բնականաբար, կը մնայ թրքահպատակ, այս մասը՝ ինք իր ձեռքով պիտի հետապնդէ իր շահերը:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Մեր հիմակուան ընելիքը՝ Թրքահայաստանի Հանրապետութեան տեղի մասերում, անոնց սահմաններուն որոշման կը վերաբերի: Եւ այդ կցելի մասերուն ժողովուրդը արդէն իսկ Կովկաս է: Անդին Թուրքիա մնալիք ժողովուրդը կայ, որ անշուշտ վաղը միլս օր իր գլխուն ճարը պիտի նայի՝ իր շահերուն փրկութեան համար միջոցներ խորհելով: Մենք ալ մեր կողմէ այդ նպատակով կրնանք ուղեգիծներ տալ անոր: Սա պահուն՝ կա՞յ այն տեսակ թրքահայ հարց մը, որ նոր Պատուիրակութեան մը կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձնէ:

Տիար Տէրպէտէրեան. Եւ ամսական ալ 18-20.000 ֆրանք ծախքերու դուռ բանայ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Չենք կրնար ըսել, թէ տաճկահայ դատը փակուած է, որովհետեւ տաճկահայ հարցը լոկ այն կցելի նահանգներուն կապուած չէ: Indemnite- ի, reparation-ի, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու հարցերը միայն Վանայ, Պիթլիսի, էրզրումի նահանգներու հայերը չեն հետաքրքրեր, կը հետաքրքրեն նաեւ Թուրքիոյ բոլոր մասերուն եւ Կիլիկիոյ մէջ ալ գտնուող հայ ժողովուրդը: Ի՞նչ պատճառ կայ, որ այդ ամենը չկատարուած՝ աճապարենք վերջ տալ այն մարմնին, որ անոնց հետապնդման սահմանուած է: Ես կեգրակացնեմ: Այս յուսահատ անորոշութեան մեջ չփորձենք փայլուն ֆրազներով շփոթել դրութիւնը: Պատուիրակութեան գործունէութեան աոաջին հանգրուանը դաշնագրին ստորագրութիւնն է. անկէ վերջ՝ տիրէքթիւներու պատրաստության ընթացքին է, որ պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ հաւանականութիւններ պիտի ունենանք աչքի առջեւ, եթէ երբեք միութեան գործը գլուխ չելլէ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Իբր նախկին Պատուիրակութեան հրաժարեալ անդամ՝ Համագումարի ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ շատ կարեւոր եւ շատ ծանրակշիռ կէտի մը վրայ. Հրատապ գործունէութեան օրեր են. շատ ծանր, շատ բազմապահանջ գործեր, դիմումներ կան ընելիք, ասոնք պէտք են կատարուիլ, եւ շուտով, բայց մենք