Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/658

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ահա նստեր ժամանակ կանցընենք այս վիճաբանութիւններով: Համամիտ չեմ անոնց, որոնք կըսեն թէ պէտք չկայ Ազգ. Պատուիրակութեան մը: Հիմա, այս վճռական օրերուն, աւելի քան երբեք պէտք է Ազգ. Պատուիրակութիւն մը: Անհրաժեշտ է. ուրեմն, որ ձեւ մը գտնէ Համագումարը եւ լուծէ այս խնդիրը, բայց շուտով, որովհետեւ ամէնաթանկագին ժամանակ մըն է, որ կանցնի, երբ մենք այսպէս կը վիճինք եւ ասիկա ծանր պատասխանատուութիւն մըն է Համագումարին համար: Այսօրուան պահանջները այնքան մեծ են եւ այնքան դժուարին, որ եթէ նոյնիսկ այս վիճաբանութիւնները եղած չըլլային ու Պատուիրակութիւնը մնացած ըլլար, ինք պիտի ըսէր ձեզի, որ աջակիցներ տայիք իրեն: Այն սպառիչ աշխատութխնը, զոր կը տանինք, տարիուկէսէ ի վեր, յոգնեցուցած է մեզ: Աչքի առջեւ բերէք անգամ մը օտար Պատուիրակութիւնները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է օժանդակ յանձնաժողովներով, մասնագէտներով, խորհրդականներով, բոլորն ալ բազմաթիւ գործակիցներ ունին. իսկ դուք՝ երեւակայուելիք ամէնէն ահաւոր խնդիրը բերեր տոլեր էք չորս հոգիի ուսերուն վրայ: Պէտք է անպատճառ գործնական լուծում մը գտնել, որովհետեւ այս գործը այլեւս չի քալեր այսպէս: Ես եւ Տիար Թեքէեան վերջնականապէս հրաժարած ենք: Պէտք է նոր Պատուիրակութիւն մը, որուն գլուխը միշտ Փաշան մնայ եւ որ սկսուած գործը պիտի տանի մինչեւ իր բնական լրումը: Դաշնագրին ստորագրութեան օրը Պատուիրակութիւն մը պէտք է մնայ եւ Փաշան պէտք է ստորագրէ դաշնագիրը թրքահայոց անունով, որպէսզի թրքահայերը այդ կերպով հռչակած ըլլան, թէ իրենք կը միանան իրենց ռուսահայ եղբայրներուն եւ ոչ թէ ռուսահայերն են, որ զիրենք իրենց կը միացնեն:

Ներեցէ՛ք, որ այս առթիւ ցաւս յայտնեմ ուրիշ տեսակէտի մը մասին, որան դէմ բողոքելու իրաւունքը չեմ կարծեր, որ զլացուի ինծի: Խորապէս կը յարգեմ Փաշան, բայց անձնուիրութեան մարմնացում եղող այդ մարդուն համար ունեցած յարգանքիս հակառակ, չեմ կրնար ընդունիլ, որ ըսուի թէ առանց Փաշայի Պատուիրակութիւն չկայ: Կը ցաւիմ անոր համար, որ մտաւորականներու կողմէ մանաւանդ յայտնուեցաւ այս տեսակ մը արհամարհանքը Պատուիրակութեան անդամներուն համար, որոնք մտաւորականներ են իրենց պէս, իբր թէ կարօտուած աշխատութեան մէջ բան մը ըրած չըլլային անոնք: Արդեօ՞ք մեր ռուսահայ եղբայրներն մեզմէ նուազ խելացի են, որ գրագէտի մը յանձնած են Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահութիւնը: Կը կրկնեմ, որ պիտի շուտով գործնական լուծում մը գտնենք այս խնդրին համար, եւ չեմ կարծեր, որ դժուար ըլլայ ասիկա: Ն. Վսեմութիւնը ըսաւ, որ եթէ Պ. Նորատունկեանը իրեն գործակից տրուի՝ կը մնայ, եւ գիտենք որ եթէ մնաց, չի կրնար անտարբեր կենալ, ինք ալ պիտի աշխատի նորէն: Տիար Նորատունկեան չընդունիր. պէտք է ուրեմն ուրիշ անձ մը: Խնդիրը այդ անձը գտնելուն վրայ է. գտէ՛ք այդ երկուքին շուրջը ուրիշներն ալ, ազգային կեանքին ծանօթ, աշխատելու ընդունակ հայրենասէր անձեր, եւ ամեն բան կը կարգադրոփ: Պատուիրակութիւնը պէտք չէ մեռնի այսպէս. պէտք է պատուով քւսշուի այս գործէն, եւ թրքահայութիւնը պատուաւորապէս ներկայացուի ազգերու դատին ամբողջական լուծման առթիւ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Ելեր խնդիր կընենք, որ Պատուիրակութեան պէտք կա՞յ, թէ ոչ, մինչդեռ օրերով գումարուեցանք դաշնագիրը սրբագրել տալու համար ձեռք առնուելիք միջնորդագիր գրելու համար: Եթէ Պատուիրակութեան պէտք չկար, ուրեմն ինչո՞ւ ըրինք այդ աշխատութիւնը: Թշնամին եկեր է մեր դուռը եւ մենք տակաւին այդ բաներուն վրայ կը խորհինք:

Տիար Ա. Հանըմեան. Որովհետեւ երկու Պատուիրակութեանց ցաւը կայ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Այդ դատը կը վերնայ երբ դաշնագիրը ստորագրուի, ոչ անկէ առաջ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Գացէ ք այդ ցաւը ուրիշ տեղ յայտնեցէք. մենք չենք պատասխանատուն եթէ այսօր տակաւին երկու Պատուիրակութիւն գոյութիւն ունին: