Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/659

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Չօպանեան. Մինակ մեր ազգը չէ, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ երկու Պատուիրակութիւն ունի: Պեսարապիան Ռումանիոյ կը մնայ դաշնագրին համեմատ: Բայց մինչեւ վերջը ռումանականէն անկախ առանձին պատուիրակութիւն մը ունեցաւ. եւ նոյն ինքն ռումանական կառավարութիւնը փափաքեցաւ ասոր, համոզուած ըլլալով, թէ Պեսարապիոյ համար անջատ պատուիրակութիւն մը մեծ վնաս մը չէ ռումանական պահանջմանց համար, այլ ընդհակառակը՝ զօրավիգ մը աւելի:

Տիար Ա. Հանըմեան. Կըսուի, թէ քանի որ թրքահայ դատ մը կայ, այս դատը պէտք է հետապնդէ թրքահայ պատուիրակութիւն մը: Ես ձեզի Թրակիոյ եւ Իզմիրի օրինակը տամ: Անոնց դատը կապուած էր Թուրքիոյ յոյներուն, բայց Թուրքիոյ յոյները առանձին պատուիրակութիւն ունեցա՞ն Վեհաժողովին մոտ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Հապա Պոնտո՞սը, որ մասնաւոր Պատուիրակութիւն մը ունի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Թրքահայոց դատը Թրակիոյ յոյներուն դատի՞ն կը նմանցնէք:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Մեր դատը յիսուն տարուան քաղաքական գոյութիւն ունեցող դատ մըն է: Արդեօ՞ք թրակիացիք մեզի պէս մէկ միլիոնէ աւելի զոհ տոլին:

Վսեմ Տիար Գ. Նորատունկեան. Կարծեմ, թէ բաւական լուսաբանուեցաւ այս խնդիրը: Պէտք է այլեւս միանանք մէկ կէտի մը վրայ եւ վերջ տանք այս կնճռոտութեան: Այս կէտը, ըստ իս, սա է: Թէեւ Տիարք Չօպանեան եւ Թեքէեան կը պնդեն, թէ իրենք հաստատ կը մնան իրենց հրաժարականին վրայ, բայց լաւագոյն է, որ վերստանձնեն իրենց գործը, զոր սկսեր ու շարունակեր են մէկուկէս տարի եւ որ տակաւին քանի մը ամիս պէտք է շարունակուի: Անշուշտ իրենք ալ կընդունին, որ Պատուիրակութեան գործը տակաւին քանի մը ամիս ալ շարունակելու պէտք կայ:

Տիար Վահան Թեքէեան. Ոչ այն հասկացողութեամբ, թէ մէջտեղը դաշնագիր մը կայ, զոր կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս ըսիք պահ մը առաջ: Որովհետեւ՝ եթէ այդպէս ըլլայ, իրօք, այլեւս ի՞նչ պէտք կը մնայ Պատուիրակութեան:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բայց շատ սխալ հասկցեր էք իմ խօսքերս: Ես ըսել չուզեցի, որ ասկէ վերջ ըլլալիք ոչինչ կայ, ըսել չուզեցի, որ ասկէ վերջ ըլլալիք գործողութիւնները կարեւորութիւն չունին: Ընդհակառակը, թուեցի այն խնդիրները, որոնք տակաւին կարօտ են աշխատութեան: Իմ հասկցնել ուզածը սա էր, որ պէտք չէ մեծ յոյսեր դնենք դաշնագրին փոփոխութեան առթիւ մեր ձեռք բերելիք առաւելութեանց վրայ, որպէսզի վերջէն յուսախաբ չըլլանք: Կատարուելիք գործողութիւնները, որքան ալ կարեւոր, պիտի ըլլան չափաւոր սահմանի մը մէջ, եւ վաղը եթէ ամէնազօրաւոր Պատուիրակութիւն մըն ալ բերէք, ան ալ ստիպուած պիտի մնայ այս անձուկ սահմանին մէջ գործելու: Համագումարը՝ Պատուիրակութեան համար վստահութեան քուէով մը արտայայտուեցաւ: Որքան ալ Վսեմ. Փաշան նորէն իր հիւանդութեան առարկութիւնը դրաւ մէջտեղ, կը կարծեմ, որ պէտք է հաստատենք մեր նախորդ որոշումը, նոր անդամ մը ընտրելով նախապէս հրաժարած անդամին տեղ, որպէսզի Պատուիրակութիւնն իր գործը շարունակէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Ատիկա լուծում մը չէ: Փաշան ալ, Պատուիրակութեան անդամներն ալ յոգնած էին տարիուկէսուան չարաչար աշխատութենէն: Ասկէ անկախաբար եղած քննադատութիւնները այն աստիճան վհատութեան մատնեցին մասնաւորաբար Փաշան, որ հիմա ինք ալ կը հաւատայ, թէ չպիտի կրնայ այլեւս շարունակել այս գործը մինակը: Մի՛ կարծէք, որ Պատուիրակութեան անդամներուն մնալովը Փաշան ալ կրնայ մնալ: Ինք կարող դեր-նախագահ մը ունենալ ուզեց իրեն աջակից եւ անունն ալ տուաւ: Մինչեւ որ ասիկա չըլլայ՛ չպիտի ուզէ Պատուիրակութեան մէջ մնալ: