Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/660

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ֆնտգլեան. Բայց Փաշային անձի եւ կամ կարողութեան մասին ոչինչ ըսուեցաւ որպէսզի այդ վհատութիւնն արդարանար: Եղած քննադատութեանց արժէքը յայտնի եղաւ տրուած բանաձեւերէն: Կարծեմ Փաշան ստացաւ ամեն գոհացում, եւ պէտք չէ պատճառ մը ունենայ վհատելու: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Վսեմ. Նախագահին առաջարկած լուծումը լաւագոյն բանն է, որ կրնանք ընել այս դժբախտ խնդիրը պատուաւորապէս փակելու եւ ընդհատուած աշխատութեանց ընթացք տալու համար: Ատենը թանկագին է ինչպէս երբեք չէ եղած, աշխատինք ժամ առաջ հարթելու այս կնճռոտութիւնները:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մենք խնդիրները շփոթելու վրայ ենք, որով վիճաբանութիւնը անօգուտ կը դառնայ եւ իրար չենք հասկնար: Փաշան ինծի հարց դրաւ, թէ երկու գործ կայ ընելիք: Մէյ մը՛ տիրէքթիւները գծել, մէյ մըն ալ՝ Պատոփրակութիւն մը ընտրել, եւ ինք ալ ըսաւ, որ տրամաբանական է նախ տիրէքթիւները գծել եւ յետոյ Պատուիրակութեան կազմութեան վրայ խորհիլ՝ հետապնդուելիք գործերու կարեւորութեան համեմատ: Հետեւաբար, կառաջարկեմ, որ անձերու հարցը մէկ կողմ թողունք եւ զբաղինք տիրէքթիլներով: Ասիկա նոյն ատեն մեզի միջոց կընծայէ առանձին տեսակցութիւններով խորհրդակցելու եւ Պատուիրակութեան կազմութեան մասին գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները դիւրութեամբ հարթելու:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Մինչեւ տիրէքթիւներու պատրաստութիւնը՝ Պատոփրակութիւն չպիտի՞ ըլլայ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պատոփրակութիւնը, բնականաբար, կը մնայ եւ իր աշխատութխնը կը շարունակէ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Այն ատեն կրնայ երկու ամիս տեւել այս խնդիրը:

Տիար Ֆնտգլեան. Եթէ ոչ աւելի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Չեմ կարծեր, որ այղքան երկար տեւէ եւ չեմ կարծեր, որ աւելի չըսեմ գործնական՝ գոնէ տրամաբանական միջոց մը գտնել կարելի ըլլայ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Քանի մը խօսք ալ պիտի ըսեմ տիրէքթիւներու մասին: Առաջին խնդիր մը սա է, թէ Պատոփրակութիւն մը պիտի մնա՞յ, թէ՝ ոչ: Երկրորդ՝ մինչեւ ե՞րբ պիտի մնայ: Երրորդ՝ ի՞նչ ունի ընելիք այդ տեւողութեան միջոցին: Չորրորդ՝ ի՞նչ ջանք տակափն կայ ընելիք՝ միւս Պատուիրակութեան հետ միացումը իրականացնելու համար: Հինգերորդ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան ջնջուելէն ետք՝ Հայաստանի չկցուած հայկական հողամասերու խնդրով ո՞վ պիտի զբաղի Վեհաժողովին առջեւ: Վեցերորդ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ պիտի ստորագրուի՞ դաշնագիրը: Կան տակափն հատուցման խնդիրը եւ մանտայի խնդիրը, որ կարեւորներէն մէկն է անտարակոյս:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Ես կառաջարկեմ այսօր իսկ, անմիջապէս քուէի դնենք Պատուիրակութեան մնալու կամ չմնալու խնդիրը:

Տիար Ֆնտգլեանի այս առաջարկութեան մասին թեր ու դէմ խօսեցան մէկ քանի պատգամաւորներ:

Ի վերջոյ, Համագումարը պէտք տեսաւ յաջորդ նիստին յետաձգելու այդ առաջարկութեան քուէարկութիւնը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. - 430, ց. 1, գ. 65, թթ. 1-39: Ձեռագիր: Բնագիր: