Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/661

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ Ի

19 Յանիս, 1920, ժամը 4 1/2 -ին.

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.

եերկայ էին 13 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թեքէեան, Թումայեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Վերկազմաթիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

2. Տեղեկագիր Դաշնագրի Քննութեան Յանծնաժողովին

Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Երկու խնդիր ունինք, որոնց մասին պիտի խօսինք այսօր: Առաջին՝ Դաշնագրին Քննութեան Յանծնաժողովին եզրակացութիւնները, եւ երկրորդ՝ այն խնդիրը, որով երէկ զբաղեցանք, այսինքն՝ Պատուիրակութեան ամբողջացման խնդիրը: Դաշնագրին Քննութեան Յանծնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Չօպանեան խնդրեց, որ նախապատուութիւնը տրոլի երկրորդ խնդրին, որովհետեւ յիշատակագրի նախագիծը տակաւին օրինակուելու վրայ է: Ուրեմն, կը շարունակենք զբաղիլ երկրորդ հարցով:

Տիար Գ. Սինապեան. Խորհրդակցութեան չսկսած՝ յայտարարութիւն մը պիտի ընեմ: Այս առտու տեսնուեցայ Փաշային հետ. ինք դարծեալ կը պնդէ, որ եթէ Նորատունկեան էֆենտի չհաւանի Պատուիրակութեան մէջ մտնել՝ պիտի հրաժարի: Փաշան խնդրեց, որ այս պարագան ժողովիդ հաղորդեմ. արդէն ինք ալ պիտի գայ եւ անշուշտ նոյնը պիտի կրկնէ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բայց ատիկա անել մըն է եւ ոչ մէկ բանի կրնանք յանգիլ՝ եթէ այդ անել ճամբան մէջ մնանք: Անգամ մըն ալ կը խնդրեմ, որ այլեւս իմ անծին շուրջը խնդիր չըլլայ այս առթիւ:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Բայց այս խնդիրներէն առաջ՝ երբ Փաշան առաջին անգամ այս ժողովին մէջ բաղծանք յայտնեց, որ մասնակցիք Պատուիրակութեան, այսքան վճռական կերպով մը չմերժեցիք, ինչ որ յուսադրեց Փաշան ալ, մեզ ալ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Միշտ վճռական էի: Ես մեղմ կերպով մը ըսի, որովհետեւ խառնուածքով ալ մեղմ եմ արդէն, բայց չհասկցուեցաւ, որով՝ կրկնուելով կրկնուելով՝ հետզհետէ խստացաւ իմ մերժման ծեւը: Եւ արդէն այն համոզումն ունիմ, որ Պատուիրակոլթենէն դուրս մնալով՝ ի պահանջել հարկին ծառայութիւն մը կրնամ մատուցանել: Իմ չէզոք դիրքս՝ օրինակի համար՝ ինծի կը թոյլատրէ, որ երբ պէտք ծագի, միացման գիծ մը դառնամ երկու Պատուիրակութեանց միջել, երբ իրենց տեսակէտները համածայն չըլլան իրարու հետ: Յետոյ կան խնդիրներ, որոնց Պատուիրակութիւնը չուզէր անծամբ միջամտել, եւ որոնց համար անհրաժեշտ է կէս մը չէզոք անծի մը միջամտութիւնը: Այդ պարագաներում մէջ ալ իմ դերս օգտակար կրնայ դառնալ: Պատուիրակութիւնը, երբ որ ուզէ, միշտ պատրաստ եմ ամբողջ օժանդակութիւնս բերել իրեն, ինչպէս ըրած եմ արդէն անցեալին մէջ անպաշտօն կերպով:

Տիար Գ. Սինապեան. Բայց խնդիրը պէտք է լուծել: