Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/662

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Փաշան երեկ չպահանջեց, որ անպատճառ Նորատունկեան էֆենտին ըլլայ իրեն տրուելիք զորավիգը:

Տիար Գ. Սինապեան. Այո, բայց այսօր այդ պայմանը դրաւ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Մենք այն հաւատքն ունինք, թէ Համագումարին տուած վստահութեան քուէով այս հրաժարականի խնդիրը վերջապէս փակուած է այլեւս:

Տիար Արշակ Չօպպնեան. Կառաջարկեմ, որ ժողովը նախ իր որոշումը տայ այն հարցին նկատմամբ, որ մէջտեղ դրուեցաւ երէկ. թրքահայ Պատոփրակութիւն մը պէ՞տք է մնայ, թէ՞ ոչ: Նախ պէտք է լուծել այս հարցը: Ատկէ ետքը կը մնայ գտնել ուրիշ յարմար անձ մը իբր փոխ-նախագահ, որպէսզի թրքահայ Պատոփրակութիւն մը միշտ իրեն նախագահ ունենալով Փաշան, թրքահայոց դատը շարունակէ հետապնդել գոնէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Կառաջարկեմ, որ անմիջապէս քուէի դնենք այս հարցը, որովհետեւ կասկած չկայ, որ դաշնագրին եզական հանգամանքին բերումով՝ թրքահայոց խնդիրը բաց եւ անլոյծ կը մնայ, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարծնէ այդ խնդրին անունով առանձին Պատուիրակութեան մը գոյութիւնը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Երէկ ըսուեցաւ, թէ այլեւս անյարմար է, որ երկու Պատոփրակութեանց կողմէ ըլլան նոր դիմումները, ըսուեցաւ նաեւ, որ նոր Պատուիրակութիւնը ի՞նչ ունի այսուհետեւ ընելիք: Որպէսզի Ազգ. Պատուիրակութեան մը գոյութեան ամէնէն անհաշտ հակառակորդներն իսկ համոզուին՝ պիտի ըսեմ: Երկու Պատուիրակութիւնները դաշնակից պետութեանց մօտ կողք-կողքի գործեցին սկիզբէն ի վեր, եւ մատուցուած պաշտօնագրերը կրեցին երկու Պատոփրակութեանց ալ նախագահներուն ստորագրութիւնը: Եւ պետութիւնները երբեք առարկութիւն չըրին ասոր դէմ: Մինչեւ Սան Ռեմօ այսպէս եղաւ, եւ Սան Ռեմոյի մէջ ալ մեր պահանջումները ներկայացուցեցան թէ՛ Պ. Ահարոնեանի եւ թէ՛ Փաշային ստորագրությամբ, մէկը իբր Հանրապետական կառավարութեան եւ միւսն ալ իբր irredime Հայոց ներկայացուցիչ: Ինչո՞ւ յանկարծ փոխուի այս դրութիւնը, որ նուիրագործուած է այլեւս պետութեանց մօտ, քանի որ Պատոփրակութեանց ձուլումը կարելի չեղաւ: Մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը՝ պէտք է գործերը վարուին այդ կերպով, եւ Փաշան ալ պէտք է ստորագրէ դաշնագիրը՝ հռչակելու համար թրքահայոց միացումը Հանրապետութեան: Անկէ ետքը, ի հարկէ, այն հայերը, որոնք Հանրապետութենէն դուրս պիտի մնան, պէտք պիտի ունենան իրենց ճակատագրով զբաղող մարմնի մը: Ո՞վ պիտի ըլլայ այս մարմինը, ո՞վ պիտի ընտրէ զայն, նոր համագումա՞ր պիտի հրաւիրուի ատոր համար: Ասոնք վերջի խնդիրներ են: Հիմա անհրաժեշտը սա է, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է մնայ գոնէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Շատ խնդիրներ կան, որոնք իրեն կապուած էին. կը յիշեմ մեր մանտայի ամէնակարեւոր հարցը: Այս խնդիրները պէտք է իրմով լուծում գտնեն:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Տիար Չօպանեանի ըսած Փաստերը, որոնք իբր թէ պիտի համոզէին նոյնիսկ ամէնէն անհաւատները, որոնցմէ մէկն ալ ես եմ, կերեւայ՝ իր աչքին, ո՛չ միայն համոզիչ չեն, այլ՝ հակառակը կապացուցանեն: Համագումարը անցեալ տարի Պատուիրակութեան կազմութիւնը ո՛չ թէ անհրաժեշտ նկատեց, այլ՝ համակերպեցաւ եղած դրութեան: Բայց այս պայմանները, որոնք կային անցեալ տարի, գոյութիւն չունին այսօր: Անցեալ տարի երեք գլխաւոր առարկութիւններ կ՚ընէին զուտ Ազգային Պատուիրակութեան մը գոյութիւնը հիմնաւորելու համար: Առաջին՝ Հանրապետութեան ճանչցուած չըլլալը: Երկրորդ՝ ռուսական վտանգը: Երրորդ՝ կը շեշտուէր, որ Հայկական Խնդրին ծանրութեան կեդրոնը թրքահայկական դատը կը կազմէ: Ասոնցմէ ո՛չ մէկն այլեւս գոյութիւն ունի: Հիմա, ըսել, թէ թրքահայ դատը պաշտպանելուն համար յատուկ Պատոփրակութիւն մը պէտք կայ՝ սխալ է: Կըսոփ, թէ մանտայի հարցին մէջ Ազգ. Պատուիրակութիւնը մեծ դեր ունի կատարելիք: Բայց այս ալ անընդունելի է, որովհետեւ այս ուղղութեամբ ամեն գործ կիյնայ Հանր.