Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/663

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կառավարութեան: Ասկէ զատ կայ նաեւ այն պարագան, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ինքզինքը կը նկատէ ամբողջ արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, հետեւաբար՝ ոչ միայն Հայաստանի կցուելիք հողամասերէն դուրս մնացած հայկական նահանգներուն եւ Կիլիկիոյ, այլեւ եւրոպական մյուս գաղութներում: Արդ, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ այսպիսի մարմին մը իրեն մեծ դեր վերագրէ մանտայի խնդրին նկատմամբ, որ կը վերաբերի կցուելիք հողամասերում, որոնք ո՛չ մէկ պարագայի տակ երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հողամասերէն աւելի ընդարձակ ըլլալ չեն ենթադրուիր: Այս տեսակ յաւակնութիւն մը իրական եւ իրաւական ո՛չ մէկ հիմ ունի: Հետեւաբար, պէտք չեմ տեսներ թրքահայ դատին համար առանձին Պատուիրակութեան մը անհրաժեշտութեան: Մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը անոր գոյութեան հետ կրնամ հաշտուիլ: Բայց այն պայմաններուն տակ միայն, որոնց մասին քանի անգամ առիթ ունեցայ արդէն խօսելու:

Կը խնդրեմ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ նկատողներ տան հետեւեալ հարցումին պատասխանը: Եթէ միացման մասին Երեւանի բանակցութիւնները յաջող ելքի մը յանգած ըլլային, ամիսներ առաջ արդէն այլեւս չէինք ունենար Ազգ. Պատուիրակութիւնը մը: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այժմ նորէն Ազգ. Պատուիրակուվիւն մը ստեղծելու մասին պիտի խորհէի՞ն, եւ ինչո՞ւ: Եւ եթէ այդ միացմամբ Ազգ. Պատուիրակութեան մը նորէն կեանք չտայինք, թրքահայ դատը ստացած պիտի ըլլայինք: Ընդունինք ուրեմն, որ Ազգ. Պատուիրակութեան մը գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն մը չէ: Երբ յաճախ ակնարկուած դժուարութիւնը այժմ ինքնին կը վերնայ, մեգի կը մնայ միայն խորհիլ այն միջոցներուն մասին, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն կառավարութեան միջոցով Հանր/ապետութեան/ Պատ/ուիրակութեան/ մէջ մտցնել երկու կամ երեք արեւմտահայեր, որոնք թրքահայոց պայմաններուն աւելի ծանօթ կրնան ըլլալ: Սեծ պետութիւններն ալ այս երկուութեան համակերպած են ինչպէս մենք, Եւ ո՛չ թէ անհրաժեշտ նկատած են զայն, եւ յաճախ ալ զգացուցած են այս դրութեան վնասակարութիւնը մեր դատին համար: Այնպէս չէ՞, Տիար Չօպանեան:

Տիար Չօպանեան. Այո՛, որովհետեւ երկոլքին միջել վէճեր առաջ եկած են:

Տոքթ. Բարսեդեան. ճիշդ ասոր համար ալ պէտք է ժամ առաջ վերջ տալ այդ երկուութեան: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ եթէ այս տեսակ պատասխանատու որոշում մը տան եւ նոր Պատ/ուիրակութիւն/ մը ընտրենք, անիկա պիտի ունենա՞յ պէտք եղած հեղինակութիւնը իր ետին, երբ այսպէս նուազած Համագումարի մը քանի մը քուէներով ընտրուի:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Հարցը դրուած է այն ձեւով, որ Պատուիրակութիւնը պէ՞տք է մնայ, թէ՞ ոչ: Ես կը կարծեմ, որ Պատուիրակութեան գոյութիւնը մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը պահելու առաջարկը այն դրական իմաստով է, որ դաշնագիրը կը ստորագրէ մեր յոյսերու minimum պսակումով: Հակառակ պարագային՝ կարելի չէ ըսել, որ Պատուիրակութեան դերը կը լրանայ. ան իր դերը եւ իր համարատուութիւնը ունի յանձնելիք կա՛մ նոր համագումարի մը, որու մասին պէտք է խօսինք, կա մ Պոլսոյ Ազգ. Երեսփ. ժողովին եւ կամ՝ համաձայնութիւն գոյացած պարագային՝ Հայաստանի խորհրդարանին:

Վիճաբանութիւնը վերջ գտած ըլլալով, Վսեմ. Նախագահը քուէի դրաւ նախ Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօդոս Փաշայի հրաժարականին մերժումը:

14 ներկաներու 13-ին քուէով՝ մերժուեցաւ Պատուիրակութեան Նախագահին հրաժարականը:

Միայն Տիար Տոթք. Բարսեդեան հակառակ քուէ տուաւ, պատճառաբանելով, թէ քանի որ Փաշան կը պնդէր իր հրաժարականին վրայ, ինք պէտք չի տեսներ, որ Համագումարը պատրաստ է անկարելիին:

Յետոյ քուէի դրուեցաւ Պատուիրակութեան միւս անդամներուն հրաժարականին մերժումը: