Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/664

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տէրպէտէրեան. Պատոփրակութեան միւս անդամներում ալ հրաժարականին մերժման ես ալ համամիտ եմ, պայմանաւ, որ որոշ ըլլայ, թէ առանց Ն. Վսեմութիւն Փաշային՝ Ազգ. Պատոփրակութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, միայն Փաշային համար է, որ կը համակերպիմ մինչեւ դաշնագրի ստորագրութիւնը Ազգ. անջատ Պատուիրակութեան մը գոյութեան:

14 ներկաներու 13-ին քուէով՝ մերժուեցաւ Պատուիրակութեան միւս անդամներուն հրաժարականը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան դարձեալ հակառակ քուէ տուաւ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մենք կը մերժենք իրենց հրաժարականը, բայց ասիկա չի բառնար Պատուիրակութեան վերակազմութեան խնդիրը, որ կայ մեր օրակարգին վրայ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Եթէ ժողովդ փափաքի՝ կրնայ որոշել նաեւ, թէ Պատուիրակութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ինծի կը թոփ, թէ այդ հարցը չենք կրնար որոշել մինչեւ որ տիրէքթիւները չսահմանենք: Ընդհակառակը՝ պէտք է քուէարկենք, թէ Պատուիրակութիւն մը պէ՞տք է մնայ կամ ոչ, առանց որոշելու թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը, որուն տեւողութեան սահմանումը տիրէքթիւներէն պիտի բղխի:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բայց արդէն մեր քուէարկութեան նպատակը ատ էր:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Արդէն իրենց հրաժարականը մերժելուս նպատակն էր, որ մնան ու շարունակեն իրենց պաշտօնը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Կարծեմ սա ձեւով բանաձեւ մը կրնանք անցընել, թէ Պատուիրակութիւնը պէտք է շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ դաշնագրին նպաստաւոր կերպով ստորագրութիւնը:

Տիար Դաւիթ-Բէկ. Ո՛չ միայն պէտք է սպասենք մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը, այլ նաեւ մինչեւ անոր վաւերացումն ու գործադրութիւնը: Ըստ իս՝ մեր Պատուիրակութիւնը պէտք է գոյութիւն ունենայ մինչեւ դաշնագրին գործադրութիւնը, որպէսզի երբ Թրքահայաստանէն մասեր կցուին Հանրապետութեան, կարենայ հռչակել թրքահայոց միացումը իրենց ռուսահայ եղբայրներուն:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Կառաջարկեմ, որ այժմ սկսինք տիրէքթիւներու մասին խորհրդակցութեան:

Համագումարն անցաւ տիրէքթիւներու հարցին քննութեան:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Պատուիրակութեան վիճարկած գործերուն մէջ կայ նախ դաշնագրին սրբագրութեան համար կատարուելիք ձեռնարկը: Ամէնքս ալ կարծեմ համամիտ ենք այդ մասին: Ել արդէն՝ քիչ մը վերջ պիտի կարդացուի այն յիշատակագիրը, որ այդ նպատակով պիտի մատուցոփ Գերագոյն Խորհուրդին: Երկրորդ՝ Պատուիրակութիւնը պիտի խորհի, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Թրքահայաստանի մէկ մասին կցումը Հայկական Պետութեան: Կրնայ ըլլալ, որ դաշնագրին ստորագրութենէն առաջ ալ հնարաւոր դառնայ այդ հողամասերուն Հայաստանի կցումը, օրինակի համար՝ ենթադրենք՝ թուրքերուն հետ գոյացած ուղղակի համաձայնութեամբ մը, եթէ կարելի ըլլայ: Երրորդ՝ տակաւին ատեն մը պիտի մնանք այն տեսակ դրութեան մը մէջ, որ եթէ երկու Հայաստանները միանան, պէտք պիտի ըլլայ կիրարկել ռուսական օրէնքները՝ Ռուսահայաստանի եւ թրքական օրէնքները՝ Թրքահայաստանէն կցուած մասերում մէջ: Այս վիճակը պիտի տեւէ՝ մինչեւ որ նոր օրինագիրք մը ունենայ Հայկական Պետութխնը: Պատուիրակութիւնը կրնայ օրէնսգէտ անծերու աջակցութեամբ, հիմակուընէ աշխատիլ այդ նպատակով: Չորրորդ՝ կան տէրութեանց մօտ Եւրոպայի մէջ ըլլալիք դիմումները: Բնական է՝ անհրաժեշտ է, որ այդ դիմումները կատարուին մեր Հանրապետութեան ներկայացուցչին հետ համախորհուրդ, սերտ գործակցութեամբ մը, որ դժբախտաբար,