Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/665

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարելի չեղաւ մինչեւ այսօր: Անցեալ տարի թէեւ Ամբողջական Հայաստանի Պատոփրակութիւն ըսինք, բայց ամեն կէտերու մէջ կարելի չեղաւ համերաշխ ու էապէս միացեալ գործունէութիւն մը: Անշուշտ այլեւս ատենն է, որ հակամարտութիւնները վերնան եւ աշխատութիւնները կատարուին ձեռք-ձեռքի: Հինգերորդ՝ կայ մանտայի հարցը: Եւ տակաւին անոր նման ուրիշ շատ խնդիրներ կը գտնուին Պատուիրակութեան օրակարգին վրայ: Այս բոլորը, զորս կը յիշատակեմ անցողակի կերպով մը, կրնան նկատողութեան առնոփլ տիրէքթիւներու պատրաստութեան միջոցին:

Տիար Ա. Չօպանեան. Մանտայի խնդիրը մանաւանդ Ազգ. Պատուիրակութեան վերաբերող ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկն է: Եւ արդէն՝ թրքահայերը մասնաւորապէս շահագրգռող խնդիր մըն է. քանի որ հիմնուած է Ազգերու Ընկերակցութեան դաշնագրութեան 22-րզ յօդուածին վրայ, որ սոսկ թրքահայոց կը վերաբերի: Ես պիտի փափաքէի, որ այսօր իսկ Համագումարը զբաղեր այդ խնդրով:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես կը կարծեմ, որ Պատուիրակութեան պարտականութիւններէն ամէնէն կարեւորը մոռցանք: Պատուիրակութեան պարտքն է նաեւ ուշադիր հետեւիլ քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնք այսօր առաւել քան երբեք սպառնալից, են հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութեան: Կայ պոլշեւիկութեան ստեղծած դրութեան վտանգը, կայ թուրք միլլիներու վտանգը, կայ տակաւին Կիլիկիոյ օրհասական վիճակը: Ասոնց ամենը՝ հայ ժողովուրդին աչքերը կը դարձնեն դեպի Ազգ. Պատոփրակութիւնը, եւ Պատուիրակութիւնը չի կրնար իր գործունէութիւնը սահմանափակել միայն քանի մը շրջաններու Ռուսահայաստանի կցման աշխատանքին մէջ: Այդ շրջաններէն դուրս կը մնան ուրիշ շատ մը հայ շրջանակներ, որոնց ֆիզիքական գոյութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրաւանց պաշտպանութեան, նոյնպէս նաեւ Կիլիկիոյ նման կարգ մը շրջանակներու մասնատր առանձնաշնորհեալ ռեժիմ մը ապահովելու հոգերը Ազգ. Պատուիրակութեան կը պատկանին: Պատուիրակութիւնը պէտք է անդուլ խորհի, թէ ի՞նչ կրնանք փրկել, թէ այն մեր այն խեղճ ազգակիցները, որոնք պիտի մնան Հայաստանի սահմաններէն դուրս, ի՞նչ կերպով կրնանք փրկել:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Այդ գործով ո՛չ Համագումարը, ո՛չ ալ տիրէքթիւներու պատրաստութեան համար կազմուելիք յանձնաժողովը կրնան գբաղիլ: Այս առաջարկը կուզէ շեշտել Եւրոպայի մէջ տեւականապէս գոյութիւն ունենալիք մարմնի մը կամ Պատուիրակութեան անհրաժեշտութիւնը: Կընդունիմ, որ չկցաած հայկական հողամասերու մէջ գտնոտղ հայերը իրենց շահերուն պաշտպանութեան նոփրուած մարմին մը ունենան: Բայց ատիկա ո՛չ այս Պատուիրակութիւնը, ո՛չ ալ Համագումարը կրնան որոշել: Ատիկա Եւրոպայի ղրկուելիք հրահանգներով չըլլար, այլ՝ տեղին ժողովուրդը եւ պայմանները պիտի ընեն: Մենք հիմա չենք կրնար ատով զբաղիլ: Եւ յետոյ, դաշնագիրի ստորագրութենէն եւ գործադրուելէն ետք պէտք է սպասել ժամանակ մը, որպէսզի տենենք, թէ ի՞նչ տեսակ պայմաններ կը ստեղծուին:

Տիար Թէրզիպաշեան. Պիտի լրացնեմ առաջարկութիւնս, ըսելով որ Հանրապետութեան կառավարութիւնը, դաշնագրին ստորագրութենէն վերջ, իրաւական տեսակէտով չի՛ կրնար Հայաստանի սահմաններէն դուրս մնացած մասերու ժողովուրդներուն, օրինակ՝ կիլիկեցիի մը կամ խարբերդցիի մը ձգտումներում արտայայտիչը ըլլալ: Ատիկա այդ ժողովուրդներուն իրաւունքն է, որ ներկայացուցիչներու միջոցաւ առանձին օրվանով մը պէտք է արտայայտէ իր ձգտումները: Ել այդ ներկայացուցիչները խտացած են այս Հանագումարին մէջ եւ ունին իրենց գործադիր, օրկանը որ Ազգ. Պատոփրակութիւնն է:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Տիրէքթիւներու մասին խօսուած ատեն մենք պէտք է նկատի ունենանք, մեր արտաքին քաղաքականութենէն վերջ, ներքին քաղաքականոլթիւնը, քանի որ այս վերջին տեսակէտով ալ Պատուիրակությունը որոշ դեր կատարեր է անցեալին մէջ, եւ հետեւաբար՝ ապագային նկատմամբ ալ ունի որոշ