Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/666

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դեր, պարտտկանութիւն ու պատասխանատոտւթիւն: Պատուիրակութեան տեւողութեան մասին, ըստ իս, պէտք է նկատի ունենալ զանազան պատահականութիւններ: Չի բաւեր ըսել, որ Պատոփրակութիւնը պէտք է գոյութիւն ունենայ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը, եւ յետոյ լուծուի. որովհետեւ՝ մինչեւ այդ՝ դրութիւնը կրնայ բոլորովին փոխուած ըլլալ եւ նոր գործեր թելադրել: Պէտք է նախատեսենք երկու գլխաւոր կարելիութիւն: Առաջին՝ կը ստորագրուի դաշնագիր մը, որուն մէջ Տաճկահայաստանի իրաւունքները գէթ նուազագոյն չափով մը յարգուած են: Երկրորդ՝ կը ստորագրուի դաշնագիր մը, որուն մէջ բոլորովին ոտնակոխ եղած է Տաճկահայաստանը եւ անկէ ո՛չ մէկ հողամաս կամ փոքր հողամաս մը կը միացուի Հանրապետութեան: Առաջին պարագային՝ Պատուիրակութեան արտաքին գործը վերջացած պէտք է համարել, երբ Տաճկահայաստանի ազատագրեալ մասը գրաւուի ու միացուած ըլլայ Հանրապետութեան: Երկրորդ պարագային՝ Պատուիրակութեան գործը վերջացած չէ, եւ ըստ իս, պէտք է որ, համաձայն Պոլսոյ Ազգ. Երեսփ. ժողովին հետ, հրաւիրէ նոր Արեւմտահայ Համագումար մը, որ որոշում տայ ապագայի մասին: Իմ համեստ կարծիքովս, այս երկրորդ պարագային, որ կը համապատասխանէ տաճկահայ դատին ամբողջական կամ գրեթէ ամբողջական վիժման, Ազգ. Պատոփրակութիւնը պէտք է փոխադրոփ Ամերիկա եւ հոն ու անկէ շարունակէ պայքարիլ նոր թափով, հայութեան ոտնակոխ եղած իրաւունքներուն համար, մասնատրապէս կոչ ընելով Ամերիկայի, որ վերջին տարուան ընթացքին մեծագոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց մեզի հանդէպ: Առաջին՝ այսինքն մեր նուազագոյն գոհացում ստանալու պարագային, Ազգ. Պատոփրակութիւնը, որ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել ամբողջ Հայաստանի եւ ւսրեւմտահայութեան շահերը, պէտք է վերջ գտնէ եւ պէտք չէ, որ զբաղի ոչ-փրկեալ Հայաստանով ու հայութեամբ: Հայութեան այդ մասին պէտք է թողուլ որոշել իր դիրքը, համակերպիլ կամ ոչ: Պատոփրակութիւնը շատ-շատ կրնայ գաղտնի թելադրութիւններ ընել ոչ-փրկեալ հայութեան, Պոլսոյ Ազգ. ժողովին միջոցով: Գալով ներքին քաղաքականութեան եւ մասնատրապէս միացման հարցին, որ չլուծուեցաւ ցարդ, ամեն ոք գիտէ, թէ որո՛ւ յանցանքով:

Ես կառաջարկեմ հետեւիլ սա ծրագրին: 1. Պատոփրակութիւնը կառաջարկէ Երեւանի կառավարութեան՝ միացումը կատարել նուազագոյն ծրագրի մը հիման վրայ, որ կը կազմէ կառավարութեան առաջարկներն իսկ, պատշաճեցուած ներկայ դրութեան: Անելով այս առաջարկը, Պատուիրակութիւնը կը յայտարարէ, որ անոր մերժման պարագային՝ ստիպուած պիտի ըլլայ խնդիրը ենթարկելու նոր Արեւմտահայ Համագումարի մը: 2. Մերժումի պարագային՝ Պատուիրակութիւնը պէտք է ձեռնարկէ նոր Արեւմտահայ Համագումարի մը ընտրութեան: Ընտրութիւնը կը կատարուի ընդհանուր ժողովրդական քուէարկութեամբ: Համագումարը բաղկացած պէտք է ըլլայ շուրջ 50 անդամէ, ամբողջովին ընտրուած տաճկահպատակ արեւմտահայութենէն: Ընտրելու ակտը պիտի նկատուի՝ ամեն ընտրողի համար՝ համազօր հայկական քաղաքացիութեւսն խնդրանքի: Համագումարը կը հաւաքոփ Երեւան, կը քննէ Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը, ու յետոյ, ինք ըլլալով ւսրեւմտահայութեան գերագոյն ներկայացուցչութիւնը, կը բանակցի ուղղակի Երեւանի խորհրդարանին հետ, միացման հարցին շուրջ: Համագումարին իշխանութիւնը բացարձակ է, ան, համաձայնութեան պարագային, կրնայ ինքզինքը նկատել միացեալ խորհրդարանի արեւմտահայ կէսը, եւ իբր այդ մտնել Երեւանի խորհրդարանին մէջ, այդպէսով առաջ բերելով հայութեան երկու հատուածներուն վերջնական ձուլումը:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Կուզէի որոշապէս գիտնալ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը իրեն պարտք պիտի նկատէ՞ դիւանագիտական դիմումներ ընել եւ աշխատիլ, որ Հայաստանէն դուրս մնալիք հայոց համար՝ դաշնագրին փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան տրամադրութիւններուն վտիտ արդիւնքէն աւելի բան մը ձեռք բերոփ: