Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/667

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Չօպանեան. Բայց անշուշտ, իր ամէնէն էական պարտականութիւններէն մին է այդ թանը:

Համագումարը տակափն պահ մըն ալ շարունակեց վիճաբանութիւնը այն հարցին շուրջ, թէ Պատուիրակութիւնը մինչեւ ե՞րբ պէտք է մնայ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաւ, թէ օրինական տեսակէտով՝ դաշնագրին ստորագրութենէն վերջ Ազգ. Պատուիրակութիւնը չի՛ կրնար մնալ, ինչպէս չի՛ կրնար մնալ նաեւ Հանր. Պատուիրակութիւնը, որուն մէջ՝ Հւսնր/ապետութեան/ կառավարութիւնը կրնայ դիւանագիտական ներկայացուցիչ մը ղրկել: Գալով Թուրքիոյ մեջ մնալիք հայ ժողովուրդին, Ն. Վսեմութիւնը ըսաւ, թէ անոնք արդէն իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչներն ունին Ազգ. Երեսփ. ժողովին մէջ. եւ դաշնագրին մէջ կայ յօդուած մը, որ կապահովէ Սահմանադրութեան, հետեւաբար նաեւ Ազգ. ժողովին տեւականութիւնը: Եթէ ժողովուրդը պէտք տեսնէ նոր մարդ կամ նոր մարմին մը ղրկելու Եւրոպա, ինք իր պաշտօնական օրկաններով կորոշէ ատիկա, ինչպէս ըրեր է արդէն անցեալին մէջ: Կարելի է, որ նորէն Վսեմ. Պօղոս Փաշային կը յանձնէ այդ գործը: Ն. Վսեմությունը եզրակացուց, թէ Պատուիրակութիւնը պէտք է մնայ մինչեւ դաշնագրին ստորակյտւթիւնը:

Պատուիրակութեաճ անդամ Տիար Արշակ Չօպանեան յայտարարեց, թէ այդ ամենուն համաձայն է, ինչպէս արդէն յայտնած ալ է:

Պատուիրակութեան տեւողութեան խնդիրը քուէարկութեան տրուելով, Համագումարը մեծամասնութեամբ որոշեց, որ Պատուիրակութիւնը իր պաշտօնը շարունակէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութխնը:

Տիար Տէր-Ստեփանեանը հակառակ արտայայտուեցաւ այս որոշման Ել ուզեց, որ ատենագրուի: Յետոյ կազմուեցաւ հինգ անդամէ բաղկացեալ յանձնաժողով մը, նոր տիրէքթիւներու մասին ծրագիր մը պատրաստելու համար: Յանձնաժողովին անդամ նշանակուեցան՝

Տիարք՝
Բարսեղեան
Թէրզիպաշեան
Չօպանեան
Սինապեան
Տէր-Սւոեփանեան

Համագումարը թելադրեց Յանձնաժողովին, որ կարելի եղածին չափ շուտով բերէ իր եզրակացութիւնները:


1. Տեղեկագիր Դաշնագրին Քննութեան Յանձնաժողովին

Համագումարը անցնելով Դաշնագրի Յանձնաժողովի տեղեկագրին քննութեան, խօսք առաւ տեղեկաբեր Տիար Արշակ Չօպանեան.

Ինչպէս գիտէք՝ թրքական դաշնագրի՝ հայոց վերաբերող յօդուածներու մասին Հայկական Պատուիրակութեան դիտողութիւնները Գերագոյն Խորհուրդին ներկայացնող յիշատակագիր մը խմբագրելու համար, Ազգ. Պատուիրակութիւնն իր կողմէ Պ. Պ. Աճէմեանի եւ Չայեանի աջակցությամբ, եւ Համագումարի՝ այդ նպատակաւ կազմած յանձնախումբը, քանի մը խառն նիստերէ յետոյ, օգտուելով նաեւ Պ. Պ. Պարթըլէմիի, տը լա Բրատէլի եւ Մանտէլշթամի յայտնած կարծիքներէն, երկուստէք եղած աշխատութիւնները միացնելով յօրինեց յիշատակագրի նախագիծը, զոր պիտի կարդամ ձեզի հիմա: Անոր մասին ձեր հաւանութիւնը ստանալէ յետոյ, պիտի ներկայացնենք զայն Պօղոս Փաշայի եւ Պ. Ահարոնեանի, եւ յետոյ պիտի յանձնենք Պ. Մանտէլշթամի, որ հաճի խմբագրութեան վերջնական ձեւը տալ անոր:

Տիար Արշակ Չօպանեան կարդաց յիշատակագրին նախագիծը: