Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/668

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ընթերցումէն վերջ, Դաշնագրի Քննութեան Յանձնաժողովին անդամներէն

Տիար Տէր-Ստեւիանեան Համագումարին ներկայացուց հետեւեալ երկու առաջարկները, զորս ըրած էր Յանձնաժողովին մէջ, առանց մեծամասնութիւն գտնելու եւ պահանջ դրաւ, որ Համագումարը արտայայտուի անոնց մասին:

Ա. պահանջել, որ իրաւարարութեան ենթարկուած չորս վիլայէթներու առնուազն կէսը, դաշնագրին ստորագրութենէն վերջ, մինչեւ որ իրաւարարութիւնը յայտնուի, թուրքերու կողմէ պարպուի եւ յանձնուի Հայ Հանրապետութեան կառավարութեան:

Բ. պահանջել, որ իրաւարարութեան ենթակայ չորս վիլայէթները, դաշնագրին ստորագրութենէն անմիջապէս վերջ, պարպուին թուրք զօրքերէն եւ իշխանութենէն եւ յանձնուին միջդաշնակցային յանձնաժողովի մը վարչութեան, մինչեւ իրաւարարութեան վախճանը:

Ն. Տէր-Ստեւիանեան

Քուէի տրուեցաւ այս առաջարկները յիշատակագրին կցելու հարցը, զոր յարոյց Տիար Տէր-Ստեփանեան: Երկու առաջարկներն ալ մերժուեցան առանձին քուէարկութեամբ: Առաջին առաջարկն ստացաւ մէկ եւ երկրորդը' հինգ քուէ: Համագումարը, սակայն, միաձայնութեամբ որոշեց Պատուիրակութեան հրահանգ տալ, որ երկրորդ առաջարկին իմաստով գրաւոր կամ բերանացի դիմում ընէ պետութեանց:

Յետոյ քուէի տրուեցաւ յիշատակագրի նախագիծը եւ ընդունուեցաւ տասնչորս ներկաներու 13-ին քուէով:

Ձեռնպահ մնաց Տիար Տէր-Ստեւիանեան, պատճառաբանելով, թէ յիշատակագրի նախագիծը դաշնագրին 89-րդ եւ 90-րդ յօդուածներուն մէջ Տաճկահայաստանի հարցը լուծուած չըլլալուն նկատմամբ պէտք եղած բողոքը եւ անկից հետեւող պահանջներ չի պարունակեր:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին:

ՀԱՍ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 65, թթ. 40-55: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԱ

22 Յունիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, Տոքթ. Բարսեղեան. Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ատենագրութիւն

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 18-ի եւ 19-ի նիստերու ատենագրութիւնը:

2. Մեկնում Անգլիոյ հայ գաղութի պատգամաւոր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեանի: