Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/669

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան ժողովին ծանոյց, թէ Անգլիոյ հայ գաղութի պատգամաւոր եւ Համագումարի Ա. ատենադպիր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան. անձնական հարկեցուցիչ պատճառով մը ստիպուած էր մեկնիչ Անգլիա.

3. Նամակ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի, իւր հրաժարականի խնդրին նկատմամբ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան ժողովին հաղորդեց Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի հետեւեալ նամակը, զոր ստացած էր նիստին բացման պահուն իսկ.

ճարիզ. 20 Յոընիս 1920

Վսեմափայլ

Գաբրիէլ Նորատունկեանին

Նախագահ Ազգ. Համագումարին.

Տիար Նախագահ,

Երախտապարտ պիտի մնամ Ձեզի, եթէ բարեհաճիք այս նամակը հաղորդել Համագումարին, իւր վաղուան նիստին սկսած միջոցին, որովհետեւ կ՛իմանամ, թէ մերժած ըլլալով ընդունիչ հրաժարականս, մտադիր է ցրուիլ առանց ինձի յաջորդ մը ծանուցանելու, մինչդեռ ես, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ խոնարհութեամբ Ուրբաթի նիստին մէջ յայտարարած էի, թէ ֆիզիկապէս ի վիճակի չեմ այլեւս այսքան ծանր բեռ մը տանելու: Մնալով պարտականութեանս հակառակ վարուած պիտի ըլլամ, Եւ չպիտի կրնամ մեր ազգային դատին ի սպաս դնել այն ամբողջ գործունէութիւնն ու կորովը, որոնք անհրաժեշտ են իրեն: Ասիկա էր, որ պատիւը ունեցայ բացատրելու Համագումարին, երբ վստահութեան զգացմամբ մը, որու մասին իմ շնորհակալութիւնս յայտնեցի սրտանց, որ ինձմէ խնդրեց, որ ետ առնեմ հրաժարականս: Ինչպէս ըսած եմ արդէն, ո՛չ մէկ քուէ, որքան ալ բարեացակամ ըլլայ, չպիտի կրնայ վերահաստատել առողջութիւնս եւ ինծի վերադարձնել իմ ոյժերս: Իր պնդումներում վրայ, որոնց պատճառ ցոյց կու տար Պատուիրակութեան գլուխը իմ անունս պահելու անհրաժեշտութիւնը, հաւանեցայ ատոր, լալ մը ապացուցանելու համար իմ բարիկամեցողութիւնս եւ իմ անձնուիրութիւնս, ու միւս կողմէ որպէսզի իմ քաշուելուս նկատմամբ ցոյց չտան այն տեսակ պատճառներ, որոնց չպիտի ուզէի, որ վերագրեն, բայց ատոր հաւանեցայ այն պայմանաւ, որ բոլորովին պատուակալ պիտի ըլլար իմ մասնակցութիւնս եւ թէ Պատուիրակութեան գործօն նախագահութիւնը պիտի ստանձնէիք Դուք, որ ազգին մէջ ունեցած Ձեր դիրքով եւ ձեր քաղաքական ասպարէգով բոլորովին յարմար անձն էք այդ տեսակ պաշտօնի մը համար:

Խորապէս կը ցաւիմ, որ ընդունելու պատրաստ չզգացիք ինքզինքնիդ, եւ այսօր կ իմանամ, որ Համագումարը կը կարծէ, թէ հրաժարականս ընդունելու իւր մերժումը պէտք է բաւէ իրերը իրենց արդի կացութեան մէջ ձգելու համար, եւ թէ մօտ օրէն պիտի ցրուի պարզապէս նախկին Պատուիրակութեան մէկ կամ երկու անդամ աւելցնելէ ետք:

Կը պաղատիմ Համագումարին, որ չյանգի այս լուծման, որ լուծում մը չէ ինքնին, Եւ որ ինծի պիտի թողու ամբողջ պատասխանատուութիւնը աշխատութեան մը, զոր ոյժերս, կը կրկնեմ վերջին անգամ ըլլալով, չեն թոյլատրեր կատարել:

Ինչպէս բացարձակ կերպով յայտնեցի նիստի պահուն իսկ, մէկդի թողլով անձի ամեն նկատում, միակ ելք մը միայն կը տեսնեմ, այսինքն թէ Դուք ստանձնէք նախագահութիւնը նոր Պատուիրակութեան մը, զոր Համագումարը, տարակոյս չունիմ, թէ պիտի կարենայ ընտրել, իմ կողմէս ես ալ տրամադիր ըլլալով իմ անունս տալու պատուակալ կերպով, եթէ երբեք, ինչպէս բարեացակամութիւնը ունեցաք յայտարարելու, օգտակար դտտէք ատիկա: