Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/670

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը յուսամ, ուրեմն, որ Համագումարը ցրուելէ առաջ պիտի բարեհաճի ընդունիլ առաջարկութիւնս եւ անուանել նոր Պատուիրակութիւն մը: Թող ներուի ինծի աւելցնել, թէ Համագումարը, լոկ ինք ունենալով այս տեսակ որոշում մը տալու իրաւունքը, ծանր պատասխանատուութիւն մը պիտի ստանձնէ եթէ չտայ այդ որոշումը:

Կոչում կընեմ իւր հայրենասիրութեան, եւ անգամ մըն ալ իրեն յայտնելով իմ ամբողջ երախտագիտութիւնս այն վստահութեան համար, զոր այնքան սրտագորով կերպով մը քանիցս կը յայտնէ իմ մասին, կը խնդրեմ, որ ընդունիք, Տիար Նախագահ, իմ ամէնաանձնուէր զգացմանքս նոր հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Նամակին ընթերցումէն վերջ Տիար Գ. Սինապեան յայտնեց, թէ Փաշան նեյն առտուն իրեն տեղեկութիւն տուած էր այդ նամակին նկատմամբ եւ խնդրած էր, որ Համագումարը այսօր իսկ լուծէ այս հարցը: Տիար Սինապեան յարեց, որ եթէ նոյնիսկ Համագումարը Պատուիրակութեան աւելցնել ուզէր անոր գործունէութիւնը քննադատողներէն մէկն ալ, Փաշան պիտի ընդունէր, պայմանաւ, որ Նորատունկեան էֆենտի հաւանէր անդամակցիլ Պատուիրակութեան:

Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան կրկնեց այն պատճառները, զորս քանիցս յայտնած էր արդէն, եւ որոնք անհնար կը դարձնէին իր պաշտօնապէս մասնակցութիւնը Պատուիրակութեան: Ն. Վսեմութիւնը այս անգամ աւելի խոր մտաւ այդ պատճառներում, բացատրեց թէ ինչո՞ւ Պատուիրակութենէն դուրս մնալով պիտի կրնայ աւելի դրական, հետեւաբար նաեւ աւելի օգտակար աջակցութիւն մը բերել Պատուիրակութեան եւ ազգային դատին: Բացի այդ նկատումներէն, Ն. Վսեմութիւնը դարձեալ ըսաւ, թէ պիտի ստիպուի բացակայիլ մօտ ատենէն, բայց Եւրոպայի մէջ ըլլալով, ամեն անգամ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք տեսնէ իւր աշխատակցութեան, պիտի կրնայ գալ, ինչպէս արդէն ըրած է անցեալին մէջ: «Իմ մերժումս, յարեց Ն. Վսեմութիւնը,-աջակցութեան, օժանդակութեան մերժում մը չէ: Այստեղ գտնուիմ, թէ այլուր, միշտ պարտաւոր եմ ստանձնելու ամեն աշխատութիւն, որ կը ձգտի մեր դատին փրկութեան»:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, յանուն ամբողջ Համագումարին, անգամ մըն ալ կոչում ըրաւ Ն. Վսեմութեան, որպէսզի ի բաց թողու իւր հաւանութեան արգելք դարձող նկատումներն, որքան ալ յարգելի ըլլան անոնք, եւ յիշեցուց այս առթիւ, թէ Վսեմ. Նորատունկեան էֆենտի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գործած է միշտ անձնական պատասխանատուութեամբ, թէ՛ ազգ. հարցերու մէջ եւ թէ՛ այն պետական բարձր պաշտօններուն մէջ, որոնք վստահուած են իր մեծ ձեռնհասութեան եւ հմտութեան: Եթէ այս խնդիրը չլուծուի, յարեց Ն. Ամենապատուութիւնը, Պատուիրակութիւնը պիտի քայքայուի, եւ ասիկա շատ գէշ տպաւորութիւն մը առաջ պիտի բերէ ամբողջ ազգին մէջ եւ շատ ալ ծանրակշիռ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ազգը մեծ յոյսեր դրած էր Պատուիրակութեան վրայ: Պատուիրակութեան քայքայումը այս պայմաններուն մէջ տեսակ մը անպատիւ վերջաւորութիւն է, եւ նոյնքան անպատիւ կերպով մը քանդումը ազգին սնուցած յոյսերուն: Այլեւս հայրենասիրութեան խնդիր չէ ասիկա, այլ՛ պպտուոյ խնդիր: Այսօր ազգին պատիւը փրկելու պիտի աշխատինք եւ ասիկա կարծեմ մեծագոյն հայրենասիրութիւնն է: Ով որ կրնայ իր աշխատութեան բաժինը բերել այս փրկութեան գործին, պէտք է ի բաց թողու ուրիշ ամեն նկատում, որքան ալ հարկեցուցիչ ըլլան: Ն. Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ այս տեսակէտը ինքնին պիտի բաւէ համոզելու Վսեմ. Նորատունկեան էֆենտին, որուն անդամակցութիւնը ո՛չ միայն շատ կենսական ու անհրաժեշտ ոյժ մը պիտի աւելցնէ Պատուիրակութեան, այլ նաեւ պիտի կազդուրէ Փաշան- որպէսզի նոր կորովով մը փարի իր գործին: