Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/671

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Բրօֆ. Թումայեան համիմաստ բաղձանք մը յայտնեց, աւելցնելով, թէ Համագումարի նախագահութխնը աւելի անձնական պատասխանատոտւթիւն կ՚ենթադրէ, քան Պատոփրակութեան անդամակցութիւնը, քանի որ Պատոփրակութիւնը բղխած է Համագումարէն:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մեր Նախագահին տուած բացատրութիւնները իւր մերժման մասին շատ յարգելի էին եւ կրնան ժողովին վրայ տպատրութխն գործել: Կը հաւատամ, որ Պատոփրակութենէն դուրս մնալով՝ որոշ խնդրի մը մէջ կարենայ աւելի օգտակարապէս աշխատակցիլ: Սակայն, Պատոփրակութիւնը ուրիշ կարեւոր գործեր ունի կատարելիք, որոնց համար իր ուղղակի մասնակցութիւնը աւելի օգտակար կրնայ դառնալ անշուշտ: Միլս կողմէ, այսօր այն տեսակ կացութեան մը դէմ կը գտնոփնք, որ ստիպուած ենք ընդունիլ նուազագոյն վնաս բերող կարգադրութիւնը: Նորատունկեան էֆէնտիի՝ Պատոփրակութեան մէջ մտնելը ո՛չ միայն ինքիրմով մեծ կարեւորութիւն ունի, այլ՝ եթէ այդ պաշտօնը չընդունի, Պատոփրակութիւնը կրնայ քանդոփլ եւ ասիկա մեծագոյն վնաս մը պիտի պատճառէ: Կը յուսամ, հետեւաբար, որ Ն. Վսեմութիւնը տեղի պէտք է տայ Համագումարի միահամուռ բաղձանքին առջեւ, որ անշուշտ ազգին ալ միահամուռ բաղձանքն է:

Տիար Թէրզիպաշեան. Անցեալ օր Տիար Տէօվլէթեանի ոտանաւորէն փղձկող իր սիրտը կը յուսանք, որ այս գերագոյն րոպէին ալ պիտի բաբախէ հայրենիքին համար:

Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան շնորհւսկալութիւն յայտնելով իր մասին եղած գնահատութեանց նկատմամբ, աւելցուց, թէ իւր որոշումը բացարձակ համոզման մը արղիւնքն է:

Համագումարը վերստին պնդեց իր տեսակէտին վրայ: Ն. Վսեմութիւնը ի վերջոյ միջոց խնդրեց խորհելու եւ առաջարկեց օրակարգի անցնիլ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Ձեր ամբողջ կեանքը աչքի առջեւ բերէք եւ պատասխանը անկէ կառնէք:

Տիար Թէրզիպաշեան. Որովհետեւ մանաւանդ դժուար պիտի ըլլայ ուրիշ ոեւէ ձեւով լուծում մը տալ այս խնդրին, որ այսքան ճգնաժամային րոպէի մը կը կաշկանդէ ազգային ճակատագրով զբաղելու կոչուած անձնաւորութիւնները, կը յուսամ ես ալ, որ յաջորդ նիստին նպաստաւոր պատասխան մը ստանալու բախտաւորութեան կարժանացնէք մեզ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Ել մենք ամէնքս կը բաժնենք այդ յոյսը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ներեցէք, որ դիտել տամ, թէ կարծիքի հիմնական տարբերութիւններ կան Ձեր եւ իմ միջեւ այս մասին:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Համագումարը նոր Տիրէքթխներու խնդրին անցնելով, այդ մասին կազմուած մասնաւոր յանձնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Տէր-Ստեփանեան կարդաց Յանձնաժողովին եզրակացութիւնները պարունակող հետեւեալ տեղեկագիրը.

Տեղեկագիր նոր Տիրէքթխներու Սահմանման Յանձնաժողովին.

Արտաքին քաղաքականութիւն

1. Տեւողոլթիլն. Ազգ. Պատոփրակութեան տեւողոլթեան մասին Յանձնաժողովին մէջ յայտնուեցան հետեւեալ կարծիքները.

Տիարք Թէրզիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան կը կարծեն, որ Պատոփրակութեան տեւողութեան խնդիրը որոշելու ատեն պէտք է նկատի ունենալ