Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/672

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երկու գլխատր կարելիութիւն. 1. Դաշնագիրը նուազագոյն գոհացում կու տայ արեւմտահայերուն՝ Տաճկահայաստանի կարեւոր մէկ մասին միացումով Հանրապետութեան, 2. Դաշնագիրը ոտնակոխ կ՚ընէ տաճկահայ դատը, Տաճկահայաստանէն ոչինչ կամ անկարեւոր մաս մը միայն միացնելով Հանրապետութեան: Առաջին պարագային, Պատուիրակութիւնը վերջ կը գտնէ, այսուհետ գործունէութեան համար, դաշնագրին ստորագրութեամբ: Երկրորդ պարագային, Պատուիրակութիւնը կը շարունակէ իր գործը եւ, միեւնոյն ատեն, կը հրաւիրէ նոր Արեւմտահայ Համագումար մը, որան միայն կը մնայ որոշումներ առնել ապագայի մասին:

Բ. Տիար Չօպանեան կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը վերջ պէտք է գտնէ դաշնագրին ստորագրութեամբ: Համագումարը իր այս որոշումը կը հաղորդէ Ազգ. ժողովին՝ անոր թողլով ոեւէ որոշում ապագայի մասին:

գ. Տիար Սինապեան կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը վերջ պէտք է գտնէ դաշնագրին ստորագրութեամբ: Համագումարը իր այս որոշումը կը հաղորդէ իր մէջ ներկայացուցիչ ունեցող մարմիններուն, անոնց թողլով ոեւէ որոշում ապագայի մասին:

Դ. Տիար Բարսեղեան կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պարզապէս վերջ պէտք է գտնէ դաշնագրի ստորագրութեամբ, առանց ոեւէ նախաձեռնութիւն առնելու ապագային համար:

2. Դաշնագրի ստորագրութիւն. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութեան համար ստորագրութեան հարց չկայ եւ չի կրնար ծագիլ: Պ. Տէր- Ստեփանեան չի բաժնէր այս կարծիքը եւ կ՚առաջարկէ, որ նախատեսուին զանազան կարելիութեան եւ ըստ այնմ ստորագրելու կամ չստորագրելու հրահանգ տրոփ: Գալով Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահին' Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ստորագրելու խնդրին, Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ այդ Պօղոս Նուպար Փաշայի գործն է: Պ. Թէրզիպաշեան կը կարծէ, որ ստորագրութեան հարց պէտք չէ ըլլայ ուղեգծին մէջ:

3. Դաշնագիր. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ դաշնագրի սրբագրութեան համար կազմուած յանձնաժողովին կողմէ Համագումարին բերուած եւ անկէ վաւերացուած յիշատակագրին տրամադրութիւնները պէտք է նկատուին ուղեզրի մաս:

4. Կիլիկիա. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ, օգտագործելով ամեն միջոց եւ ամեն նոր կարելիութիւն, ինքնավար ռեժիմ մը Կիլիկիոյ եւ Խարբերդի հայկական շրջաններուն համար:

5. Վնասուց հատուցում. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ ամեն միջոցով, մասնաւորապէս զօրաւոր բրոբականտ մղելով, վնասուց հատուցման գործը, հիմնուելով մեր բարոյական իրաւունքին վրայ հանդէպ Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Դաշնակիցներուն:

6. Mandat.- 3.-ը կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է շարունակէ, mandataire պետութիւն մը գտնելու իր ցայդ ըրած քաղաքականութիւնը, ջանալով որ mandat -ն Հայաստանի անկախութեանը վտանգելու բնոյթ չունենայ:

7. Թուրքերու հետ համաձայնութեան հարց. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը իրաւասութիւն պէտք է ունենայ ի հարկին, եւ եթէ կարելի ըլլայ, թուրքերու հետ համաձայնութեամբ ապահովել Տաճկահայաստանին գէթ մէկ մասին ազատագրումը:

8. Propagande.- Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք է շարունակէ propagande-ի գործը նախապատոտւթիւն տալով հետեւեալ երկու միջոցներուն եւ ապա գործելով անոնցմէ առնուազն մէկը. 1. հրատարակել մեծ tirage- ով թերթ մը, շաբաթաթերթ կամ առ առաւելն կեսամսեայ, ուր ուժգին կերպով պաշտպանուին հայութեան շահերը եւ մասնաւորապէս անոր անկախութեան ու վնասուց հատուցման իրաւունքները: 2. Նոյն նպատակով յօդուածներ հրատարակել