Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/673

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տալ անգլերէն եւ ֆրանսերէն առնուագն մէկ մէկ թերթերու մէջ՝ դրամական օժանդակութեան փոխարեն:

Ներքին քաղաքականութիւն

9. Միացեալ կառավարութիւն. Այս հարցի մասին Յանձնաժողովի մէջ յայտնուեցան հետեւեալ կարծիքները.

Ա. Պ. Պ. Թէրզիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան կը կարծեն, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Երեւանի կառավարութեան, առաջարկելով անոր միացումը կատարել դաշնագրին ստորագրութենէն անմիջապէս վերջ, եւ եթէ դաշնագիրը նուագագոյն գոհացում մը տայ արեւմտահայերուն, Պ. Խատիսեանի առաջարկներու հիման վրայ: Մերժումի պարագային Պատուիրակութիւնը պէտք է շուրջ 50 անդամէ բաղկացած Արեւմտահայ Համագումարի մը ընտրութիւն ծեռնարկէ, զայն գումարելով Երեւան եւ անոր յանձնելով միացման եւ ուրիշ արեւմտահայ հարցերը: Այդ Համագումարը կրնայ, համաձայնութեան պարագային, ինքգինք արեւմտահայ խորհրդարան նկատել եւ ձուլուելով Երեւանի խորհրդարանին հետ՝ կազմել Միացեալ խորհրդարան:

Բ. Պ. Սինապեան կը կարծէ, որ այս մասին Համագումարը ոեւէ որոշում չառնելով պէտք է միայն հաղորդէ դրութիւնը իւր մէն ներկայացուցիչ ունեցող ամեն մարմիններուն՝ անոնց թողելով ոեւէ որոշում:

Գ. Պ. Բարսեղեան կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է անմիջապէս առաջարկէ Երեւանի կառավարութեան միացումը գոյացնել Պ. Խատիսեանի նամակին՝ խորհրդարանի ու կառավարութեան վերաբերող մւսսերու հիման վրայ: Գալով Պատուիրակութիւններու հարցին, կը կարծէ, որ Համագումարը պէտք է ընտրէ չորս անձնաւորութիւնները, որոնցմէ երկուքը Երեւանի կառավարութեան կողմէ հանրապետութեան Պատուիրակութեան անդամ նշանակուին, ու այդպէսով կագմուի միացեալ Պատուիրակութիւնը:

Կամաւորական բանակ. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Դաշնակից կառավարութիւններուն կամ անոնցմէ միայն խնդրելով, որ իրեն օժանդակեն արեւմտահայ կամաւորական բանակ մը կազմելու' Տաճկահայաստանի գրաւման գործունէութեան համար: Բանակը կը հաւաքուի եւ կը մարգուի ոեւէ baze-ի մը մէջ, ու երբ պատրատ ըլլայ՛ կը գործածուի ըստ հանրապետութեան գրաւման բանակի սպայակոյտի հրահանգներուն: Այս առաջարկին ամբողջութեամբ համաձայն չէ գտնուած Պ. Բարսեղեան:

Ամերիկահայ գաղութ. Պատուիրակութիւնը, կարելիօրէն Հանրապետութեան Պատուիրակութեան գործակցութեամբ, պէտք է ջանայ վերջ մը տալու Ամերիկայի հայ գաղութին եւ հոն ուղարկուած առաքելութիւններու միջեւ պառակտման, վերականգնելով ամերիկահայ ազգային միութիւնը: Ներկայ առաջարկին այս ձեւով գրուելուն համաձայն չէ Պ. Բարսեղեան:

Տեղեկաբեր Ն. Տէր-Ստեւիանեան

Տեղեկագրին ընթերցումին վերջ, Տիար Տէր-Ստեփանեան, յայտնելէ ետք, թէ Յանձնաժողովը բաւարար ժամանակ չունեցաւ ամեն խնդրով զբաղելու, իր անունով առաջարկ դրաւ նաեւ, որ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան գործէն ձեռնթափ ըլլայ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, այդ գործը յանձնելով Պոլսոյ Պատրիարքարանին: Տիար Տէր-Ստեփանեան պահանջեց, որ Համագումարը արտայայտուի նաեւ այս մասին տիրէքթիլներու քննութեան ընթացքին:

Տիար Ա.Չօպանեան. Արդէն Պատուիրակութիւնը որոշած էր այդպէս ընել:

Տիար Վահան Թէքէեան. Պահ մը առաջ Դուրեան Սրբազան ըսաւ, թէ Պատուիրակութեան այս միջոցին քայքայումը անպատիւ բան մը պիտի ըլլայ: Ես