Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/674

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պիտի ըսեմ, որ նոյնքան անպատիւ բան մը պիտի ըլլայ, եթէ Պատոփրակութիւնը դաշնագրին ստորագրութեան յաջորդ օրը, առանց ոեւ՚է կանխատեսութեան վերջ տայ իր գործունէութեան, ինչպէս այդպէս կ՚առաջարկոփ: Այստեղ նախատեսուեցաւ երկու պարագայ, մէկը այն որ դաշնագիրը գոհացում կու տայ մեր պահանջներում, եւ միտը այն որ դաշնագիրը բնաւ գոհացում չտար: Երկու պարագային ալ Պատուիրակոլթեան համար տակաւին գործ կայ կատարելիք, եթէ կուզենք, որ իրեն վստահուած շահերը չվտանգուին: Եթէ դաշնագրով նուազագոյն գոհացում մը գտան մեր պահանջները, եւ այդ նուազագոյն չափն ալ կարելի է այժմէն ճշդել Համագումարին մէջ, պէտք է ձեռնարկուի Երեւանի հետ: Ո՞վ պիտի կատարէ այդ միացումը: Բնականաբար՜ այն մարմինը, որ մինչեւ հիմա տաճկահայոց անունով գործած է: Եւ այդ բանը չի կրնար անշուշտ մէկ օրուան մէջ իրականացնել որպէսզի դաշնագրին ստորագրութեան օրն իսկ յանկարծ վերջ տար իր գործունէութեան: Իսկ այն պարագային, որ դաշնագիրը կրնար գոհացում չտայ մեզի, Պատոփրակութիւնը դարձեալ բան մը ունի ընելիք, այն է՜ գումարել տաճկահայերու ներկայացուցչական ժողով մը եւ առիթ տալ անոր, որպէսզի անկէ վերջ ազգին հետեւելիք ուղղութիւնը գծէ:

Քանի որ Համագումարը նոր տիրէքթիւներ կու տայ նոր Պատուիրակոլթեան, ասիկա ինքնին կը նշանակէ, թէ Պատուիրակոլթեան համար գործունէութեան որոշ ժամանակ մը կը նախատեսէ, որ չի վերջանար դաշնագրին ստորագրութեան հետ: Այդ օրը որոնք ալ որ ըլլան Պատուիրակոլթեան անդամները, եթէ ամենադոյզն հայրենասիրութիւն մը ունենան, պէտք չէ, որ մէկ վայրկեանէն միւսը յանկարծ լքեն իրենց գործը: Եթէ ասոր հակառակողները չեն ուզեր, որ այդ անխուսափելի գործունէութեան շրջանին Ազգ. Պատոփրակութիւնը իրենց ուզածէն աւելի բան մը չընէ, թող իրենք փութան որոշ կերպով սահմանելու թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Որովհետեւ գործունէութեան այդ շրջանը անհրաժեշտ է: Օրինակի համար' մանդաթէրի խնդիր մը կայ, որուն կապուած է մեր դատն այսօր: Թրքահայերը որոնք այսքան տարի կը տառապին, կը չարչարուին, որոնք այնքան ահաւոր զոհողութեանց ենթարկուեցան, պէտք է, որ իրենց ձայնը ունենան այդ խնդրին մէջ: Ես, իբր թրքահայ, համամիտ եւչեմ անոնց, որոնք կըսեն թէ Հանր. կառավարութիւնը միայն իրաւունք ունի այս խնդրով զբաղելու: Ինչպէ՞ս կրնաք այդ խնդիրը վստահիլ մարդու մը կամ մարդերու, որոնք մեզի չափ ծանօթ չեն մեր վիճակին, եւ որոնք պատասխանատուութիւն մը ունին մեր այսօրուան դրութեան մէջ, պատասխանատուութիւն մը, որ անպատճառ պիտի փնտրուի ապագային:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Տանձնաժողովին երկու անդամները որոնք կը փափաքին Ազգ. Պատուիրակոլթեան գոյութիւնը մշտնջենաւորելու եւ նոր Համագումար մը ընտրելու իրաւասութիւն տալ անոր, կը նախատեսեն երկու պարագայ, որոնց վրայ կը հիմնեն իրենց պատճառաբանութիւնները: Առաջին երբ դաշնագիրը բաւարւսր չափով գոհացում չտայ մեզի, երկրորդ երբ բնաւ գոհացում չտայ: Իմ կարծիքովս ո՛չ Յանձնաժողովը, ո՛չ ալ այս ժողովը իրաւասութիւն ունին այդ տեսակ հաւանականութիւններէ մը ետքը ազգին բռնելիք ուղղութեան մասին որոշում տալու: Նոյն իրաւասութիւնը չունի նաեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, քանի որ անիկա կազմուած է արտաքին յարաբերութեանց համար, որոնք ամբողջովին վերջ կը գտնեն ղաշնագրին ստորագրութեամբ: Թրքահայաստանի ոեւէ հողամաս Հանրապետութեանը չկցելու պարագային նոր Համագումար մը ընտրելու իրաւունքը կը պատկանի թրքահայ ժողովուրդին Եւ մինչեւ որ կեանքը ցոյց չտայ, թէ նոր պայմանները ի՞նչ են, թրքահայ ժողովուրդը չի կրնար այդ տեսակ որոշում մը տալ: Պէտք է ենթադրել առնուազն տարի մը պէտք պիտի ըլլայ մինչեւ այդ նոր պայմաններուն յայտնութիւնը: Ուրեմն, մինչեւ այդ ատե՞ն պիտի տեւէր Պատոփրակութիւնը: Հետեւաբար, համամիտ չեմ այս առաջարկին: Եւ արդէն եթէ այդ առաջարկը ընդունոփ, նոր ներքին վէճերու դուռն պիտի բացոփ ազգին մէջ: