Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/675

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար U. Չօպանեան. Իմ տեսակէտս այս մասին քանիցս յայտնեցի եւ չեմ վախած: Պատուիրակութիւնը կրնայ, իրաւունք ունի, եւ պէտք է մնայ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ ստորագրութեան օրն իսկ պիտի քաշոփ: Սկսուած խնդիրներ կրնան ըլլալ, զորս պէտք է վերջացնել, Եւ ինք միայն կրնայ ընել ատիկա: Պատուիրակութիւնը ստեղծուած է վեհաժողովի մը մօտ աշխատելու համար, ինչպէս ժամանակին Պատուիրակութիւն մը աշխատեցաւ Բեռլինի Վեհաժոդովին մօտ, ինչպէս ուրիշ Պատուիրակութիւն մը աշխատեցաւ Պալքանեան պատերազմէն ետք: Այդ վեհաժոդովին լրանալով կը լրանայ նաեւ Պատոփրակութեան գործը, բայց Պատուիրակութիւնը չի կրնար ի հարկէ մէկ վայրկեանէն միւսը անհետանալ, առանց որ իր գործը չվերւսդարձնէ Եւ իր հաշուետուութիւնը ընէ [հանդէպ] գերագոյն ներկայացուցչութեան, այսինքն ներկայ պարագային Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ անոր աջակից Համազգային Խորհուրդին: Այս գերագոյն ներկայացուցչութիւնը անկէ վերջ կը խորհի, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, պէ՜տք է նոր Համագումար հրափրել եւ թէ ոչ պիտի ստանձնէ՞ այդ Համագումարին կազմութեան նախաձեռնութիւնը, նո՜ր պատուիրակութին մը, թէ այն Պատուիրակութիւնը, որ իր գործը լրացուց:

Դիտողութիւն պիտի.ընեմ նաեւ ուրիշ կէտի մը մասին: Կ՛ըսեն թէ բնաւ արդիւնք մը չունեցանք, թէ Դաշնագրին մէջ ոչինչ կայ մեզ գոհացնող: Ասիկա սխալ է:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Տաճկահայաստան չունեցանք:

Տիար Չօպանեան. Ինչպէ՜ս կրնանք ըսել, որ բնաւ արդիւնք չունեցանք: Արդեօք հայկական անկախ պետութեան մը կազմութիւնը արժէք չունի՜ ինքնին: Ընդհակառակը, Ես կը կարծեմ, որ նոյնիսկ այն դժբախտ պարագային, որ անկարելի ըլլայ թիզ մը հոդ անգամ միացնել Հանրապետութեան, մենք իրաւունք չունինք ըսելու, թէ բան մըն ալ ձեռք չբերուեցաւ, քանի որ հայկական անկախ պետութիւն մը հիմնուեցաւ:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Կ՚ուզէի գիտնալ, թէ արդեօք Պատուիրակութիւնը ե՞րբ բաւարար պիտի նկատէ մեգի տրուած գոհացումները, որպէսզի կարենայ ստորագրել դաշնագիրը: Միւս կողմէ քանի որ Կիլիկիան դուրս կը մնայ Հայաստանէն, պիտի կրնանք ինքգինքնիս գոհացած նկատել որպէսզի Պատոփրակութիւնները կարենան ստորագրել դաշնագիրը: Եւ եթէ Պատոփրակութիւնները ստորագրեն Կիլիկիոյ ժողովուրդը պիտի ընդունի՝ ատիկա:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Կիլիկիոյ հարցը վճռած է արդէն դաշնագիրը, քանի որ իրաւարարութեան ենթարկուած հողամասերուն մէջ Կիլիկիոյ խօսքը չկայ:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Պատուիրակութիւնը պէտք է անանկ ձեւ մը գտնէ, որ Կիլիկիոյ խնդիրը ուրացած չըլլայ: Եթէ դաշնագիրը ընդունինք ընդունած պիտի ըլլանք նաեւ Կիլիկիոյ բաժանումը ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ մեծագոյն մասին թուրք տիրապետութեան վերադարձուիլը: Ասիկա շատ ծանր պատասխանատոտւթիւն մըն է, եւ կը կարծեմ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը չի կրնար այս պայմաններուն մէջ ստորագրել դաշնագիրը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ազգ. Պատուիրակութիւնը չէ որ պիտի ստորագրէ դաշնագիրը, այլ՛ Հանրապետութեան ներկայացուցիչը: Եթէ նոյնիսկ մեր Պատոփրակութեան մէկ անդամն ալ մասնակցի ստորագրութեան, պիտի կարենայ ստորագրել հանրապետութեան կառավարոլթեան լիազօրութեան թուղթով եւ անունով եւ ո՛չ թէ իբր ներկայացուցիչ Թուրքիոյ հայոց, որոնք լիազօրութեան թուղթ չեն կրնար տալ, այդ տեսակ իրաւունք մը լոկ պետութիւններու պատկանելուն:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Երբ որ Հանրապետութեան ներկայացուցիչը դաշնագիրն ստորագրէ, ատիկա պիտի նշանակէ, թէ վիհը կը դադրի հայոց եւ թուրքերու միջեւ, մինչդեռ իրականին մէջ վէճը դադրած պիտի ըլլայ միմիայն Հայկ. Հանրապետութեան ել թուրքերու միջել, իսկ Հանրապետոլթենէն դուրս մնացող հայերուն եւ թուրքերուն մէջ վէճը միշտ պիտի մնայ: Պէտք է հիմակուընէ ճշդենք, թէ ի՜նչ հանգամանքներու մէջ