Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/676

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հանրապետութեան ներկայացուցիչը պէտք է ստորագրէ եւ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ պէտք չէ ստորագրէ: Որովհետեւ կրնան գոյութիւն ունենալ այն տեսակ հանգամանքներ, որոնց մէջ դաշնագրին ստորագրութիւնը մեզի համար աւելի վնասակար կըլլայ, քան օգտակար: Կը խնդրեմ, որ նկատի առնոլի այս պարագան:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Որքան ալ փափաքելի ըլլայ, որ Հանրապետութեան ներկայացուցիչը այս կամ այն պայմանով միայն ստորագրէ դաշնագիրը, պէտք է խորեինք, որ այդ մասին բոլորովին հիմնական անկարելիութիւն մը կայ: Հայկական պետութիւնը առաջին անգամն է, որ կը ճանչցուի: Նախապէս գոյութիւն ունեցող պետութիւն մը չէր, որ իր պահամջմանց գոհացում չտրուած պարագային կարենար մերժել դաշնագրին ստորագրութիւնը, ինչպէս ըրաւ Ռումանիա, առանց ատոր համար իր անկախ պետութեան հանգամանքէն գրկուելու: Մենք չենք կրնար ըսել Հանրապետութեան, որ դաշՕագիրը չստորագրէ, ոքովհետեւ այդ ստորագրութիւնը պիտի ըլլայ՝ իր անկախ պետութեան հանգամանքին անդրանիկ հաստատութիւնը: Մեր ուզածն է, որ տղայ մը ծնի, եւ պէտք է աշխատինք այդ տղան լաւ մեծցնելու, բարգաւաճ վիճակի մը հասցնելու: Առաջին օրէն չենք կրնար ըսել, որ տղան վտիտ է եւ զայն Մովսէսի պէս ջուրը ձգել: Հետեւաբար դաշնագրին ոեւէ ձեւով ստորագրութիւնը անհրաժեշտ է:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պէտք կը զգամ բացատրելու, թէ ինչո՞ւ դաշնագիրն մեզի նուազագոյն գոհացում մը չտալու պարագային անոր հետեւող նոր գործունէութիւն մը նախատեսած ենք: Անոնք, որ կը կարծեն, թէ դաշնագրի ստորագրութենէն վերջ, նոյնիսկ եթէ անոր մէջ բոլորովին անտեսուած ըլլայ, տաճկահայ դատը, Ազգ. Պատուիրակութիւնը ո՛չ միայն պէտք է ղադրի, այլ եւ ոեւէ նախաձեռնութիւն ալ պէտք չէ առնէ, կը մոռնան, որ տաճկական դաշնագիրն ալ, ինչպէս իւր նախորդները, ուրիշ ոչինչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ թուղթի կտոր մը, որ այն չափով միայն իրական արժէք պիտի ունենայ, որչափով որ գործադրուի: Մնաց որ այս տեսակէտը պիտի հենց աչքի առջեւ ունենալ նոյն իսկ այն պարագային, երբ դաշնագիրը մեզի գոհացում տուած ըլլար: Անոնք կը մոռնան աւելի կարեւոր բան մը. մեր հարցին նկատմամբ ամէնէն աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց տուող եւ անոր այսօրուան դրութեան մէջ մեծագոյն պատասխանատուութիւն ունեցող պետութիւնը Ամերիկան, ոեւէ կերպով գործակցած չպիտի ըլլայ, տաճկահայ դատի վիժման պարագային, այդ դաշնագրին կազմութեան: Հետեւաբար, իր խօսքը պիտի ունենայ ըսելիք ապագային: Եւ այդ խօսքը անիկա պիտի կարենայ ըսել միայն նախագահական ընտրութիւններէն վերջը, որով պիտի յայտնուի ամերիկեան ժողովուրդին կամքը: Պարզ է, ուրեմն, որ այն շրջանին, երբ մեծագոյն Դաշնակից պետութիւնը իւր դիրքը պիտի որոշէ, եթէ տաճկահայ դատը վիժած ըլլայ դաշնագրին մէջ, տաճկահայոց ներկայացուցչութիւնը ո՛չ միայն պէտք չէ լուծուի, այլ՝ իմ կարծիքովս, պէտք է փոխադրուի Ամերիկա եւ հոն հաւաքէ նոր Արեւմտահայ Համագումարը:

Տիար Թէրզիպաշեան ալ շեշտեց հաշտութեան ստորագրութենէն վերջ Պատուիրակութեւսն տակաւին իր գործը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, ըսելով որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը մեր դատին հետապնդութեան համար կազմուած մարմին մը չէ, այլ, տրուած ըլլալով, որ Հայկական Հարցը հետապնդելու առթիւ ամբողջ հայ ժողովրդի ներկայացուցչական հանգամանքը ունի միայն Համագումարը, այս վերջինին կը պատկանի այդ հետապնդութեան գործը, որով անոր մասին ոեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է բղխի այն գործադիր մարմնէն, զոր Համագումարը ընտրած է, այսինքն՜ Ազգ. Պատուիրակութիւնը: Վիճաբանութեան գործնական արդիւնքն փութացնելու համար, Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան առաջարկեց, որ Դիւանը բանաձեւ մը բերէ այս խնդրին նկատմամբ, երկու կողմին ալ առարկութիւնները նկատի առնելով: Համագումարը ընտրեց այս առաջարկը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին: