Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/677

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՍԱ. ֆ. -430, ց. 1. գ. 66. թթ. 1-21: Բնագիր: Ձեռագիր:


Նիստ ԻԲ

24 Ցանիս 1920, ժամը 4-ին, նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի. Ներկայ էին 15 պատգամատր

Ամեն. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թամայեան, Հանըմեան, Ասըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան. Չօպանեան, Պապաջանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան:


Օրակարգ

1. Վերակազմաթիւն Լյզգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՌՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ատենագրաթիւն

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յանիս 22-ի նիստին ատենագրաթիւնը:

2. ևերկայութիւն Տիար Մ. Պապաջանեանի

Նիստին բացման պահուն Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան շնորհակալութեամբ հաստատեց ներկայաթիւնը Տիար Մ. Պապաջանեանի: «Շատ ուրախ եմ որ,-ըսաւ,-Տիար Պապաջանեանի պէս ազգին պարծանք բերող անձնաւորութիւն մը եւ մեր կարողագոյն ու արժանաւոր անդամներէն մէկը, Լոնաոնի մէջ ունեցած զբաղումները լքելով եկաւ մասնակցելու մեր աշխատութեանց, որոնց անշուշտ պիտի բերէ իւր իմաստուն խորհուրդներուն աջակցութիւնը»:ջ

3. Նամակ Հապէշիսթանի հայ գաղութին պատգամաւոր Տիար Ռուբէն Որբերեանի

Կարդացուեցաւ Հապէշիսթանի հայ գաղութէն նախորդ տարի պատգամաւոր ընտրուած Տիար Ռուբէն Որբերեանի կողմէ Դիւանին ուղղուած հետեւեալ նամակը.

Փարիզ, 24 Յունիս 1920.

Վսեմաշուք Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան՜ Նախագահ Փարիզի երկրորդ Համագումարին

Ի.Ք.

Սիրելի Տէր,

Եթովպիոյ փոքրիկ, այլ շատ մը ուրիշներէ աւելի հայրենասէր ու մանաւանդ ազգասիրութիւնը ապացուցած գաղութին պատգամաւոր թէ՛ հեռագրով եւ թէ՛ նամակով պատրաստակամութիւն յայտնած էի գալ մասնակցիլ առաջին Համագումարին, եւ սակայն, մեզի անծանօթ պատճառներով պատասխան չտրուեցաւ:

Ներկայիս կու գամ ո՛չ թէ վերստին արծարծել ընտրութեան մը կամ ընտրոլթեանց խնդիրներ, այլ պարզապէս խնդրել Ձեր Վսեմութիւնէն, որ բարեհաճիք հաղորդել Համագումարի պատ. անդամներուն, Եթովպիոյ հայ գաղութին հետեւեալ տեսութիւններն ու բաղձանքները: