Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/678

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գաղութս խորապէս կը գնահատէ Ազգ. Պատուիրակութեան մեծանուն Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի գործունէութիւնը Հայ Դատին ի նպաստ, եւ իր հիացումը կը յայտնէ, խնդրելով միեւնոյն ատեն, որ ընդհանուր գծերով Պատուիրակութեան կատարած գործերուն տեղեակ պահուին մերինին պէս հեռաւոր գաղութները:

Եթովպահայ գաղութը Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումէն եւ վաւերացումէն վերջ իր անվերապահ բաղձանքը կը ներկայացնէ, որ վերջ մը տրոփ հայ Պատոփրակութխններու երկոտւթեան, եւ ատկէ ծնունդ առած անհասկացողութիւններու ու մանաւանղ լրագրական պայքարներու, որ արձագանգ գտնելով մինչեւ հեռաւոր երկիրներ, հայութիւնը չորս հատուածներու կը բաժնեն, ժողովուրդը կը պառակտեն, ու կը վնասեն մեր նուիրպկան Դատին: Ներքին միութիւն եւ արտաքին թշնամիին դէմ մէկ ճակատ:

Մնամ ամէնախորին յարգանօք՝

Պատգամաւոր Եթովպիոյ հայոց

Ռ. Որբերեան

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ըսաւ, որ թէեւ Տիար Որբերեան խնդիր չընէր իր ընտրութեան վաւերացման համար, որ տեղի չունեցաւ նախորդ տարի, բայց եթէ Համագումարը պիտի տեսնէ, կարելի է զինքը հրաւիրել յառաջիկայ նիստին իբր պատգամաւոր Եթովպիոյ հայ գաղութին:

Տիար Վ. Թէքէեան. Անշուշտ թերութիւն մըն է եթէ չէ պատասխանուեր նախորդ տարի: Բայց կարծեմ բուն պատճառը սա է, որ Հապէշիսթանի հայոց հրաւէր չէր ուղղուած Համագումարի համար, ու միւս կողմէ ալ Տիար Որբերեան ներկայ չէր Փարիզ, հեռուէն կատարած էր իւր դիմումը: Եթէ ներկայացած ըլլար, շատ հաւանաբար պիտի ընդունուէր, ինչպէս ընդունուեցան նոյն պայմաններուն մէջ գտնուող ուրիշ պատգամատրներ: Հիմա որ Փարիզ է եւ կը յիշեցնէ մեզի իւր ընտրութիւնը, Համագումարը չի կրնար անշուշտ անտարբեր մնալ: Կառաջարկեմ, որ իբր յարգանքի արտայայտութիւն մը իր ներկայացուցած գաղութին նկատմամբ, Տիար Որբերեան հրաւիրուի Դիւանին կողմէ, մասնակցելու Համագումարի աշխատութեանց:

Համագումարը միաձայնութեամբ ընդունեց այս առաջարկը:

4. Նամակ Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի առ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Պատուիրակութեան հրաժարականի խնդրին նկատմամբ.

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Օրակարգին անցնելէ առաջ, քանի մը բառով տեղեկութիւն կու տամ այն թղթակցութեան մասին, որ ւիոխանակուեցաւ Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին եւ նուաստիս միջեւ, հրաժարականի ծանօթ խնդրին նկատմամբ: Ինչպէս յայտնի է ժոդովիդ, Ն. Վսեմութիւնը իր վերջին նամակով, որ կարդացուեցաւ այստեղ, կը ծանօթացնէր, թէ Պատուիրակութեան գործնական նախագահութիւնը կը թողու եւ դարձեալ պայման կը դնէր, որ ես ստանձնեմ այդ գործը: Համագումարդ ալ վերստին համանման փաւիաք մը յայտնեց նախորդ նստին: Արդէն բազմիցս պարզած եմ այն պատճառները, որոնք կը ստիպէին զիս մերժել այս պատուաբեր առաջարկը: Նախորդ նիստին աւելի խորը մտայ այդ պատճառներուն եւ ժոդովիդ պնդման վրայ խնդրեցի, որ միջոց տաք խորհելու: Իմ մերժումս բացարձակ համոզման մը արդիւնքն ըլլալով, կուզէի միայն վերջին վարձ մը ընել Ն. Վսեմութեան մօտ, եւ այդ մտքով ժողովին փակումէն վերջ խնդրեցի մեր յարգելի անդամակից Տիար Սինապեանէ, որ անգամ մըն ալ տեսնէ Վսեմ. Փաշան եւ յայտնելով շնորհակալութիւններս իմ մասիս ունեցած համարման մասին, պարզէ այն պատճառներն, որոնք ինծի անկարելի կը դարձնեն Պատուիրակութեան ի պաշտօնէ մասնակցութիւնը: Խնդրեցի նաեւ Տիար Սինապեանէ, որ այդ առթիւ, յանուն ժողովին, վերստին կոչում ընէ Ն. Վսեմութեան հայրենասիրութեան՝ որպէսզի այս վճռական րոպէին չլքէ այն ամէնակարեւոր եւ ամէնափաւիուկ գործը, զոր կը վարէր այսքան տարիէ ի վեր: Տիար Սինապեան երէկ յայտնեց ինծի, թէ Վսեմ. Փաշան նորէն պնդեց իր