Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/679

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահանջման վրայ, առարկելով որ մեր Դատին յաջողութեան համար աւելի օգտակար կը նկատէ իմ անդամակցութիւնս Պատուիրակութեան: Կը փափաքէի անձամբ տեսնել Ն. Վսեմութիւնը, բայց, դժբախտաբար կարելի չեղաւ, եւ այս առտու իրեն գրեցի հետեւեալ նամակը զոր Համագումարիդ հաղորդելն ինծի պարտք մը կը նկատեմ.

Փարիզ, 24 Յունիս 1920.

Վսեմափայլ Պօղոս Փաշա Նուպար, Նախագահ Ազգ. Պատուիրակութեան,

Ձերդ Նախագահ, Համագումարին նիստին հաղորդեցի Ձերդ Վսեմութեան ընթացիկ 20 թուակիր նամակս:

Կը փութամ ամեն բանէ առաջ շնորհակալութիւնս յայտնել Ձերդ Վսեմութեան, ինչպէս մեր բոլոր պաշտօնակիցներուն, իմ մասիս ցոյց տուած համարման հաւաստիքին համար, հաւաստիք, որ անհունապէս կը յուզէ զիս: Բայց ինչպէս յայտնի է Ձեզի, Տիար Նախագահ, խաղաղութեանց բանակցութեանց սկզբնաւորութեան ատենին իսկ որոշած էի մաս չկազմել Պատուիրակութեան, եւ արդի պարագաներում մէջ չէ որ, մանաւանդ այս վայրկեանին, ուր Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան դաշնագիրը կնքուելու վրայ է, եւ ուր համոզուած եմ, թէ իմ անպաշտօն աջակցութիւնս աւելի դրական կերպով օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի, պիտի փոխէի որոշումս:

Մեր պաշտօնակիցը, Տիար Սինապեան, որմէ խնդրած էի այս մասին խօսիլ Ձեր Վսեմութեան հետ, երէկ յայտնեց ինծի, թէ կը պնդէք ձեր տեսակէտին վրայ Պատուիրակութեան նախագահութեան խնդրին նկատմամբ: Ներեցէք ինծի ձեզի ըսել, թէ ըստ իս Ազգ. Պատուիրակութիւնը գոյութեան իրաւունք չունի եւ չի' կրնար մնալ առանց ձեր գործնական նախագահութեան: Կ՚աւելցնեմ, որ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ բան Ձեզ մղեց մտածելու, թէ Ձեր պատուակալ մասնակցութիւնը բաւական կը նկատեմ, ինչպէս կը յայտարարէք Ձեր վերոբերեալ նամակին մէջ: Երբեք այս իմաստով չեմ արտայայտուած, ինչպէս կրնան վկայել Համագումարի բոլոր անդամներն ալ:

Այս պարագաներում մէջ Ձեր Վսեմութեան կը մնայ մեզի տեղեկացնել, որ կուզէ՞ տանիլ իր արդի աշխատութիւնները, թէ* կը փափաքի որ նոր ընտրութեան մը ձեռնարկուի:

Համագումարը այսօր կէսօրէ վերջ ժամը 4-ին նիստ պիտի գումարէ, եւ երջանիկ պիտի ըլլամ, եթէ անձամբ գալով, փափաքուած լուծումը տաք այսօր իսկ, որովհետեւ պատգամաւորները հետզհետէ կը մեկնին եւ մեր վերջին նիստին հազիւ կարելի եղաւ գոյացնել համեմատական մեծամասնութիւն մը:

Հաճեցէք ընդունիլ, Տիար Նախագահ, իմ ամէնաանձնուէր զգացմանս հաւաստիքը:

Գաբրիէլ Նորատանկեան:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կը յուսամ, որ այս նամակին վրայ Ն. Վսեմութիւնը կը բարեհաճի անձամբ գալ այս նիստին, եւ իր ներկայութեան կը մտածենք, թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք ելլել այս կացութենէն: Ինք պէտք է խորհուրդ տայ մեզի եւ մեզ առաջնորդէ, վասնզի ազգին վստահութեան առարկայ դարձած անձնաւորութիւնը ինքն է: Միայն թէ, ժողովէդ դարձեալ կը թախանձեմ, որ այդ առթիւ իմ անձիս շուրջ խնդիր չըլլայ:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Համագումարին նախորդ նիստին որոշման համաձայն, Դիւանը բանաձեւ մը բերած էր հաշտեցնելու համար այն տարակարծութիւնները, որոնք գոյութիւն առած էին Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժոդովին բերած առաջարկութեանց