Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/680

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջինին նկատմամբ, որ կը պատկանէր Պատուիրակութեան տեւողութեան խնդրին, եւ որու մասին Յանձնաժողովին կողմէ ալ չորս տարբեր կարծիքներ յայտնուած էին:

Դիւանի բանաձեւին ընթերցումէն առաջ խօսք առաւ

Տիար Վահան Թէքէեան. Այն վայրկեանին, երբ չէինք գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Պատուիրակութիւնը, քանի որ այդ մասին ամեն բան Փաշային կամքէն կախում ունի, ի՞նչ պէտք կայ տիրէքթիւներով զբաղելու:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. ժողովը արդէն որոշած էր, որ նախ տիրէքթիւները սահմանէ եւ յետոյ զբաղի Պատուիրակութեան վերակազմութեան խնդրով: Այղ խնդիրը նախորդ նիստին ալ կար, բայց անկէ առաջ ժողովը տիրէքթիւներու քննութեան ձեռնարկեց:

Դիւանի բանաձեւին ընթերցումէն վերջ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովի անդամներէն Տիարք Թէրզիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան պատճառաբանեցին իրենց տեսակէտը պահանջելով, որ տիրէքթիւներուն մէջ Պատուիրակութեան իրաւասութիւն տրուի նաեւ նոր Համագումար հրաւիրելու, երբ տաճկահայ դատին համար անհրաժեշտ ըլլայ ատիկա:

Դարձեալ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին անդամներէն Տիար Բարսեղեան յայտարարեց, թէ ինք սկզբունքով կը հակառակի ատոր, որովհետեւ Ազգ. Պատուիրակութեան դերը կը լրանայ դաշնագրին ստորագրութենէն ետք, եւ անկէ անդին տեղի ունենալիք գործերը այլեւս իր իրաւասութենէն դուրս են, կը պատկանին ժողովուրդին: Տիար Բարսեղեան աւելցուց, որ ինք դաշնագրին ստորագրութենէն վերջ Ազգ. Պատուիրակութեան գոյութեան բնաւ պէտք չի տեսներ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաւ թէ դաշնագրին ստորագրութենէն վերջ կրնան ծագիլ այն տեսակ պատահականութիւններ, որոնց հանդէպ նոյնիսկ Հանրապետութեան կառավարութիւնը թերեւս փափաքի առանձին Պատուիրակութեան մը գոյութիւնը: Հետեւաբար, յարեց Ն. Վսեմութիւնը, պէտք է այդ պատահականութիւնները նախատեսուին տիրէքթիւներու խմբագրութեան միջոցին:

Տիար Արտաւազդ Հանըմեան. Ի՞նչ պէտք ունինք տիրէքթիւներուն մէջ անպատճառ գրելու, որ Պատուիրակութիւնը նոր Համագումար հրաւիրելու իրաւասութիւն ունի: Պատուիրակութիւնը եթէ պէտք տեսնէ, թո՛ղ յառաջիկային հրաւէր ուղղէ ինք իր նախաձեռնութեամբ, ինչպէս արդէն անգամ մը ըրաւ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Ես հակառակ եմ Տիարք Բարսեղեանի եւ Հանըմեանի խօսքերուն մեզ դիտող այն ոգիին, որով չեն ուզեր Պատուիրակութեան ոեւէ իրաւունք ճանչնալ դաշնագրին ստորագրութենէն ետք ծագելիք հաւանականութեանց մասին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիկոպոս. Նոր Համագումար մը ընտրելու համար նախ մենք պէտք է ինքզինքնիս լուծենք: Բայց այդ բանը ընելու իրաւունքը տրուած չէ մեզի: Մենք չենք կրնար այս Համագումարին գոյութեան վերջ տալ, մինչեւ որ մեր կատարած պաշտօնին մասին կարեւոր տեղեկատուութիւնը չընենք անոնց, որոնք մեզ ընտրեցին: Ուրեմն, իրաւական տեսակէտով մենք չենք կրնար մեզ լուծել: Պատուիրակութիւնը կը մնայ յառաջիկային համար նոր Համագումար մը կազմելու պէտքին առջեւ դիմում ընել կեդրոններուն եւ գաղութներուն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Մենք որոշ յանձնառութեամբ եկած էինք, բայց մեր ընկերներէն ոմանք չեկան եւ այս ժողովը տկարացաւ այնքան, որ այսօր դժուարութիւն կը քաշենք որոշում մը տալու համար: Մենք փոխանակ մեզ լուծելու, կ՛ըսենք մեզ ընտրող ազգին, որ մենք կը քաշուինք, կը ցրուինք, բայց մեր գործը չլրացած ընտրէ՝ ուրիշ մարմին մը, աւելի զօրեդ: Ահա թէ ինչո՞ւ կը պահանջենք նոր Համագումարի մը կազմութիւնը: Մեր դիրքը կարելի է նմանցնել խորհրդարաններու. երբ խորհրդարան, մը ղադրի՝ ինքզինքը չի լուծեր, այլ գործադիր մարմնին հրահանգ կու տայ ուրիշ մը ընտրելու:

Դիւանը առաջարկեց քուէի դնել տիրէքթիւներու մէջ նոր Համագումար մը հրաւիրելու մասին Պատուիրակութեան իրաւասութիւն տալու սկզբունքը: ժողովին