Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/681

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հաւանութեան վրայ քուէարկութիւն կատարուեցաւ ներկայ 14 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, եւ այդ սկզբունքը ընդունուեցաւ 3-ի դէմ 8 ձայնի մեծամասնութեամբ:

Տիար Հանըմեան, որ հակառակ քուէ տուած էր, յայտարարեց, թէ իւր քուէն չի նշանակեր, որ Համագումարի մը հրափրման կը հակառակի, միայն թէ, յարեց, չուզէր, որ այդ մասին որոշ իրաւասութիւն դրուի տիրէքթիւներու մէջ:

Այս քուէարկութեան վրայ Տիար Բարսեղեան դիտել տուաւ, որ Ներքին Կանոնագրին համաձայն, կենսական խնդրի մը քուէարկութեան համար անհրաժեշտ է բացարձակ մեծամասնութիւն, ընդհանուր անդամներու ամբողջական թուին կէսէն մէկ աւելիով: Հետեւաբար, պահանջեց, որ այս քուէարկութիւնը օրինական չնկատոփ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այս տեսակ պահանջ մը դնել կը նշանակէ Համագումարը բոլորովին անգործութեան դատապարտել, եւ արդէն այս է Տիար Բարսեղեանի ու իր համախոհներում նպատակը: Եթէ բացարձակ մեծամասնութիւն փնտռենք, չպիտի կրնանք ո չ մէկ խնդիր վճռել նկատի ունենալով Համագումարին անդամներում արդի թիւը: Այդ պարագային մեզի կը մնայ գլխարկներս դնել եւ Համագումարը լուծուած հռչակելով ելլել երթալ առանց ոեւէ գործ տեսնելու: Ես կառաջարկեմ, որ ջնջենք Ներքին Կանոնագրին 19-րդ, 20-րդ եւ 23-րդ յօդուածները: Ասիկա կրնանք ընել նոյնիսկ մեր այսօրուան յարաբերական մեծամասնութեամբ, քանի որ Ներքին Կանոնագիրն ալ նախորդ տարի քուէարկուեցաւ յարաբերական մեծամասնութեամբ:

Տիար Բարսեղեան. Ես կը հակառակին այս առաջարկութեան: Ներքին Կանոնագիրը նախորդ տարի կրնայ անցած ըլլալ պարզ մեծամասնութեամբ, բայց չենք կրնար պարզ մեծամասնութեամբ փոխել գայն: Ել յետոյ' տեսնուած չէ, որ նստաշրջանի մը վերջը Ներքին Կանոնագիր փոխուի: Եթէ այդ փոփոխութիւնը պէտք էր, պարտաւոր էինք գայն ընել նստաշրջանին սկիզբը: Այս Համագումարը նախորդին շարունակութիւնն է: Առջի տարի մեր թիլը 38 էր, եւ մեծամասնութիւնը կը կազմէր 20 թիլը: Եթէ 20-է աւելի անդամ չունենայինք, այս անգամ չպիտի կրնայինք գումարուիլ: Նախորդ նիստի մը մէջ խնդիր ըրի մեր մեծամասնութեան հարցը եւ ժողովը որոշեց Համագումարի հրաւէրը անպատասխանի թողող պատգամաւորները մեծամասնութեան համար նկատի չառնելով պատգամաւորներու ընդհանուր թիլ ընդունիլ 22-ը: Հիմա այդ կարգադրութեան համեմատ մեծամասնութիւն համարուող 12 թիւն ալ չենք փնտռեր եւ կը գոհանանք պարզ մեծամասնութեամբ: Կը հարցնեմ, թէ այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ արժէք պիտի ունենան մեր տուած տիրէքթիւները:

Տիար Տէր-Ստեփանեան պնդեց իր տեսակէտին վրայ ել Դիւանին ներկայացուց հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Համագումարը կը ջնջէ իր Ներքին Կանոնագրին 19, 20 եւ 23-րդ յօդուածները:

Ն. Տէր-Ստեփանեան»:

Համագումարը պէտք տեսաւ նախ որ կարդացուին այդ յօդուածները:

«Յօդուած 19.- Կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու առթիւ տրուելիք որոշումները ոյժ ունին միայն այն ատեն, երբ քուէարկուած կ՛ըլլան անդամներու ամբողջական թիլին կէսէն աւելի ձայներով, բացարձակ մեծամասնութեամբ:

Յօդուած 20,- Կենսական կը նկատուին այն հարցերը, որոնք իբր այդ կը նկատուին առնուազն եօթ անդամներու կողմէ, այս մասին իրենց նկատումը բերելով ժողովին, քուէարկութեան ձեռնարկելէ առաջ:

Յօդուած 23,- Պատուիրակութեան իւրաքանչիւր գործ ժողովին կողմէ քննելու պարագային, քուէարկութեան համար կը պահանջուի բացարձակ մեծամասնութիւն (յօդ. 19)»:

Քուէարկութեան դրուեցաւ Տիար Տէր-Ստեփանեանի առաջարկութիւնը, 14 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ մերժուեցաւ՝ միայն 4 քուէ ստանալով: