Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/682

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան առաջարկեց, որ տիրէքթիւներու սահմանումը «կենսական խնդիր» նկատուի 19-րդ յօդուածին համաձայն, որով անհրաժեշտ պիտի ըլլար, որ անոնք անցնէին բացարձակ մեծամասնութեամբ:

Համագումարը չընդունեց այս տեսակէտը, այն առարկութեամբ, թէ խնդիր մը «կենսական» հռչակելու համար, 20-րդ յօդուածին համաձայն, անհրաժեշտ է, որ առնուազն եօթ անդամներ քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ առաջարկ բերեն այդ մասին, ինչ որ չէ եղած: Հետեւաբար Համագումարը որոշեց գոհանալ պարզ մեծամասնութեամբ:

Քուէարկութեան դրուեցաւ Պատուիրակութեան տեւողութեան մասին Դիւանին կողմէ ներկայացուած եւ վիճաբանութեան ընթացքին բարեփոխուած բանաձեւին առաջին հատուածը.

«Ազգ. Համագումարը, որոշելով հանդերձ որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք է վերջ գտնէ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան դաշնագրին ստորագրութեամբ, ի յուշ կ՚ածէ սակայն, որ կրնան պատահիլ բացառիկ պարագաներ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն անոր տակաւին ժամանակ մը եւս պաշտօնավարութիւնը, այդ պարագային Պատուիրակութիւնը կը բանաձեւէ Պոլսոյ եւ գլխատը գաղութներու ազգ. կեդրոնական մարմիններում, ինչպէս նաեւ Հայ Հանրապետութեան կառավարութեան հետ եւ ստանալիք յանձնարարութեանց վրայ կը տնօրինէ կարեւորը»:

14 պատգամատրներու ներկայութեան այս հատուածը ընդունուեցաւ 2-ի դէմ 11 քուէով:

ՔուԷարկութեան դրուեցաւ նաեւ նոյն բանաձեւին երկրորդ հատուածը.

«Միեւնոյն պարագաներու մէջ Պատուիրակութիւնը կրնայ նոյնիսկ թրքահպատակ հայոց Համագումարի մը հրաւիրման նախաձեռնութիւնը առնել, վերոյիշեալ մարմիններուն հետ խորհրդակցելէ ետք»:

Այս հատուածն ալ 14 քուէարկուներու ներկայութեան, ընդունուեցաւ 2-ի դէմ 8 քուէով:

Կարդացուեցաւ Յանձնաժողովին բերած երկրորդ առաջարկութիւնը, որ կը պատկանէր դաշնագրին ստորագրութեան խնդրին.

«Դաշնագրի ստորագրութիւն. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ Ազգ. Պատուիրակութեան համար ստորագրութեան հարց չկայ եւ չի կրնար ծագիլ:

Պ. Տէր-Ստեփանեան չի բաժներ այս կարծիքը Եւ կառաջւսրկէ, որ նախատեսուիմ զանազան կարելիութիւններ եւ ըստ ւսյնմ ստորագրելու կամ չստորագրելու հրահանգ տրոփ:

Գալով Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ստորագրելու խնդրին, Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ ատիկա Պօղոս Նուպար Փաշայի անձնական գործն է:

Պ. Թէրզիպաշեան կը կարծէ, որ ստորագրութեան հարց պէտք չէ ըլլայ ուղեգիծին մէջ»:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահը պէտք է անպատճառ ստորագրէ դաշնագիրը, թրքահայոց անունով, որպէսզի այդ կերպով հռչակուած ըլլայ, թէ հայերը իրաւունք մը կը ստանան թուրքերում վրայ իբր հաւասար հաւասարի դաշինք կնքելու անոր հետ: Տիար Թումայեան առաջարկեց, որ եթէ նոյնիսկ կարելի չըլլայ ուղղակի թրքահայոց կողմէ դաշնագիրը ստորագրելու իրաւունքը ապահովել Պատուիրակութեան Նախագահին, աշխատոփ որ գոնէ Հանր. կառավարութիւնը արտօնէ զայն, որ իր անունով, բայց իբր թրքահայոց ներկայացուցիչ ստորագրէ դաշնագիրը:

«Ստորագրությունը, յարեց Տիար Թումայեան, անպատճառ չի նշանակեր համակերպիլ Թրքահայաստանի մասին եղած կարգադրութեանց: Մենք այսօր ունինք կացութիւնը այն մարդուն, որում ամբողջ նկանակ մը խոստացուած է եւ որան սակայն կէս նկանակ միայն կու տան: Ամբողջը ստացած չըլլալուն համար պէ՞տք է, որ նետէ