Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/683

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրեն տրուած այդ կէսը ալ. ընդհակառակը, պէտք է պահէ այդ կէսն եւ աշխատի միլս կէսն ալ ստանալու»:

Յանծնաժողովին անդամներէն Տիար Արշակ Չօպանեան դաշնագրին թրքահայոց կողմէ ստորագրուելուն կարեւորութիւնը շեշտելով, հետեւեալ երկու առաջարկութիւնները ներկայացուց.

Ա.- Կառաջարկեմ Համագումարին կողմէ մանտա տալ Պատուիրակութեան՝ որպէսզի թրքահայոց կողմէ ստորագրէ դաշնագիրը:

Բ.- Կառաջարկեմ Տիար Ահարոնեանէն խնդրել, որ միջնորդէ Հանր. կառավարութեան մօտ, որպէսզի Փաշան ալ ստորագրէ դաշնագիրը, Հանր. կառավարութեան անունով, իբր թրքահայոց ներկայացուցիչ:

/սա./ Ա. Չօպանեան

Առաջին առաջարկութեան մասին Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ըսաւ, թէ օրինական ոեւէ հիմ չունի, ո՛չ ալ կրնայ դրական հետեւանք մը ունենալ, քանի որ դաշնագիրը ստորագրելու իրաւունքը տրուած է լոկ Հայկ. Հանրապետութեան լիազօրին:

Տիար Չօպանեանի առաջին առաջարկութիւնը քուէի դրուեցաւ 14 պատգամաւորներու ներկւպութեան եւ մերժուեցաւ միայն 2 քուէ ստանալով:

Երկրորդ առաջարկութեան քննութեան առթիւ Տիար Չօպանեան յայտարարեց, որ չի կրնար երեւակայել, թէ Հանրապետութեան կողմէ կրնայ մերժուիլ, քանի որ Հանրապետութեան պաշտօնական կառավարութիւնը տակաւին քիչ ժամանակ առաջ կ՚առաջարկէր, որ Փաշան ընդունի Միացեալ Պատուիրակութեան նախագահութիւնը:

Քուէարկութեան դրուեցաւ Տիար Չօպանեանի նաեւ երկրորդ առաջարկութիւնը, 14 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ մերժուեցաւ միայն 5 քուէ ստանալով:

Յետոյ քուէարկութեան դրուեցաւ Յանծնաժողովին առաջարկութիւնը, թէ տիրէքթիւներուն մէջ պէտք է յիշատակուի, որ Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ դաշնագիրը ստորագրելու խնդիրը Վսեմ. Պօղոս Փաշայի անձնական գործն է: Այս առաջարկութիւնն ալ, 14 պատգամաւորներու ներկայութեան մերժուեցաւ միայն 6 քուէ ստանալով:

Յանձնաժողովի անդամներէն Տիար Թէրզիպաշեան ալ պահանջեց, որ նոյնպէս քուէարկութեան դրուի իր առաջարկը, թէ տիրէքթիւներու մէջ պէտք չէ դաշնագրին ստորագրութեան հարց ըլլայ:

Տիար Պապաջանեան, որուն կարծիքը ուզուեցաւ, յայտնեց թէ սկիզբէն հետեւած չըլլալով խնդրին իրեն համար դժուար է կարծիք յայտնել: Ամեն պարագայի մէջ. աւելցուց, Համագումարը պէտք չէ իր ներկայացուցիչին ձեռքերը կապէ այդ մասին որոշում տալով, պէտք է թողու, որ Միացեալ Պատուիրակութիւնները, ինչպէս անցեալին մէջ ըրեր են, այդ խնդրին համար ալ ընեն ինչ որ յարմար կը դատեն:

Տիար Թէրզիպաշեանի առաջարկութիւնն ալ քուէի դրուեցաւ 14 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ մերժուեցաւ միայն 2 քուէ ստանալով: Եւ սակայն թէ՛ Յանծնաժողովին եւ թէ՛ պատգամաւորներուն կողմէ եղած ոեւէ առաջարկութիւն մեծամասնութիւն գտած չըլլալով, դաշնագրի ստորագրութեան այս հարցը դուրս մնաց տիրէքթիւներէն:

Կարդացուեցաւ Յանծնաժողովին բերած երկրորդ առաջարկութիւնը Դաշնագրին Քննութեան Յանծնաժողովին կողմէ պատրաստուած Յիշատակագրին նկատմամբ.

«Դաշնագիր. Դաշնագրին սրբագրութեան համար կազմուած Յանծնաժողովին կողմէ Համագումարին բերուած եւ անկէ վաւերացուած Յիշատակագրին տրամադրութիւնները պէտք է նկատուին դաշինքի մաս»:

Այս առաջարկութիւնը քուէի դրուելով, միածայնութեամբ ընդունուեցաւ ներկայ 12 պատգամաւորներուն կողմէ: