Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/684

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կարդացուեցաւ Յանձնաժողովին բերած չորրորդ առաջարկութիւնը.

«Կիլիկիա. Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ, օգտագործելով ամեն միջոց եւ ամեն նոր կարելիութիւն, ինքնավար ռեժիմ մը Կիլիկիոյ եւ Խարբերդի հայկական շրջաններուն համար»:

Տիար Տէրպէտէրեան առաջարկեց, որ «Խարբերդ» անունի տեղ աւելի ընդարձակ տարածութեան մը ակնարկուի, եւ Յանձնաժողովին առաջարկութիւնը բարեփոխուեցաւ հետեւեալ ձեւով.

«Կիլիկիա. Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ, օգտագործելով ամեն միջոց եւ ամեն նոր կարելիութիւն, ինքնավար ռեժիմ մը Կիլիկիոյ եւ այլ հայկական շրջաններու համար»:

Այս ձեւով 11 պատգամաւորներու ներկայութեան, ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Կարդացուեցաւ Յանձնաժողովին բերած 5-րդ առաջարկութիւնը.

«Վնասուց հատուցում. Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ ամեն միջոցով, մասնաւորապէս զօրաւոր բրոբականտ մղելով, վնասուց հատուցման գործը, հիմնուելով մեր բարոյական իրաւունքին վրայ հանդէպ Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Դաշնակիցներուն»:

Տիար Պապաջանեան յայտնեց, թէ «բարոյական իրաւունք» ասութիւնը, որ գործածուած է այս առաջարկութեան մէջ, անբաւական է. աւելցուց նաեւ, թէ Պ. Մւսնտէլշթամ ալ, որուն հետ տեսնուած է այս մասին եւ որուն համակարծիք է անձնապէս, հաստատելով հանդերձ, որ միջազգային իրաւունք չունինք հատուցման համար, կ՛ընդունի, թէ ունինք քաղաքացիական անվիճելի իրաւունք, որ կրնայ հիմ դառնալ մեր պւսհանջմանց: Տիար Պապաջանեանի այս դիտողութեան վրայ առաջարկութիւնը բարեփոխուեցաւ հետեւեալ ձեւով.

«Վնասուց հատուցում. Պատուիրակութիւնը պէտք է հետապնդէ ամեն միջոցով, մասնաւորապէս զօրաւոր բրոբականտ մղելով, վնասուց հատուցման գործը, հիմնուելով մեր իրաւունքին վրայ հանդէպ Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Դաշնակիցներուն»:

Այս ձեւով 11 պատգամաւորներու ներկայութեան, ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Կարդացուեցաւ Յանձնաժողովին բերած վեցերորդ առաջարկութիւնը.

«Մանտա. Պատուիրակութիւնը պէտք է շարունակէ «մանդաթէր» պետութիւն մը գտնելու իր ցարդ ըրած քաղաքականութիւնը, ջանալով, որ «մանտա»ն Հայաստանի անկախութիւնը վտանգելու խնդիր չունենայ»:

Այս առաջարկութիւնը քուէի դրուելով, 11 պատգամաւորներու ներկայութեան ընդունուեցաւ 7 քուէի մեծամասնութեւսմբ:

Նիստը փւսկուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 66, թթ. 22-37: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԳ

26 Յունիս 1920, Ժամը 2 ½ -ին,

նախագահութեւսմբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր

Ամեն. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Բարսեղեան,- Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան,