Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/685

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, ՏԷր-Ստեփանեան, Որբերեան, Մալքոլմ:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 24-ի նիստին ատենագրութիւնը:

2. Ներկայութիւն Հապէշիսթանի հայ գաղութին պատգամաւոր Տիար Ռուբէն Որբերեանի

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Եթովպիոյ հայ գաղութին պատգամաւոր Տիար Ռուբէն Որբերեան ներկայ է այսօրուան նիստին: Ն. Վսեմութիւնն այդ առթիւ յիշատակեց այն խանդավառ աջակցութիւնը, զոր Տիար Որբերեան հեոուէս՛ նոփերած է միշտ թէ՛ ազգ. դատին եւ թէ՛ Ազգ. Պատուիրակութեան:

3. Ներկայութիւն Տիար Ճ. Մալքոլմի

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ուրախութիւն յայտնեց նաեւ Տիար Ճ. Մալքոլմի ներկայութեան համար: Ն. Վսեմոլթիւնը յիշեցուց ժողովին, որ Տիար Մալքոլմ պաշտօնական գործերուն բերմունքով ստիպուած էր բացակայիլ, եւ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ նստաշրջանին վախճանը կը մասնակցի Համագումարին աշխատութեանց:

4. Նամակ Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի, իր հրաժարականի խնդրին նկատմամբ

Կարդացուեցաւ Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի կողմէ Համագումարի Վսեմ. Նախագահին ուղղուած եւ նիստին բացման պահուն Դիւանին յանձնուած հետեւեալ նամակը իր հրաժարականի խնդրին նկատմամբ.

Փարիզ, 24 Յունիս 1920.

Վսեմ. Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան,

Նախագահ Ազգ. Պատոփրակութեան.

Տիար Նախագահ,

Ստացայ այն նամակը, որով Ձեր Վսեմութիւնը կը յայտարարէ, թէ չի հաւանիր անդամակցիլ նոր Պատոփրակութեան, զոր Համագումարը պիտի ընտրէ նախորդ հրաժարեալ Պատոփրակութեան տեղ: Ձեր նամակը կարդացուած ըլլալով Համագումարին մէջ շնորհապարտ պիտի մնամ Ձեզի, եթէ նոյնպէս քարտուղարին միջոցով կարդալ տաք նաեւ այս պատասխանը:

Խոր զարմացմամբ մը կը տեսնեմ, որ Ձերդ Վսեմութիւնը անգիտանալ կը թոփ այն պատճառները, որոնք զիս հարկադրեցին քաշուելու: Նամակին մէջ ո՛չ իսկ ակնարկութիւն կայ այդ մասին: Եւ սակայն այն նամակով, զոր պատիւը ունեցայ Համագումարին անունով Ձեզի ղրկելու, որոշապէս յայտարարած եմ, թէ առողջական վիճակս ինծի անհնար կը դարձնէր գործուն դեր մը ունենալ, եւ ինծի կը պարտադրէր բացարձակ հանգիստ մը, աշխատութեան այն եօթ տարիներէն վերջ, որոնք այնքան ծանր փորձի մը ենթարկեցին իմ ոյժերս: Այս մասին Համագումարին եւ Ձեր Վսեմութեան մտքին մէջ ծագում առնելիք ամեն կասկած փարատելու համար, ինքզինքս քննել տոփ իմ բժիշկիս Տոքթ. Հխտէլոյին, որ բացարձակ կերպով հաստատեց եւ ինծի տուաւ յայտարարութիւն մը, զոր ներեցէ՛ք, որ Ձեզի ղրկեմ, Համագումարին հաղորդելոլ համար: Պիտի տեսնէք այնտեղ, թէ Տոքթորը ո՛չ միայն