Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/686

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երկարատեւ հանգիստ մը անհրաժեշտ կը նկատէ ինծի համար, այլ, նոյնիսկ,- եւ ինծի համար շատ տաժանելի է ատիկա հաստատելը, կը յայտարարէ, թէ լուրջ եւ թերեւս ծանր պատահականութեանց սպառնալիքին ենթակայ եմ:

Կը յուսամ, որ Տոքթ. Հիւտէլոյի քիչ մը բուռն անկեղծութիւնը պիտի համոզէ Ձերդ Վսեմութիւնը, որ, այդ պարագայում մէջ, նոյնիսկ հալածելով ինծի մնացած ոյժերուն համեմատական աշխատութիւն պահանջող չափով մը միայն նոր Պատուիրակութեան մասնակցիլ, բացարձակապէս նկատի չեմ առներ իմ անձիս օգուտը եւ ասիկա համատեղելու համար Համագումարին կողմէ յայտնուած այն կարծիքին, թէ իմ անունս անհրաժեշտ էր Պատուիրակութեան մէջ:

Կը մերժէք մտնել նոր Պատուիրակութեան մէջ, այն պատճառով ինչպէս կ՛ըսեք թէ Ձեր կէս պաշտօնական աջակցութիւնը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ: Այս մասին բնաւ համամիտ չեմ, մինչդեռ ո չ ոք պիտի կրնայ ժխտել այն պատճառները, զորս մէջ բերի, եւ կարծել թէ քաշուելով կ՛ուզեմ խուսավփլ պատասխանատուութիւններէ, զորս չվստահեցուց ստանձնել աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր:

Ձեր Վսեմութիւնը կը յայտարարէ, թէ առանց ինծի Պատուիրակութիւնը գոյութեան իրաւունք չունի: Այս դատաստանը, իմ կարծիքովս, անարդար է հանդէպ Համագումարի մեր պաշտօնակիցներուն եւ հանդէպ Ձեզի, եւ ես անոր մէջ ուրիշ բան չեմ տեսներ այլ միայն փաստ մը աւելի Ձեզ համոզելու համար, որ ընդունիք նոր Պատուիրակութեան նախագահութիւնը: Ձեր հաւաստումը, թէ առանց իմ գործուն նախագահութեանս Պատուիրակութիւն մը բացարձակապէս գոյութեան իրաւունք չպիտի ունենար՝ եւ չի կրնար մնալ, առ այժմ շատ արմատական չի թուիր ինծի, եւ չեմ գիտեր, թէ մեր հայրենակիցները ի՞նչ պիտի մտածեն այդ մասին: Ամեն պարագայի մէջ ո՛չ ոք պիտի կրնայ զիս պատասխանատու նկատել այն շփոթութեան մասին, որուն կենթւսրկէ մեզ Ձեր Վսեմութեան ընդդիմութիւնը իր պաշտօնական աջակցութիւնը ընծայելու մասին, եւ այս կերպով անհնար դարձնելով այն լուծումները, զորս, համաձայնութեան ոգոտվ մը, առաջարկած էի, Թուրքիոյ մեր հայրենակիցներու շահերում փրկութեան համար:

Գալով ինծի, չկրնալով անտարբեր մնալ մեր ազգային դատին նկատմամբ, որ իր ամէնէն վճռական պահը անցընելու վրայ է, եւ նկատի առնելով վստահութեան բանաձեւը, զոր Համագումարը բարեհաճած է ուղղել ինծի, ինչպէս նաեւ Պոլսէն ստացած հեռագիրներս, որոնց մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարքը Քաղաքական ու Խառն ժողովներուն հետ կոչում կ՛ընեն իմ զոհողութեան ոգիիս, ինծի ուրիշ բան չի մնար ընել, այլ միայն արձանագրել Ձեր մերժումը եւ Համագումարի իմ բարեկամներում հետ, փորձ մը ընել գտնելու կարգադրութիւն մը, որ ինծի թոյլատրէ, իմ միջոցներուս ներած չափով, աշխատակցիլ ապագայ Ազգ. Պատուիրակութեան:

Անգամ մըն ալ իմ ցաւս յայտնելով, կը խնդրեմ, որ ընդունիք, Տիար Նախագահ, իմ անձնուէր զգացումներուս նոր հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Հ. Գ - Հարակից պատճէնները Ամեն. Ս. Պատրիարքին, Խառն ու Քաղաքական ժողովներու հեռագիրներուն, ինչպէս նաեւ Տոքթ. Հիւտէլոյի վկայագիրը:

Պ.Ն.

Նամակ Վսեմ. Պօղոս Փաշային

Ն. Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար այս նամակին յարակից Դիւանին ղրկած էր նաեւ Փարիզի հիւանդանոցներու սպասարկութեան պետ Տոքթ. Հիւտէլոյի ստորագրութիւնը կրող բժշկական նկարագրի մը բնագիրը եւ Պոլսէն իր հասցէին ուղղուած երկու հեռադիրներ, որոնք նոյնպէս կարդացուեցան:

Ա. վկայագիր Տոքթ. Հիւտէլոյի