Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/687

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Paris, 24 Jule 1920. Je soussignd, mddecin chdf de service des Hopitaux de Paris; certifie que S. E. Nubar pr^sente un etat marqud d’hypertenion artdrielle qui necessite un rdpos physique et moral immddiat, et une cure prolongee hydro-minerale ձ Eviun; cet etat, resultat d’une pdriode prolongde de sormenage. met le malade en raison particulierement de son ige. dans I’imminence d’accidents cerdbraux gui pourraient dtre serieux, peut-dtre graves.

Hudelo.

Բ. Հեռագիր Ամեն. Զաւէն Պատրիարքի

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Փարիզ.

Կ. Պոլիս, 18 Յունիս (ստացուած 20 Յունիսին).- Քաղաքական ժողովը, բուռն կերպով տպաւորուած ձեր հրաժարած ըլլալու լուրէն, կը փութայ յանուն ազգին գերագոյն շահուն կոչում ընել Ձեր գոհողութեան ոգիին եւ թախանձագին կը խնդրէ, որ շարունակէք այնքան անձնուրութեամբ դէպի լալը տարուած Ձեր գործը:

Զաւէն Պատրիարք

Գ. Հեռագիր Պոլսոյ Համազգային ժողովին.

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Փարիզ.

Կ. Պոլիս, 19 Յունիս (ստացուաձ 21 Յունիսին).- Երեք հայ յարանուանութեանց Համազգային Խորհուրդն սրտաբեկ ձեր հրաժարականին եւ մեծապէս գնահատելով այն հայրենասիրական անձնուիրութիւնը, որով եօթ տարիէ ի վեր հազուագիւտ արժանաւորութեամբ եւ անխոնջ կերպով կը հետապնդէիք ազգային դատը, կոչում կ՚ընէ ձեր ագնիւ գգացումներուն, որպէսզի ներկայ վճռական վայրկեաններուն միշտ նոյն կամքով շարունակէք ազգին գերագոյն շահերուն պաշտպանութիւնը՝ ապահով ըլլալով ազգին միահամուռ երախտագիտութեան մասին:

Զաւէն (Պատրիարք Հայոց)
Սայիլեան (Պատր. Կաթողիկէ Հայոց)
Պէզճեան (Ազգապետ Բողոքականաց)

Նախ. Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ն. Վսեմութիւն Փաշային այս նամակով վերջ կը գտնէ հրաժարականի խնդիրը, որ այնքան ծանր մտահոգութեան մը մատնած էր Համագումարը:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Կառաջարկեմ, որ Համագումարը պատուիրակութիւն մը կազմելով ղրկէ Փաշային մօտ, թէ' ժողովին ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու եւ թէ' Պատուիրակութեան վերակազմութեան մասին Ն. Վսեմութեան հետ խորհրդակցելու համար, ըստ իր նամակին:

Տիար Թումայեան. Արդեօք կարելի չէ միջոց մը գտնել, որպէսզի Վսեմ. Փաշան ալ ստորագրէ դաշնագիրը, ինչ որ քաջալերութիւն մը պիտի ըլլայ իրեն եւ նոյն ատեն պսակումը այն անձնուէր աշխատութեան, զոր կը կատարէ այսքան տարիէ ի վեր:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այդ մասին վերստին կը խօսինք Տիար Ահարոնեանի: Գալով Վսեմ. Փաշային մօտ մասնաւոր պատգամաւորութխն մը ղրկելու խնդրին, թէեւ Ն. Վսեմութեան նամակը ատոր հարկ չի թողուր, բայց եթէ Համագումարը փափաքի՝ կրնանք ղրկել:

Տիար Վ. Թէքէեան. Համագումարի անդամներուն ուշադրութեան կը ներկայացնեմ սա պարագան, թէ երբ այսքան կարեւոր խնդրի մը մէջ, գլուխնիս այնքան քարերու գարնելէ ետք վերջապէս լուծման ճամբայ մը գտանք, երբ Փաշան հակառակ այն բժշկական վկայագրին, որ կարդացուեցաւ, կըսէ, թէ պատրաստ է նոր զոհողութիւն մըն ալ ընելու, չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ սպասել, որ ինք միայնակ