Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/688

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարգադրութիւն մը ընէ, անտարբեր մնալով ո՛չ յարգանքի զգացում մը յայտնած, ո՛չ ալ մեր պաշտօնին գիտակցութեան ապացոյց մը տուած կ՛ըլլանք: Պէտք է որ կա՞մ ինչպէս առաջարկուեցաւ, պատգամաւորութիւն մը կազմելով եւ կա՞մ նամակով Համագումարը յայտնէ իր խնդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը Պատոփրակութեան վերակազմութեան համար իրեն հետ խորհրդակցելու եւ պէտք եղած լուծումը ձեռք բերելու մտքով:

Տիար Բարսեղեան. Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Փաշան չուզէր ժողովին մէջ պաշտօնապէս զբաղիլ այս խնդրով, այլ՛ ժողովէն դուրս, մասնաւոր բանակցութեամբ: Այս պատճառաւ, կը կարծեմ, որ աւելորդ է մասնաւոր պատգամաւորութիւն մը ղրկել: Կրնանք մասնաւոր նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնել Փաշային, եւ այդ ալ Դիւանը կրնայ ընել Համագումարին անունով:

Տիար Չօպանեան. Կը կրկնեմ իմ առաջարկը, թէ պէտք է մասնաւոր պատգամաւորութիւն մը ղրկել Վսեմ. Փաշային մօտ: Ասիկա ո՛չ միայն յարգանքի նշան մը պիտի ըլլայ ժողովին կողմէ, այլ նաեւ շատ կանոնաւոր եւ շատ սահմանադրական ընթացք մը: Փաշային ցոյց տուած անձնոփրութիւնը պէտք է ըմբռնենք ու գնահատենք, եւ այս գնահատութիւնը տարբեր կերպով մը չենք կրնար արտայայտել: Եթէ Փաշան պէտք տեսնէ, ուրիշ անձեր ալ կ՚երթան Պատոփրակութեան խնդրին նկատմամբ խորհրդակցելու:

Ի վերջոյ, Համագումարը որոշեց մասնաւոր պատգամաւորութիւն մը ղրկել, եւ յանձնարարեց Դիւանին, որ նամակով մը Պատուիրակութեան Նախագահին յայտնէ ժողովին ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը Ն. Վսեմութեան ցոյց տուած զոհողութեան եւ հայրենասիրութեան այս նոր ապացոյցին համար:


Օրակարգ

Վերակազմութիւն Ազգ. Պատոփրակութեան

Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին առաջարկութեանց քննութեան անցնելէ առաջ, Դիւանին յանձնուեցաւ հետեւեալ առաջարկութիւնը, զոր ստորագրած էին եօթ պատգամաւորներ.

Ստորագրեալներս, իբր տիրէքթիւ կ՚ընդունինք Թուրքիոյ տրուած դաշնագրին առթիւ պատրաստուած նոր Յիշատակագրին մէջ նկատի առնուած կէտերը միայն, քանի որ Ազգ. Պատուիրակութեան պաշտօնավարութեան շրջանը կաւարտուի Դաշնագրին ստորագրութեամբ:

Համագումարը իւր երկրորդ նստաշրջանի մասին ընդհանուր տեղեկատուութիւն մը կը պատրաստէ եւ անմիջապէս կը ղրկէ պատգամաւոր ունեցող կեդրոններուն, որմէ ետքը վերջիններուն կ՚իյնայ որոշել իրենց ընելիքը:

26 Յունիս 1920.

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան
Մ. Ս. Դաւիթ-Բէկ
Ա. Հանըմեան
Գ. Սինապեան
Մ. Տէրպէտէրեան
Զ. Պզտիկեան
Տոքթ. Բարսեղեան

Տիար Ճ. Մալքոլմ. Հայաստան այս տեսակ բաներով չի ւիրկուիր: Ինչո՜ւ կը զբաղիք այս բաներով, ի՞նչ է ասոնց օգուտը: