Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/689

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կարծեմ բացատրութեան կարօտ է այս առաջարկութիւնը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Արդէն կը հակասէ նախորդ նիստին մէջ տրուած որոշման:

Ամեն Դուրեան Արքեպիսկ. Մեր առաջարկը չի հակասեր նախորդ նիստին մէջ տրուած որոշման: Նախ՝ անոր առաջին մասք արդէն իսկ քուէարկուած է Համագումարին. այսինքն թէ Պատուիրակութիւնը մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը իր գործը կաւարտէ: Եւ որովհետեւ նախատեսաած կէտեր կային, որոնց հսւմեմատ Պատուիրակութիւնը պիտի կրնար սոսկալին ժամանակ մը եւս մնալ, այդ կէտը անհրաժեշտ չնկատեցինք շօշափել, վերջնականապէս որոշուած համարելով: Գալով երկրորդ մասին, մենք այս շրջանին եկանք իբր համարառու մարմին, աղէկ կամ գէշ արդիւնք մը տեսանք: Մեզի կը մնայ դառնալ մեր ընտրողներուն ըսել, թէ մեր գործը աւարտած է եւ թէ Պւստուիրակութիւնը կը մնայ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Եթէ անոնք ուզեն ներքին յարաբերութիւն մը պահել Պատուիրակութեան հետ, թող ուղղակի բանակցին անոր հետ:

Տիար Ճ. Մալքոլմ. Շատ սխալ, շա տ սխալ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Այս առաջարկութեամբ՝ Պատուիրակութեան գործունէութիւնը սահմանափակ կրնայ ըլլալ: Պատուիրակութիւնը եթէ պիտի մնայ, պէտք է, որ անիկա ընէ ամեն ինչ որ անհրաժեշտ է եւ կամ պէտք է բնաւ գոյութիւն չունենայ: Օրինակի համար՝ դաշնագրին առթիւ տրուած Յիշատակագրին մէջ մանտայի խնդիրը չէ յիշուած, մինչդեռ Ազգ. Պատուիրակութեան համար անհրաժեշտ պարտք կայ, բնականաբար՝ Հանր. Պատուիրակութեան հետ հւսմախոհաբար, ինչպէս ամեն բանի մէջ, այդ էական խնդրով զբաղիլ: Պատուիրակութիւնը պէտք է այսպէս լայն Ել լիակատար գործունէութիւն ունենայ, մինչեւ այն ժամանակը, որ որոշուած է: Անկից յետոյ, Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Համազգային ժողովին, ինչպէս եւ ուրիշ պաշտօնական մարմիններու հետ խորհրդակցելէ ետքն է որ կ՚որոշուի, թէ պէ՞տք է մնայ Պատուիրակութիւնը, կամ պէ՞տք է հրաւիրուի երկրորդ համագումար մը, թէ՞ ոչ, փրկուող հայոց գործերը վարելու համար նո՞ր Պատուիրակութիւն մը պէտք է ընտրել կամ այդ գործը պէտք է թողուլ ուղղակի Պատրիարքարանին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Մեր բերած առաջարկութեամբ՝ Պատուիրակութեան գործունէութիւնը ո՛չ կը խափանոլի, ո՛չ ալ կը սահմանափակուի: Մենք մեզ ընտրողներուն պիտի ըսենք. Պատուիրակութիւնը գործի վրւսյ է, խորհեցէ՛ք լաւ մը, թէ ի՞նչ կապեր կ՚ուզէք պահել անոր հետ, եւ ըստ այնմ ըրէք պէտք եղածը: Այս իմաստով տեղեկագիր մը պիտի արուի բոլոր պատգամաւոր ունեցող կեդրոններուն կամ գաղութներուն, իրենց պատգամաւորները ներկայ եղած ըլլան կամ ոչ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Համագումարը այդպիսով ինք իր հեղինակութիւնը կը ջնջէ, որովհետեւ ի՞նչ կը մնայ իր արժէքէն, երբ իր գործը չլիացուցած՛ իր ընտրողներուն կարծիքը հարցնէ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Բայց Համագումարին անդամները չեն գիտեր, թէ իրենց ընտրողները ի՞նչ կը խորհին այսօր:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Եթէ կուզէիք ատիկա գիտնալ, թող մանտա ընէիք միասին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Մանտա ուզեցինք, բայց կարեւորութիւն չտուիք: Ինչ որ Տիար Բարսեղեան կարդաց անցեալ նիստի մը մէջ իբր Պոլսոյ պաշտօնական մարմիններուն կողմէ եղած արտայայտութիւն, մանտա մըն էր:

Տիար Գ. Սինապեան. ժողովին ուշադրոլթիւնը կ՛ուզեմ հրւսւիրել մեր բերած առաջարկին երկրորդ մասին վրայ: Անոր մէջ ցոյց տրուած է տեղեկագիր մը ղրկել ընտրողներուն: Տեղեկագրին ձեւը Համագումարին կսւմքէն կւսխուած է. կա՛մ ամբողջ ատենագրութեանց մէկ օրինակը կը ղրկուի, եւ կա՛մ ամփոփում մը, որուն մէջ պէտք է ըսել, թէ մեր որոշմամբ, Պատուիրակութիւնը կը ղադրի դաշնագրին ստորագրութենէն