Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/690

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վերջ եւ իրենց կը մնայ մինչեւ այն ատեն որոշիլ, թէ ի՞նչ դիրք պիտի բռնեն անոր հանդէպ, կամ ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւններ պիտի հաստատեն անոր հետ:

Ձայներ. Նախորդ նիստին որոշեցինք, որ Պատուիրակութիւնը դաշնագրին ստորագրութենէն ետք տակաւին ատին մը պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը:

Տիար Գ. Սինապեան. Այդ կէտը խնդրի առարկայ չէ: Կը կարծեմ, որ դաշնագրին ստորագրութեան համար առնուազն երկու ամիս պէտք պիտի ըլլայ, մինչդեռ մէկ ամիսը կը բաւէ որպէսզի ամեն ընտրող ստանայ մեր տալիք տեղեկութիւնը եւ իր ընելիքը որոշէ: Ընտրողները թերեւս կը պահեն Պատուիրակութիւնը, թերեւս նոր մը ընտրելու պէտք կը տեսնեն, կամ նոյնիսկ ուղղակի տիրէքթիւներ կու տան, որոնք անշուշտ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլան, քան այստեղ 6-7 քուէով սահմանուած տիրէքթիւները: Իմ կարծիքովս նոր տիրէքթիւ կազմելու կամ նոր Համագումարի հրաւիրման որոշում տալու իրաւունք չունինք մեր այսօրուան թուով: Լաւագոյն է, որ այս խնդիրներում մասին խօսքը թողունք ընտրողներուն, համառօտ տեղեկագրով մը անմիջապէս անոնց ծանուցանելով կացութիւնը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես, ընդհակառակը, ատոր մէջ որոշ ջանք մը կը տեսնեմ ամեն բան կազմալուծելու: Որովհետեւ եթէ ընդունինք այդ առաջարկութիւնը, պարզապէս հիմակուընէ խաղալիք դարձուցած պիտի ըլլանք Պատուիրակութիւնը: Կը զարմանամ, որ Տիար Սինապեանի պէս անձ մը, որ հմուտ է խորհրդարանական կանոններու, ստորագրեր է այդ առաջարկութիւնը: Խորհրդարան մը գործադիր իշխանութեան մը գործունէութիւնը կը սահմանաւորէ կա՜մ իր, կա՜մ նոր ընտրուելիք խորհրդարանի մը միջոցաւ: Լսուած բան չէ, որ խորհրդարան մը լուծուելէ վերջ նոր օրինատէր իշխանութիւնը թողու զանազան շրջաններու կամայականութեան: Ասիկա իշխանութեան կազմալուծում մը կը նշանակէ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Մենք այդպէս չմտածեցինք, երբ դուք խօսեցաք Պատուիրակութեան մասին:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես պարզապէս կատարեցի քննադատութեան իմ պարտականութիւնս, եւ պատրաստ եմ կրկնելու ինչ որ ըսի: Ինչո՞ւ, ուրեմն, եկած պիտի ըլլայի եթէ այդ քննադատութեան պարտականութիւնը պիտի անտեսուի:

Տիար Սինապեան. Բայց սխալ է ինչ որ կենթադրէք մեր առաջարկութեան մասին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այս առաջարկն անընդունելի է շատ մը տեսակէտներով: Իր իմաստը, ինչպէս իր ձեւը, որոշ ձգտում մը ուսին, եւ պէտք չկայ յայտնելու, թէ ի՜նչ է այդ ձգտումը: Համագումարը որոշեց նախապէս, որ Պատուիրակութիւնը մնայ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը եթէ դաշնագրով գոհացուցիչ արդիւնք մը ձեռք բերուի: Հակառակ պարագային համար ալ Համագումարը որոշեց, որ Պատուիրակութիւնը մնայ տակաւին ժամանակ մըն ալ, թրքահայութեան ճակատագրին նկատմամբ անհրաժեշտ եղող ձեռնարկներուն կատարման համար: Տիրէքթիւները, որոնք պիտի արուին այդ նպատակին կը ձգտին: Հիմա այս առաջարկը ընողները, հակառակ տրուած որոշման, Պատուիրակութեան գոյութեան անպատճառ վերջ տալ կ՛ուզեն, առանց իսկ սպասելու դաշնագրին արդիւնքին: Տետոյ, անհասկնալի է իբր տիրէքթիւ նկատել միայն դաշնագրին սրբագրութեան համար պատրաստուած Յիշատակագրին տրամադրութիւնները: Այս ալ անշուշտ նոյն որոշ ձգտումին մէկ արտայայտութիւնն է:

Երկրորդ հարց մը: Այս առաջարկը ստորագրողները ապացոյց կու տան, որ եկած են առանց մանտայի, եւ այդ իսկ պատճառով, չուզելով ոեւէ պատասխանատուութիւն առնել ապագային մասին, կ՛ուզեն զիրենք ընտրողներուն ձգել ոեւէ որոշում ապագայի նկատմամբ: Անոնք չեն զգար, թէ այդպէսոկ անիշխանութիւն առաջ կու գայ, տաճկահայ դատը կրնայ մնալ առանց պաշտպանի, որով կանխաւ արհամարհուած կ՛ըլլան այն բազմաթիւ նպաստաւոր