Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/691

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարելիութիւնները, որոնք կրնան ծնունդ առնել քաղաքական դրութեան փոփոխմամբ, փոփոխում, որ հաւանական ալ է, տրուած ըլլալով, թէ տաճկական այս դաշնագիրը, որան սրբագրութեան կ՚ուզուի կապել Պատուիրակութեան ամբողջ գործը, կրնայ չեղեալ նկատուիլ՝ թուրքերու ընդդիմութեան եւ մէջ առնուած որոշումներուն հետեւանքով:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Կը կրկնեմ, որ մանտա ունինք:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ուրեմն, այդ մանտան ձեզի իրաւունք կու տայ, որ Պատուիրակութեան ել Համագումարին վե՜րջ տանք նոյնիսկ եթէ ոչ մէկ գոհացում գտած ըլլան թրքահայերը:

Տիար Ճ. Սալքոլմ. Ես այն գիտեմ, որ մեր անգլիացի բարեկամները պիտի հակառակին այս տեսակ բանի մը: Անոնք կը փափաքին, որ այս Պատուիրակութիւնը մնայ մէկ-երկու տարի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Բերուած առաջարկին անկեղծ չըլլալուն ամէնէն մեծ ապացոյցը սա է, որ անոր մէջ տիրէքթիւի համարժէք կը նկատուին այն կէտերը միայն, որոնք դաշնագրին սրբագրութեան կը վերաբերին եւ որոնք կը գտնուին Յիշատակագրին մէջ: Բայց ո՞վ որոշեց այդ կէտերը: Չէ՞ որ անոնք ալ այս Համագումարին կողմէ սահՕանուեցան: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ Համագումարին որոշումներէն մաս մը արժէք կունենայ եւ ուրիշ մաս մը՝ ոչ: Եթէ իր տուած տիրէքթիւները արժէք չունին, ուրեմն արժէք չունի նաեւ Յիշատակագիրը: Ո՛չ մէկ ներկայացուցչական մարմին կրնայ ըսել, որ ինք գոյութիւն չունի այլեւս, առանց ապագային մասին ոեւէ տնօրինութիւն ընելու: Ընտրողներուն ձգող ապագան անիշխանութիւն ստեղծելն է, քանի որ ընտրողը իւր կամքը արտայայտելու ո՛չ մէկ օրինաւոր միջոց ունի, բացի նոր ներկայացուցչութիւն մը ընտրելէ: Ել մենք ալ տարբեր բան չենք պահանջեր, նկատի առնելով նոր Համագումարի մը կարելիութիւնը: Եւ յետոյ, գաղութներու կամ կեդրոններու առաջարկներն ո՞վ պիտի կեդրոնացնէ եւ զանոնք գնահատելով որոշում մը պիտի առնէ եթէ Պատուիրակութիւնը գոյութիւն չունենայ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Գործադիր մարմինն իր ոյժը կը ստանայ այն օրէնսդիր մարմնէն, որմէ բղխած է: Արդ, Համագումարը, գործունէութեան որոշ իրաւասութիւն տալով Պատուիրակութեան՝ մինչեւ նոր Համագումարի հրաւիրումը, Պատուիրակութիւնը գիտէ թէ ի՞նչ է իր գործունէութեան շրջանը եւ նպատակը: Իսկ այսօր, եթէ գաղութներուն գրենք եւ անոնց կարծիքին ենթարկենք Պատուիրակութեան ոյժը, ես չեմ գիտեր, թէ Պատուիրակութիւնը ի՞նչ հեղինակութիւն պիտի կրնայ պահել: Ենթադրենք, թէ գաղութներէն մաս մը թեր եւ ուրիշ մաս մը դէմ կարծիք յայտնէ: Պատուիրակութիւնը որո՞ւն հպատակելու պարտաւոր պիտի զգայ ինքզինքը: Արդիւնքը ուրիշ բան չպիտի ըլլայ եթէ ոչ անիշխանութիւն:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Մեր առաջարկութիւնը բնաւ հակառակ չէ անցեալ նիստին մէջ քուէարկուած որոշումներուն: Համագումարը յանձնաժողով մը ընտրեց, որպէսզի համաձայնութիլն գոյանայ տիրէքթիւներոլ մասին: Այդ համածայնութիւնը չգոյացաւ: Յանձնաժողովին անդամները համակարծիք գտնուեցան միայն այն կէտերու մասին, որոնք կը գտնուին Յիշատակագրին մէջ: Եւ արդէն Յանձնաժողովը կազմուեցաւ Յիշատակագրին կարդացուելէն առաջ, եւ տիրէքթիւներու համար նկատառուած խորհրդակցութիւններն ալ ատկէ առաջ տեղի ունեցած են: Այն խնդիրները, որոնք տիրէքթիւներուն մէջ միաձայնութեամբ անցած են' կան արդէն Յիշատակագրին մէջ: Հետեւաբար, աւելորդ է գանոնք նորէն, իբր առանձին տիրէքթիւ, Պատուիրակութեան պարտագրել: Միւս կողմէ' փորձ մը կայ այստեղ անհամաձայնութեան առարկայ դարձած կէտերը անցընելու անպատճառ յարաբերական մեծամասնությամբ մը, մինչդեռ անցեալ տարի տիրէքթիւներու պատկանող ամեն հարցի համար փնտռուեցաւ բացարձակ մեծամասնութիւնը: Արդեօ ք այս Համագումարը կրնայ աւելի յաւակնութիւններ ունենալ քան նախորդը,