Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/692

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որ նոյնիսկ կարեւոր հարցերու մէջ այսպէս 6-7 քուէն բաւական կը նկատէ որոշում տալու համար: Մեր ուզածն է այս տեսակ մը ապօրինութեան վերջ տալ:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաւ, որ ժողովն արդէն անգամ մը սկսած էր Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին բերած առաջարկութիւններով զբաղիլ, եւ պատրաստ էր լրացնել անոնց քննութիւնը:

Միւս կողմէ, Ն. Վսեմութիւնը խոստացաւ, որ անմիջապէս երբ այդ քննութխնը աւարտի, Դիւանը ժողովին պիտի բերէ Համագումարի այս Բ. նստաշրջանին գործունէութիւնը պատկերացնող համառօտ տեղեկագիր մը, որպէսզի վաւերացուելով տպուի եւ, ինչպէս անցեալ տարի եղաւ, ղրկուի բոլոր պատգամաւոր ունեցող կեղրոններու կամ գաղութներու:

Դիւանին առաջարկութեան վրայ, Համագումարը որոշեց նախապէս շարունակել Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին տեղեկագրին քննութխնը եւ յետոյ նկատի առնել ներկայացուած առաջարկը:

Կարղացուեցաւ Յանձնաժողովին բերած եօթներորդ առաջարկութիւնը.

«7. Թուրքերու հետ համաձայնութեան հարց. Պատուիրակութիւնն իրաւասութիւն ունի ի հարկին, եւ եթէ կարելի ըլլայ, թուրքերու հետ համաձայնութեամբ, ապահովել Տաճկահայաստանի գէթ մէկ մասին ազատագրումը»:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. ժողովն անշուշտ ազատ է ընդունելու կամ մերժելու այս առաջարկութիւնը: Բայց եթէ պիտի ընդունի, պէտք է ըսել անոր մէջ, որ թուրքերու հետ բանակցութիւնները պիտի կատարուին Դաշնակից պետութեանց հետ համաձայնութեամբ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Կը կարծեմ, թէ շատ Փափուկ հարց մըն է ասիկա, եւ անոր մասին գրաւոր տիրէքթիւ տալը խոհեմութիւն չէ: Պատուիրակութիւնը կա՛մ պէտք չէ գոյութիւն ունենայ եւ կա՛մ եթէ գոյութիւն պիտի ունենայ, պէտք է որ լայն իրաւասութիւն տրուի իրեն: Որովհետեւ ո՛չ մէկ կառավարութիւն չի կրնար գործի գլուխ անցնիլ, եթէ առաջուց բացարձակապէս կաշկանդեն իւր ձեռքերը: Կարծեմ, թէ պէտք է բաւականանանք ատենագրութեանց մէջ ատենագրելով այղ բաղձանքը, թէեւ ես իմ մասիս մեծ յոյս մը չունիմ, որ թուրքերու հետ համաձայնութեամբ կարելի է ոեւէ արղիւնք ձեռք բերել, եթէ Դաշնակիցներու կողմէ ճնշում մը չըլլայ:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Ես եա այս կէտին ալ համամիտ գտնուած էի Յանձնաժողովին մէջ, բայց, ինչպէս ըսի արղէն, այդ միջոցին տակաւին ծանօթացած չէինք Յիշատակագրին, որուն տեղեկանալէ վերջ այլեւս աւելորդ կը նկատեմ այս առաջարկութիւնը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Օրինակ մը տամ այս մասին: Անցեալ տարի տիրէքթիւներուն մէջ տրուած չէր հայ-քրտական համաձայնութեան մասին ոեւէ յանձնարարութիւն, եւ ժողովին մէջ ալ կարծիք յայտնուած էր, որ պէտք չէ քաջալերել անկախ Քիւրտիստանի մը կազմութխնը: Բայց Պատուիրակութիւնը արտաքոյ կարգի պարագաներու առջեւ գտնուեցաւ եւ անհրաժեշտ նկատեց այդպիսի կարգադրութիւն մը ընել ո՛չ միայն Դաշնակից պետութեանց, այլ նաեւ շատ մը հայ կարեւոր անձնաւորութեանց խորհուրղով: Այս տարի ալ կրնան պատահիլ արտասովոր պարագաներ եւ Պատուիրակութիւնը ստիպուի որոշ չափով անդին անցնիլ իրեն տրուած տիրէքթիւներէն: Էականը սա է, որ Պատոփրակութեան վրայ վստահութիւն ըլլայ:

Քուէարկութիւն կատարուելով, 14 պատգամատրներու ներկայութեան 2-ի ղէմ 12 քուէով որոշուեցաւ տիրէքթիւներուն մէջ չդնել այղ կէտը, այլ միայն, Տիար Չօպանեանի առաջարկին համաձայն, ատենագրութեանց մէջ ատենագրել, թէ Պատուիրակութիւնը իրաւասութիւն ունի այդ մասին յարմար դատածը ընելու, Դաշնակից պետութեանց հետ համաձայնութեամբ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Կը զարմանամ, թէ անոնք իսկ, որոնք ստորագրած էին պահ մը առաջ կարղացուած այն բանաձեւը, որով չէին ուզեր ոեւէ իրաւասութիւն տալ